Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տեսակէտ. Գ. Յաղագս Ցուցք Իմանալի*

December 4, 2014
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՐԱՉ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ

Ամփոփում.- Այս յօդուածը երրորդն է այն շարքին, որ կը փորձէ արժեւորել  «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբի մայիս 23-ին ներկայացուցած «Աստուածային կատակերգութիւն»-ը: Առաջին մասին նիւթն էր լեզուն, երկրորդ մասը ձեռք առած էր թատրերգութեան «ներշնչման» աղբիւրները: Այս յօդուածը կը վերաբերի բեմադրիչի առաջադրանքին, իսկ չորրորդ մասը` անոր գործադրութեան: Ելոյթին տեսահոլովակը միայն այժմ մատչելի դարձաւ: Բնագիրը կը մնայ անհասանելի:

Բեմադրիչին Առաջադրանքը.-  Ելոյթներէն ետք (1) բեմադրիչը հանգամանօրէն ներկայացուցած է իր թեզը: Պիտի ամփոփեմ` փորձելով պահել արտայայտութիւնները:

1.- Աստուած մարդը շինեց ընտրութիւններ կատարելու ատակ: 2.- Խումբ մը մաֆիոզներ կը սկսին ձանձրանալ եւ կ՛որոշեն ստեղծել աշխարհ մը: 3.- Արական սեռը աւելի տկար է, քան իգականը: Եւան ենթարկուիլ կը ձեւանայ, բայց ինք ուղղութիւն կու տայ դէպքերուն: 4.- Սատանան նոյնինքն հրեշտակին ձանձրոյթը ու ընդվզումները կը մարմնաւորէ: 5.- Արարիչը տեսնելով սատանային չար ուժը` կ՛որոշէ բարին ըլլալ, որպէսզի կարենայ հակակշռել գոյութիւն ունեցող չարը: Աւարտական ճառի բարոյականն է` պէտք է բարին ընտրել:

Բարի: Բեմադրիչը ազատ է իր ընտրութիւնները կատարելու մէջ: Բայց Բ. մասին մէջ տեսանք, որ այս թեզը ոչ մէկ առնչութիւն ունի Տանթէի եւ Շթոքի համանուն գործերուն հետ: Առաջադրանքը աւելի մօտ է ուշ միջնադարեան բարոյախօսական ցուցքի (morality play): Այդ մասին` այլ առիթով:

Տեսարան առաջին.-  Բացման տեսարանները բացառիկ կարեւորութիւն ունին, որովհետեւ կու տան տուեալ գործը հասկնալու համար անհրաժեշտ «բանալիները»:  «Տէր Մելքոնեան»-ի բացման տեսարանին մէջ տեսանք բեմադրիչը, որ իր առօրեայ ճինզով «Այնպէս անփո՜յթ, այնպէս հա՜նգիստ» անցաւ իր մութ սեւ բեմով (2), եւ հայելապատ պահարանէն շատ սովորական շարժումներով դուրս բերաւ ոչ նուազ քան … տիեզերքի Արարիչը: Ես տեսած եմ մարդիկ, որոնք աւելի հանգամանօրէն պահարանէն դուրս կը բերեն …  իրենց  կօշիկները:

1204_HB1Այսուհանդերձ, պատկերը դիպուկ է որպէս բեմական «գիւտ»: Պահարանէն դուրս բերուածը անշուշտ ոչ թէ Ս. Գրային Արարիչն էր, այլ` այն կերպարը, զոր բեմադրիչը ի՛նք ստեղծած է: Այսինքն թատրերգութեան Արարիչը ինքնին «արարուած» է բեմադրիչի երեւակայութեան կողմէ: Բարի՛:

Նոյն հայելապատ պահարանէն դուրս եկաւ նաեւ Սատանան: Հետեւելով առաջադրանքի 4-րդ կէտին` Սատանան հրեշտակ Դ.-ի  «ձանձրոյթը ու ընդվզումները կը մարմնաւորէ», ինչպէս «Արարիչը» կը մարմնաւորէ բեմադրիչի մօտեցումը «արարչագործութեան»: Բարի՛: Դարաւոր սնոտիապաշտութեան եւ հեքիաթներու մէջ հայելիին վերագրուած են գերբնական յատկութիւններ: Այսինքն պատկերը կախարդանքով բեռնաւորուած է: Կրկնութեան գնով կը շեշտեմ, որ ես կ՛արժեւորեմ հայելապատ տուփի պատկերը, թէեւ ոչ մէկ ձեւով կը բաժնեմ բեմադրիչին մօտեցումը արարչագործութեան: Կը յուսամ, որ բեմադրիչը այդ համարէ «շինիչ» կեցուածք: (1) Թէեւ յստակ չէ, թէ ճիշդ ի՛նչ էր այդտեղ «շինուած»-ը:

Հայելին ծառայեց նաեւ իբրեւ … հայելի, որուն առջեւ նորածին Լիլիթ եւ Եւա երկար կանգնեցան: Այդ պէտք է հասկնալ որպէս կնոջական մարմնի ինքնաճանաչում: Բարի՛: Բեմադրիչը մոռցած էր, սակայն, հայելիին պատուիրել, որ դադարեցնէ ցոլացումը, երբ դեր չունի: Այդ ցոլացումները պատճառ կը դառնային, որ որոշ կերպար մը երեւի կրկնակի եւ երկկողմանի: Յստակ չէ, թէ ի՛նչ էր այդ ցոլացումներու միջոցաչափային (proxmetric) եւ այլաբանական մեկնաբանութիւնը: Պարզ է, որ սրահի տարբեր կողմերուն կը հասնին տարբեր ցոլացումներ: Մինը, օրինակ,  Ադամը կը տեսնէ կրկնակի, իսկ միւսը` Եւան: Կ՛ենթադրեմ, որ այս կէտը նկատի չէր առնուած:

«Անհո՜գ, անփո՜յթ» մօտեցումը, ինչպէս նաեւ` կիսամութը, իմա՛ գաղափարական աղջամուղջր, առկայ էին թատրերգութեան ամբողջ տարածքին վրայ:

1204_HB2Վերադառնամ բացման տեսարանին: Արարիչը, որ դատապարտուած է անկելաւորի աթոռին, այստեղ կանգնած էր ոտքերուն վրայ: Այսինքն տակաւին չէր ստանձնած իր դերը: Իր սպիտակ պատմուճանով եւ վհատ տեսքով աւելի նման էր անոր, որ կը պատրաստուի մտնել վիրահատութեան սրահ, քան` գերբնական ուժի մը, որ պիտի ստեղծէ նորափթիթ կեանք եւ «արեգակներ պիտ՛ շպրտէ դէպի երկինք»:

Ի դէպ, բեմադրիչը երբեք թող չտուաւ արարիչին օձիկը: Իր քրմանման սքեմով կանգնած էր անոր ետին ամբողջ թատրերգութեան ընթացքին: Հակառակ սքեմի մութ գոյնին իր լայնանիստ ծաւալը կ՛իշխէր արարչի վտիտ մարմնին: Աւելի՛ն. նոյն այդ «մութ ուժ»-ն էր, որ կը շարժէր այլապէս կիսաանդամալոյծ, ինչպէս նաեւ կիսահամր Արարիչը: Կապոյտ լոյս մը, որ հաւանաբար կը խորհրդանշէր նոր կեանք, ինկած էր ոչ թէ Արարիչին այլ սքեմաւոր բեմադրիչին վրայ: Խորհրդանշական լոյսի «նշանառութիւնը» պատահականութեան արդիւնք չէր կրնար ըլլալ, որովհետեւ բեմադրիչը լուսաւորման մասնագէտ է:

1204_HB3Արարիչին կիսահամրութիւնը կը հակադրուի Աստուածաշունչի առաջին տողերուն հետ: «Ի սկզբանէ էր Բանն եւ Բանն էր Աստուած»: Ապա` «Եւ ասաց Աստուած, եղիցի լոյս եւ եղեւ լոյս: Եւ ասաց Աստուած եղիցի հաստատութիւն ի մէջ ջրոցդ» … եւ այլն: Այսինքն արարչութիւնը ծնած է Աստծոյ խօսքէն: (5) «Հիմնապաշտներ» (fundamentalist) Արարիչին բանազրկումը բուռն կերպով պիտի բանադրեն:

Զաւէն Պաաքլինի, որ բեմական ձայնով օժտուած (հազուագիւտ շնորհ մը) դերասան է, այս անգամ «օժտուած» էր յատուկ ընկալուչով մը (միքրոֆոն)` նուաղուն ու պղտոր ձայն արտադրելու համար: Ես կը կարծեմ, թէ Պաաքլինի նոյնիսկ շնորհակալ պէտք է ըլլայ ցածադիր աթոռի վրայ նստած ըլլալուն եւ հազիւ լսելի շշուկներով արտայայտուելուն համար: Այլապէս ամբողջ հասակով պիտի ծառանար բեմի վրայ եւ իր ահեղ ձայնով բարձրագոչէր. «Հիմա անոնց մէկ շունչ կը փչեմ», «աչքերդ ծակեցա՞ն», «ի՞նչ կը խօսին հոս-հոն» եւ այլ ակայաբարբառ արտայայտութիւններ:

1204_HB4«Կեդրոնական Ամպը».- Շթոքի բնագիրին մէջ «Կեդրոնական ամպ»-ի բարձրախօսը կը ներկայացնէ պետական ռատիոկայանը` իր ուռուցիկ, անբովանդակ հաղորդումներով: Նախքան տիեզերքի ստեղծումը` Արարիչ եւ հրեշտակներ կը մնային ամպերու վրայ: (Հապա ո՞ւր: Տես թատրերգութեան ներշնչում տուող Ժան Էֆֆելի պատկերաշար գիրքին կողքը):  Բեմադրիչը պահած է բարձրախօսը, բայց սեփականաշնորհած` քաղաքական անորոշ ուղղութեան մը: Կային հարցականներ.

Ինչո՞ւ ռատիօկայանի պաշտօնեան կցկտուր, ոստոստուն եւ հեգնական շարժուձեւեր կ՛ընէր: Ինչո՞ւ կը հագնէր բեմադրիչանման սքեմ եւ գաղտագողի կը կարդար անոր աւարտական տողերը: Յակոբոս հրապարակաւ խստիւ սաստեց զինք: Ի՞նչ առկախ հարց կար երկուքին միջեւ: Նոյն դերասանը տեսած էինք նոյն բեմի նոյն անկիւնին մէջ, նոյնանման սեղանի մը ետին,  «Ճաղատ սոփրանօ» թատրերգութեան մէջ: Այդտեղ կը ներկայացնէր «շղթայուած» բնագիրը: Իր ջղայնոտ շարժումները  հակադարձն էին դերակատարներու շեղումներուն:  Տիպարը հասկնալի էր եւ նոյնիսկ` հաճելի: Իսկ ի՞նչ կը ներկայացնէր այստեղ: Արդեօք այսուհետեւ նո՛յն տիպարը բեմի նո՛յն անկիւնին մէջ նոյնանման սեղանի մը ետին պիտի տեսնենք  «Իփէկեան»-ի բոլո՞ր ելոյթներուն երկայնքին:

Կորսուած բանալիենր.-Ներկայ բնագիրը կազմուած է կրճատելով զոհրապեան արդէն իսկ կրճատուած տարբերակը,  անոր աւելցնելով բեմադրիչի «ներդրումը»: Շթոքի մեծածաւալ գործէն պահուած է միայն Ադամ եւ Եւայի յարաբերութիւններուն վերաբերող մասը: (6) Շթոքի առաջադրանքը, այսինքն վարչակարգի եղաշրջման հարցը հիմնովին անտեսուած է: Հարցը ա՛յն է, որ մնացեալ պատառիկները անհասկնալի են առանց զեղչուած համագիրին (context):

Շթոքի բնագիրի առաջին, իմա հիմնադիր, տեսարանին մէջ հրեշտակ Դ. շեշտակի (head on) կը բախի Ա.-ին, որ կը փախչի դաշտէն: Արարիչը մտահոգ է, որովհետեւ Ա. (հրեշտակապետ Միքայէլ) կը ներկայացնէ հաւատարիմ, բայց ապիկար դիւանակալութիւնը, իսկ Դ. (Դեւ) ներքին ընդդիմադրութեան ղեկավարն է: Թատրերգութիւնը կը սկսի հաւատարիմ եւ ընդդիմադիր ղեկավարներու բախումով: Աւելի՛ն. հաւատարիմ տարրը անկարող է դիմագրաւելու ընդդիմադիրները:  Ի դէպ, Դ. վերանուանուած է Հրեշտակ Բ.: Այս կը նշանակէ, որ անուններու սղագիր իմաստը նոյնպէս վրիպած է ուշադրութենէ:

Ելոյթին մէջ բացման տեսարանը պահուած է իբրեւ աննշան ծիծաղաշարժ միջադէպ: «Հետաքրքրակա՜ն» կ՛ըսէ արարիչը եւ նիւթը կը փակէ: Ինչո՞ւ արհամարհալից կերպով աղբանոց նետել թատերագիրի բառարան-տեսարանը: Եւ յետոյ, ի սէր Պուտտայի, ի՞նչն էր «հետաքրքրական»: Վարչակարգի հեղինակութիւնը հարցականի տակ է: Երկիրը կ՛երթայ պառակտման: Արարիչը մտահոգ է: Պահուած է տեսարանը, բայց տրորուած` անոր բանալի իմաստը: Այդ կը վերագրեմ անփութութեան: Առնուած է բնագիրին զոհրապեան կճեպը` առանց մտահոգուելու անոր խորքով:

Դերասաններու ընտրութիւնը կրնար շեշտել այս հակադրութիւնը: Հրեշտակ Ա. (Յ. Գափլանեան) տարիքի բերմամբ կրնար աւելի լաւ ներկայացնել հաստատուած դիւանակալութիւնը: Իսկ շատ աւելի երիտասարդ Ն. Մկրտիչեանը, կրնար ներկայացնել նոր գոյացող ուժերը: Երկնային հրեշտակները տարիք չունին: Բայց բնագիրի հրեշտակները կը ներկայացնեն քաղաքական ուղղութիւններ, որոնք որպէս պատմական գոյացութիւններ` վստահաբար ունի՛ն տարիք:

Զուարճութեան զոհասեղանին զենուած.- Ելոյթին մէջ իմաստազրկուած եւ ուռճացուած էին կարգ մը տեսարաններ` ծիծաղ որսալու ակնկալութեամբ: Կու տամ օրինակներ.

Շթոքի բնագրին մէջ Դ. կը կապուի արտաքին համաստեղութեան մը հետ (իմա՛ դրամատիրական երկիր մը), որպէսզի ներածէ շքեղ ապրանքներ,  որոնք չեն արտադրուիր խորհրդային կարգերու տակ: Հասկնալիօրէն այդ կ՛ըլլայ ծածուկ, երբ բոլորը կը քնանան: Խօսակցութիւնը կ՛ընթանայ ընդհատումներով, որովհետեւ խորհրդային գիծերը վատ են, հեռաձայնի պաշտօնեան անփոյթ եւ այլն: Զոհրապեան տարբերակը պահած է տեսարանը, բայց` իմաստազրկած զայն: Ներկայ ելոյթը ուռճացուցած է զոհրապեան տարբերակը` անոր աւելցնելով ծեքծեքումներ, ակայավարի սիլի փիլի եւ մետաղադրամի տագնապ: Նախ` որ գաղտագողի վարուելու կարիք չկար, որովհետեւ Արարիչը անձամբ յանձնարարած էր ճարել քարեր: Իսկ ո՞վ էր Դ.-ի դժկամ խօսակիցը: Ի՞նչ էր անոր քերականական դերը:  Ինքնանպատակ խցկում մը` ի հաշիւ բնագրի քաղաքական իմաստին:

Երկրորդ օրինակը Ադամի հնարովի պատմութիւններն էին` արդարացնելու համար որսէն ձեռնունայն վերադարձը: Շթոքի բնագրին մէջ Ադամ կ՛ըսէ, թէ մենամարտած է հսկայ ցուլի մը հետ, որ գլորած խոր վիհի մը մէջ (Եւա կը ձեւացնէ հաւատալ): Ցուլը բնութեան ահեղ, անզուսպ ուժը կը ներկայացնէ: Ադամ  ապա վագրերէ փախչելով` մագլցած է ծառի մը վրայ: Այդ լոկ պատրուակ է:  Ծառի գագաթին թառած` անդրադարձած է, որ ինք վայրի անասուններէն բարձր էակ մըն է: Շթոքի միջադէպը ցոյց կու տայ Ադամին պայքարը բնութեան տարրերուն դէմ եւ անոր ինքնագիտակցութեան զարգացումը:

Այլուր «հոգեբանասէր» ելոյթը այստեղ անտեսած է Ադամին հոգեփոխութիւնը: Շթոքի պատկերներու ծիծաղաշարժութեան «տոզ»-ը անբաւարար նկատած եւ ջնջած է այս մասը: Աւելցուցած է քիչ մը սունկ, սոյ-սոս եւ զգայնոտութեան (ալերժի) պէպէններ: Երկու այլաբանական տեսարանները փոխարինած է փիղերու արշաւանքով, երբ Ադամ կկզած`  «բնական պէտքը կը գոհացնէ»: Ելոյթը յամառեցաւ պահել զուգարանային կկզումը` ի հեճուկս աղեկէզ թախանձանքներու: Ինչո՞ւ, ի սէր Պարոնեանի, ինչո՞ւ:

Կային նաեւ զուարճալի բառախաղային ներդրումներ: Հրեշտակապետը հեռախօսով կեդրոնական ամպին տեղեկացուց, որ յղի Եւա «լեղի» է: Ես աւելի եղի-վարի առաջարկ ունիմ. «Դեղին ցեղի ձուածեղի… » երկարե՞մ:  Անոնք, որոնք տողը կը գտնեն անտեղի, պարտին բացատրել, թէ Միքայէլ հրեշտակապետին «լեղի-յղին» ինչո՞վ աւելի թատերական, իմաստալից կամ զաւեշտական էր: Հրապարակը արդէն իսկ ողողուած չէ՞ անբովանդակ «սխալի» զաւեշտներով:

Ծիծաղաղերս տեսարաններու շարքին էր նաեւ Ադամ եւ Եւայի մտերմիկ պահերէն մէկը: Երբ Եւա սիրակէզ մօտեցաւ Ադամին, այս վերջինը դուրեանավարի փայտացուց իր առնական … սրունքները: Ինչեր միայն չենք սովորի այն այցէն, որուն սպառնալի ոտնաձայները կը լսենք: Շթոքի բնագրին մէջ Ադամի բնազդային հակումը դէպի Եւա արտայայտուած է քունի տեսարանին մէջ, ուր ան անգիտակցաբար կը մօտենայ Եւային: Խնդրեմ, ո՞ր տարբերակն է աւելի իփէկեանավարի:

Իսկ որքանո՞վ պատշաճ էր Դ.-ի այն սրախօսութիւնը, թէ երկնային կեանքը ձանձրալի է, որովհետեւ այնտեղ չկայ «դրամ եւ պատերազմ»: Այո՛ որքանո՞վ պատշաճ, երբ առկայ է արիւնարբու սեւ ուժերու իսկական  սպառնալիքը եւ մեր «չորս դին հայկական շէներն են լքուած»: Պատերազմի արհաւիրքը երբեք «հետաքրքրական» չէ եղած: Իսկ գլխագիր դրամը … ինչեւիցէ: Օրինակները բազմաթիւ են:

Աստուածաբանական.- Ելոյթի տեսողական կողմին մէջ ամէնէն ակնբախ ներդրումը հաշմուած եւ համրացուած արարիչն էր: Թէ՛ Կեդրոնական Ամպէն թէ «Ազդակ»-ի էջերուն վրայ բեմադրիչի տուած էր բաւականին լայն բացատրութիւններ: Բայց այս կէտին վերաբերող որեւէ ակնարկութիւն չկար:

Բեմագիրը գլխովին շրջած է Շթոքի արարչի ուժեղ եւ թոյլ կողմերու կշիռը: Շթոքի Արարիչը կը ներկայացնէր իշխանութեան վերին խաւը երբ Խ. Միութիւնը տակաւին գերուժ էր: Արարիչը ֆիզիքապէս հզօր է, բայց կը տառապի սքլերոսիզէ: Այսինքն ուղեղը «կարծրացած» եւ դանդաղած է: Այս ի յայտ կու գայ կրկին եւ կրկին, մանաւանդ` ճիշդ բառեր գտնելու դժուարութեան մէջ: Շթոք այլաբանական ձեւով կ՛ըսէ, թէ իշխող դիւանակալութիւնը ռազմական եւ տնտեսական ուժ ունի, բայց գաղափարական գետնի վրայ ծերացած է: Վերադառնանք:

Արարչի կրկին եւ կրկին յայտնուող մտային հարցը բոլորովին անտեսուած էր «Տէր Մելքոնեան»-ի մէջ: Այդտեղ արարիչը մտքով արթուն էր, բայց հաշմուած` ֆիզիքապէս եւ աստուածաբանականօրէն` բանազրկուած: Ես այդ կը համարեմ «անհեթեթի մաքսանենգութիւն»:

Թերեւս հետաքրքրական է նշել, որ զոհրապեան մեկնաբանութիւնը եւս արարչագործութիւնը վերագրած էր ձանձրոյթի:  Աւելի՛ն. ան եւս  զԱրարիչն հաշմած էր բայց` ոչ թէ ֆիզիքապէս, այլ` հոգեբանօրէն: Ելոյթի պրոշիւրին մէջ Գրիգոր Սուքիասեան կ՛ըսէ, թէ Արարիչը կը ներկայանայ որպէս «անհոգ, եսասէր եւ նոյնիսկ մակերեսային էութիւն մը … փոքրիկ երեխայի մը կը նմանի, որ աննպատակ կը զուարճանայ իր խաղալիքներով» (3): Պէտք է ենթադրել, որ Արարիչը «չար» երեխայ մըն էր, որովհետեւ ապտակեց «նորածին» Ադամը, որ իր նոր խաղալիքն էր:

Աւելի՛ն. Գ. Սուքիասեան կը շարունակէ ըսել, որ զոհրապեան մեկնաբանութեան մէջ հրեշտակ Դ. հոգեպէս երկփեղուած է: «Տէր Մելքոնեան»-ի մէջ հրեշտակ Բ. (իմա Դ.) մեր աչքերուն առաջ կ՛ունենայ հոգեկան երկփեղում (ժողովրդական եզրով` կը դառնայ «սքիցցօ» (երկփեղուած), եւ «սատանան» դուրս կու գայ նշանաւոր հայելիէն: Ըստ բեմադրիչին, իր երկրորդ եսը` սատանան, կը ծնի … ձանձրոյթէն:

Շթոք այստեղ եւս կը պահէ Գիրք ծննդոցի պատմումը տառացիօրէն: Բայց իր գեղարուեստական վարպետութեան շնորհիւ անոր կու տայ նոր իմաստ: Նոր իմաստ, որ յարիր է իր թեզին: Դ. սատանայի կը փոխուի Արարիչին նզովքով: Նզովքը այս պարագային կը նշանակէ դատական վճիռ: Այսինքն Դ., որ մինչ այդ հրեշտակ էր (իմա՛ պետական պաշտօնեայ) սատանայի կարգավիճակ կը ստանայ: Այլախոհ պաշտօնեան կը դատապարտուի եւ կը վտարուի:

Բազմահարցայարոյց «ներդրումներէն» մէկն էր նաեւ որպէս արմաղան ուղարկած խնձորներու (4) տեսարանը: Եւա կը մերժէ խնձորները` դիտել տալով, որ անոնք իրենց համար «այլեւս բան չեն նշանակեր»: Արգիլուած պտուղ ուտել` կը նշանակէ ստանալ իր անձի եւ շրջապատի գիտակցութիւն, մարմնի ինքնագիտակցութիւն: Քրիստոնէական հաւատամքի մէջ «գիտութիւնը» կրնար գալ միայն երկինքէն: Գիտութիւնը մինչեւ ճարտարագիտական յեղափոխութեան գալուստը կապուած մնաց գերբնականին հետ: Ինչեւիցէ: Հարցը այն է, որ կարելի չէ հասկնալ Եւային արտայայտութիւնը: Եդեմէն վռնտուած մարդկութիւնը հրաժարա՞ծ է արդեօք գիտակցութեան եւ գիտութեան հայցէն:

Բնագրին մէջ Եւայի այցելուն Դ.-ն է, որ կու գայ պետութեան հետ լեզու գտնելու կիսատ-պռատ զիջողական առաջարկով, որ կը մերժուի այլախոհներուն կողմէ:

Հոգեբանասիրութիւն.- «Տէր Մելքոնեան»-ի ելոյթին մէջ թէ՛ արարիչին եւ թէ՛ սատանայի պարագային բանալին կը գտնենք «ձանձրոյթ»-ին մէջ: Հոգեբանական վիճակ մը: Բոլորս կը յաւակնինք հոգեբաններ ըլլալ: Թերեւս այս պատճառով շրջան մը ֆրոյտեան չափածոյ ժապաւէններըը (օրինակ Հիչքոքի «Spellbound» եւ «Psycho») եւ թատրերգութիւնները (ինչպէս` Լ. Շանթի գործերը) մեծ ժողովրդականութիւն կը վայելէին:  Մինչդեռ շատ աւելի դիւրին է հասկնալ, թէ ինչպէ՛ս կը բանին սուրացող երկնաքարերու վրայ էջք կատարող ռոպոթները, քան թէ ինչպէս կը բանի ամենափոքր միջատին ուղեղը: Ալ ո՛ւր մնաց մարդու հոգին: Ի պատիւ իրեն, Շէյքսփիր այս հասկցած էր աւելի քան չորս դար առաջ: Համլեթի հիանալի տողերէն մէկն է. «Ինչպէ՞ս կը համարձակիս կարծել, թէ կրնաս նուագել (play, բառախաղ) զիս, երբ չես կրնար նուագել այս եղեգի կտորն իսկ (իմա՛ սրինգ)»:

Շթոք սիրողական մակարդակի հոգեբանական վարկածներ հրամցնելու չափ անփորձ չէ: Բնագրին մէջ հոգեկան թուլութիւն կամ առաքինութիւն  թուացող վարմունքները այլաբանակա՛ն են: Հրեշտակ Ա., օրինակ, վախկոտ է, դէմ է ամէն նորարարութեան, որովհետեւ կը ներկայացնէ ապիկար նշանակովի «քարիերիստ» դիւանակալը, որ կրնայ որեւէ պահու կորսնցնել իր առանձնաշնորհումները:

Աւարտաճառը.- Ելոյթի աւարտին բեմադրիչը գրաւեց «Կեդրոնական Ամպ»-ի ամպիոնը` կարդալու համար մանիֆեստանման հարցայարոյց հատուած մը: Այն, որ Արարիչը վերջին պահուն որոշած է կանգնիլ բարիի կողքին, որովհետեւ Չարը տարածուած է երկրի վրայ: Այսինքն Արարիչին քայլը հակազդեցութիւն մըն է Դեւի քայլին: Սատանան կը խաղայ ճերմակ փիոններով, իսկ Աստուած` սեւերով:

1204_HB5Պատմութեան ընթացքը չար եւ բարի ուժերու պայքարով բացատրելու գաղափարը այնքան «այժմէական» է, որքան նախազրադաշտական շրջանի (մօտ 17-րդ դար Ն.Ք.) հնդկական ծագումով Ահուրա եւ Ասուրա ուժերու հաւատքը, որուն «բրածոյ» մնացորդներն են այսօր եզիտիները: «Կեդրոնական Ամպ»-ի աւարտական պատգամը հանդիսատեսը յորդորեց կանգնիլ բարիի կողքին, որպէսզի Ահուրա կարենայ խողխողել չարը, ինչպէս կը տեսնենք Փերսեփոլիսի քանդակին մէջ (5): Ուրեմն մօտ 40 դարու պատմութիւնը կարող չէ՞ եղած ընկերային ու քաղաքական աւելի իրազեկ տեսութիւն մը ձեւաւորել: Վա՛յ մեզ, վա՛յ մեզ, վա՛յ մեզ:

Ըստ իս, այս ոչ թէ ծայրայեղ «եզիտիութիւն» է, այլ` ծայրայեղ անփութութիւն: Բնագիրին մէջ Արարիչը  բռնակալ հայր մըն է, բարի եւ հոգատար է Ադամին (բայց` ոչ Եւային) հանդէպ առաջին իսկ պահէն: Շթոք այստեղ եւս միաժամանակ համահունչ է ե՛ւ Գիրք Ծննդոցի ե՛ւ խորհրդային կարգերու հետ: Միաստուածեան կրօնները երեւան եկան, երբ մայրիշխանութիւնը փոխարինուեցաւ հայրիշխանութեամբ: Հետեւաբար կրօնականներ այրեր «սկզբնական մեղքի»-ի շապիկը բռնի անցուցին Եւայի գլուխն ի վար: Ծանօթ է նաեւ, որ խորհրդային կարգերու մէջ կ՛իշխէին այս անգամ պետակա՛ն այրերը, մինչ սեւ եւ տնային աշխատանքը բաժինն էին կիներուն:

Ո՞վ է տեսեր, որ Իօնեսքօ եւ Սունդուկեան դերասաններուն հետ բեմ բարձրանան թատրերգութեան շուրջ  բացատրութիւններ տալու համար: Ե՞րբ է պատահէր, որ Իօնեսքօ եւ Սունդուկեան հարկ զգան բեմ բարձրանալու եւ բացատրութիւններ տալու: Այդ չի՞ նշանակեր, որ «մի բան էնը չի»: Չէ՞ որ իմաստը պէտք է, որ ընդելուզուած ըլլար նոյնինքն թատրերգութեան մէջ:

Ցտեսութիւն:

 

 

  1. 1204_HB6Տես «Ազդակ»-ի 7 յունիսի թիւը:
  2. Ս. Կապուտիկեան/Խաչատուր Աւետիսեան:
  3. Երեխաներու անիմաստ թուացող խաղերը խորքին մէջ դաստիարակչական են: Թէկուզ եւ ինքնադաստիարակչական:
  4. Աստուածաշունչը չէ նշած, թէ արգիլուած պտուղը ո՞րն էր:
  5. Տես, օրինակ «The History of the Devil», P. Carus, Dover 2008, էջ 63: 

    * Հասկնալի թատերգութիւն

Նախորդը

Հայոց Նոր Տարին. Նոր Տարուան Ջուրը

Յաջորդը

Գաղութէ – Գաղութ

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.