Շաբաթավերջին ՖԻՖԱ-ի պաշտօնական կայքը հրապարակեց տարուան լաւագոյն ֆութպոլիստի կոչման համար վերջին եւ հիմնական երեք թեկնածուներուն անունները:
Ոսկիէ գնդակին համար պայքարող լաւագոյն եռեակին մէջ կը գտնուին Փորթուգալի եւ Ռէալ Մատրիտի յառաջապահ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ, Արժանթինի եւ Պարսելոնայի յառաջապահ Լիոնել Մեսսի եւ Գերմանիոյ եւ Պայէրն Միւնիխի բերդապահ Մանուէլ Նոյըր:
Յաղթողին անունը պիտի հրապարակուի 12 յունուար 2015-ին, Ոսկիէ գնդակի շնորհման յատուկ հանդէսի արարողութեան ընթացքին:
Նշենք, որ այս նոյն արարողութեան ընթացքին պիտի յայտարարուի նաեւ այս տարուան լաւագոյն մարզիչին անունը: Հիմնական երեք թեկնածուներն են` Ռէալ Մատրիտի գլխաւոր մարզիչ իտալացի Քարլօ Անչելոթթին («Չեմփիընզ Լիկ»-ի եւ Սպանիոյ բաժակի ախոյեան), Գերմանիոյ ազգային հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ գերմանացի Խոաքիմ Լով (Աշխարհի ախոյեան) եւ Աթլեթիքօ Մատրիտի գլխաւոր մարզիչ արժանթինցի Տիեկօ Սիմէոնէ (Սպանիոյ ախոյեան եւ «Չեմփինզ Լիկ»-ի ֆինալիստ):
Նշենք, որ յաղթող թեկնածուին անունը կ՛որոշուի յատուկ քուէարկութեամբ, որուն կը մասնակցին ազգային խումբերու գլխաւոր մարզիչներն ու խմբապետները, ինչպէս նաեւ յատուկ լրագրողներ:
Հայաստանի գլխաւոր մարզիչ Պեռնար Շալանտի եւ խմբապետ Ռոման Պերեզովզքիի ներկայացուցած թեկնածուները հետեւեալներն են.
ՊԵՌՆԱՐ ՇԱԼԱՆՏ
Լաւագոյն Ֆութպոլիստ
1) Քրիսթիանօ Ռոնալտօ
2) Մանուէլ Նոյըր
3) Թոմաս Մուլըր
Լաւագոյն մարզիչ
1) Քարլօ Անչելոթթի
2) Խոաքիմ Լով
3) Տիեկօ Սիմէոնէ
ՌՈՄԱՆ ՊԵՐԵԶՈՎՍՔԻ
Լաւագոյն ֆութպոլիստ
1) Ֆիլիփ Լահմ
2) Լիոնել Մեսսի
3) Մանուէլ Նոյըր
Լաւագոյն մարզիչ
1) Փեփ Կուարտիոլա
2) Տիեկօ Սիմէոնէ
3) Խոաքիմ Լով


