Կիրակի, 30 նոյեմբեր 2014-ի կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, Թէքէեան մշակութային միութեան Հիմնադիրներու մարմինին հովանաւորութեամբ եւ կազմակերպութեամբ Թէքէեան մշակութային միութեան Տեղական վարչութեան, Պէյրութի «Թէքէեան» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ լիբանանահայ չորս մտաւորականներու, գրական չորս անուանի գործիչներու` Անդրանիկ Ծառուկեանի, Սիմոն Սիմոնեանի, Մուշեղ Իշխանի եւ Օննիկ Սարգիսեանի 100-ամեայ յոբելեաններուն նուիրուած ձեռնարկ:
Մշակութասէր ընտրանիի մը ներկայութեան, յոբելեարներու կեանքին եւ գործունէութեան անդրադարձան Թէքէեան մշակութային միութեան Տեղական վարչութեան ատենապետ Անի Թորանեան, բանաստեղծ, հրապարակագիր Սարգիս Կիրակոսեան, «Ծաղիկ» պարբերականի խմբագիր Յակոբ Տիւնիայեան եւ գրող, հրապարակագիր` Թորոս Թորանեան:
Ձեռնարկին ընթացքին կատարուեցան ընտրուած ընթերցումներ: Մեներգով հանդէս եկաւ Նժդեհ Պոտրումեան եւ կոմիտասեան «Գարուն ա»-ն հնչեցուցին Օննիկ Սարգիսեանի զոյգ թոռնուհիները` Կարին եւ Նուշիկ Գալուստեանները` սրինգով եւ ջութակով:


