Քրիսթիան Մալտինին իր նորամուտը նշեց Ա. Սէ. Միլանի երիտասարդական խումբին հետ` Փերուճիացի դէմ տեղի ունեցած մրցումին:
Փաուլօ Մալտինիի որդին եւ Չեզարէ Մալտինիի թոռնիկը երրորդ ներկայացուցիչն է այդ ընտանիքին, որուն անդամները հանդէս կու գան Միլանի հետ:
Քրիսթիան Մալտինի կոլի հեղինակ դարձաւ դաշտ ներկայանալէ քանի մը վայրկեան ետք:
36-րդ վայրկեանին 18 տարեկան ֆութպոլիստը մրցումը կիսատ ձգեց, երբ մկանային հարցեր ունեցաւ:


