Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թուային Ժամանակներու Մէջ. Դիմատետրի Վրայ Ամէնէն Աւելի Ընդհանրացած 5 Խաբէութիւնները

December 1, 2014
| Մշակութային եւ Այլազան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

985crimeԽԱԲԵԲԱՆԵՐ Կ՛ՕԳՏԱԳՈՐԾԵՆ ՄԱՐԴՈՑ ՆԱՐՍԻՍԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ, ՀԵՏԱՔՐՔՐՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԱԳԱՀՈՒԹԵԱՆ ՀԱԿՈՒՄՆԵՐԸ` ԶԱՆՈՆՔ ՄՂԵԼՈՎ, ՈՐ «ՔԼԻՔ» ԸՆԵՆ, ՆՈՅՆԻՍԿ, ԵՐԲ ԿԸ ԳԻՏԱԿՑԻՆ, ԹԷ ՊԷՏՔ Է ԶԳՈՒՇԱՆԱՆ: «ՏԻ ԻՆՏԻՓԵՆՏԸՆԹ» ԿԸ ԹՈՒԷ ՀԱՄԱՑԱՆՑԻ ՎՐԱՅ ՈՐՍԵՐ ՓՆՏՌՈՂ ԽԱԲԵԲԱՆԵՐՈՒ ԿԻՐԱՐԿԱԾ ԳԼԽԱՒՈՐ ՀՆԱՐՔՆԵՐԸ:

Որքան ալ կարծենք, թէ ծանօթ ենք արհեստագիտական աշխարհին գաղտնիքներուն, չենք դադրիր հաւանական որսը ըլլալէ Դիմատետրի վրայ թափառող խաբեբաներուն, ինչպէս կ՛ըսէ ուսումնասիրութիւն մը, որ քննած է Դիմատետրի վրայ ամէնէն աւելի յաջող արդիւնքները արձանագրած խաբէութեան միջոցները:

Ապահովական «Պիթտիֆենտըր» ընկերութիւնը վերջին երկու տարիներուն ուսումնասիրած է աւելի քան 850 հազար խաբէութիւններ եւ եզրակացուցած է, թէ մարդոց դէմ ամէնէն աւելի վտանգաւոր 5 սպառնալիքները յաճախ թիրախ կը դարձնեն անոնց հետաքրքրութիւնը եւ զանոնք կը մղեն, որ «քլիք» ընեն  կասկածելի հասցէներու վրայ կամ ներբեռնեն համացանցի ժահրերով վարակուած ծրագիրներ:

Ամէնէն աւելի սովորական հնարքներէն մէկը հետեւեալ հարցումն է. «Կես հու վիուտ եուր փրոֆայլ» (գիտցէք, թէ ով կարդացած է ձեր մասին): Այս հարցումով սկիզբ առած խաբէութիւններուն համեմատութիւնը 45.5 առ հարիւր է: «Պիթտիֆենտըր»-ի համաձայն, նման հարցումներ գրաւիչ կը թուին, որովհետեւ «մարդիկ տեղեակ չեն, թէ իրականութեան մէջ ինչպէ՛ս կը գործեն համացանցի վրայ ընկերային հաղորդակցութեան կայքերը: Շատեր կը կարծեն, թէ գոյութիւն ունին անձեր, որոնք նման տեղեկութիւններ կը հաւաքեն: Այսինքն գիտեն, թէ ո՛վ կարդացած է մեր մասին:

Երկրորդ ամէնէն աւելի ընդհանրացած խաբէութիւնը յաւելեալ գործունէութիւն կը խոստանայ Դիմատետր գործածողներուն` դարձեալ օգտուելով անոնց Դիմատետրի գործունէութեան անբաւարար ծանօթութենէն: Խաբէութիւնը հիմնուած է այն խոստումին վրայ, որ եթէ որոշ նիւթ մը ներբեռնենք, ապա կը գրաւենք յատուկ դիրք` Դիմատետրի աշխարհին մէջ: Այս ձեւի խաբէութեան համեմատութիւնը 29.53 առ հարիւր է:

Սուտ նուէրներու խոստումի համեմատութիւնը 16.51 առ հարիւր է: Խաբեբաներ կը խոտանան նուէրներ, դրամական մեծ պարգեւներ, աժան գիներ` սրելով մարդոց հետաքրքրութիւնը, առաջարկելով աստղերու մասին գայթակղութիւններ բացայայտող լուրեր (ասոնք կը կազմեն խաբէութիւններուն 7.53 առ հարիւր համեմատութիւնը) կամ` բրտութեան, ոճիրի եւ մանուկներու չարաշահութեան տեսարաններ պատկերով տեսերիզներ (խաբէութիւններուն 0.93 առ հարիւրը):

«Պիթտիֆենտըր»-ի համաձայն, Դիմատետր գործածող մեծ թիւով անձեր կը խաբուին «հոգեբանական խթաններու» պատճառով, զորս կը չարաշահեն համացանցի վրայ ոճրային նպատակներ հետապնդող անձերը:

Ուսումնասիրողները խորհուրդ կու տան ոչ միայն «քլիք» չընել, այլ նաեւ համակարգիչը տեւաբար պաշտպանել եւ զինել ժահրերու դէմ ծրագիրներով:

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (1 Դեկտեմբեր 1964)

Յաջորդը

Թուային Ժամանակներու Մէջ. Անիշխանական Հաստատումներ

RelatedPosts

Ընդհանուր Պատերազմներ
Մշակութային եւ Այլազան

Ընդհանուր Պատերազմներ

November 20, 2026
Արհեստական Բանականութեան Առաւելութիւններն Ու Թերութիւնները Կրթութեան Մէջ
Մշակութային եւ Այլազան

Արհեստական Բանականութեան Առաւելութիւններն Ու Թերութիւնները Կրթութեան Մէջ

November 13, 2026
Սուրիոյ Քիւրտերը Կը Պայքարին Դպրոցին Մէջ Իրենց Լեզուն Կենդանի Պահելու Համար
Մշակութային եւ Այլազան

Սուրիոյ Քիւրտերը Կը Պայքարին Դպրոցին Մէջ Իրենց Լեզուն Կենդանի Պահելու Համար

November 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.