Իր հրապարակած մէկ լուրին մէջ, ArmSport.am կը յայտնէ, որ Ռուսիոյ ֆութպոլի «Փրեմիեր լիկ»-ին մէջ ելոյթ ունեցող Ուֆայի բերդապահ Դաւիթ Եուրչենքօ ունի հայկական արմատներ եւ կրնայ ներկայացնել Հայաստանի ֆութպոլի հաւաքականը:
Հայկական աղբիւրին հետ իր ունեցած զրոյցին ընթացքին Եուրչենքօ ըսաւ, որ Հայաստանի հաւաքականէն հանդէս գալու գծով ինք արդէն իսկ խօսակցութիւն ունեցած է Հայաստանի ֆութպոլի ներկայացուցիչներուն հետ:
«Տեղեակ եմ, որ ինձմով հետաքրքրուած են Հայաստանի մէջ, եւ այդ գծով երէկ տեղի ունեցած են շարք մը խօսակցութիւններ: Ինծի հետ արդէն իսկ կապուեցան Հայաստանէն, եւ մենք այդ հարցին շուրջ զրուցեցինք: Ֆետերասիոնին ներկայացուցիչները յառաջիկայ օրերուն պիտի խօսին նաեւ իմ գործակալիս հետ: Իսկ մնացեալ մանրամասնութիւններուն մասին ամէն ինչ յստակ կը դառնայ ձմեռնային արձակուրդին ընթացքին: Շնորհակալութիւն, որ հետաքրքրուած էք իմձմով»:
Չի բացառուիր, որ հաւաքականին գլխաւոր մարզիչը` Պեռնար Շալանտ, մեկնի Ռուսիա եւ դիտէ 28 տարեկան Եուրչենքոյի մասնակցութեամբ որեւէ մրցում:
Նշենք, որ 29 նոյեմբերին Ուֆա պիտի մրցի Ռուսիոյ գործող ախոյեան Մոսկուայի Բանակայիններուն դէմ:


