Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՕՐԸ ՕՐԻՆ. ԱՆՁՆԱԿԱՆ ՕՐԻՆԱԿՈՎ

July 25, 2011
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանեան մամուլին մէջ նախարարներու կամ զօրավարներու զաւակներուն մասին ընդհանրապէս վարկաբեկիչ լուրեր կը տեսնենք: Վարժութեան կարգով ալ, վարկաբեկիչ արարքի մը մէջ բռնուած ըլլալու կանխակալ ենթադրութեամբ` սկսանք կարդալու Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար, զօրավար Սէյրան Օհանեանի զաւկին մասին լուրը:

Ուրախութեամբ կ՛արձանագրենք, որ այս անգամ սխալ էինք եւ որ մեր ազգային բանակի գլուխը կանգնած զօրավարը, որ վստահաբար ամէն կարելիութիւն ունէր իր զաւակը զօրակոչէն ազատելու կամ զայն ապահով անկիւն մը տեղաւորելու, Հայաստանի պաշտօնեաներուն եւ քաղաքական ղեկավարութեան մօտ ընդհանրացած վարքագիծէն պատուով շեղելով` հայրենիքի ծառայութեան իր պարտքը կատարող որդիին առանձնաշնորհեալ ոչ մէկ վիճակ ստեղծած է:

Լուրը կը կարդանք. «Ստեփանակերտ-Դրմբոն ճանապարհի 30-րդ քմ հատուածում, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պաշտպանութեան բանակի «ԿԱԶ 33081» մակնիշի ինքնաշարժը, որում եղել է նաեւ պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանի որդին, յուլիսի 14-ին դուրս է եկել երթեւեկելի մասից, եւ մօտ 120 մեթր գլորուել ճանապարհամերձ ձորը»:

Յատկանշական է, որ հայաստանեան մամուլին մէջ անմիջապէս լոյս տեսան ակնարկներ, ուր կը շօշափուէին զինուորական ծառայութենէն իրենք անձամբ խուսափած կամ իրենց զաւակները փախցուցած քաղաքական պաշտօնատարներու անուններ:

Հայրենիքի սահման պաշտպանելու ամէնօրեայ մարտահրաւէրը դիմագրաւող հայկական բանակի զինուորներուն համար որքա՛ն յուսալքիչ պիտի ըլլար, եթէ անոնք լսէին, որ իրենց հրամանատարին զաւակը վթարի ենթարկուած է իր շքեղ մեքենան լկտիօրէն եւ գինով վիճակի մէջ վարած ըլլալուն պատճառով:

Ուրախ ենք, որ հայկական բանակի հրամանատարը անձնապէս օրինակ կը ծառայէ Հայաստանի քաղաքացիներուն, նաեւ բոլորիս, ամէնէն թանկագինը` որդին, չհեռացնելով վտանգաւոր դիրքերէ:

ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ

Նախորդը

«ԱՍՊԵՏ» ՌԱԶՄԱՄԱՐԶԱԿԱՆ ՃԱՄԲԱՐԻՆ ՄԱՍՆԱԿՑԵԼՈՒ ՆՊԱՏԱԿՈՎ` 16 ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐ ՈՒՂՂՈՒԵՑԱՆ ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂ

Յաջորդը

ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՄԱՐԶԻՆ ՄԷՋ ՀԱՅ – ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ԽՈՐՀՐԴԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐ` ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆԻ ՄԷՋ

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.