Իր սովորութեան համաձայն, Անթունիէ համալսարանը (Հատաս – Պաապտա) կազմակերպեց Լիբանանի անկախութեան տօնին առիթով վազքի մրցում մը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին բազմաթիւ երկսեռ մարզիկներ` տարբեր տարիքի եւ դասակարգերու մէջ:
Այս առիթով Անթունիէ Պաապտա պահը յարմար նկատեց պարգեւատրելու ողիմպիական ախոյեան Էտուարտ Մաալուֆը, որ հակառակ իր վիճակին, յաջողեցաւ բարձր պահել Լիբանանի անունը` անոր ապահովելով նաեւ բազմաթիւ մետալներ:
Պարգեւատրումի այս հանդիսութեան ներկայ էին Անթունիէ համալսարանի կղերական պատասխանատուներ, Լիբանանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնի ընդհանուր քարտուղար Նաամթալլա Պաժժանի, ֆետերասիոնի անդամ Ժան Ղաուի եւ այլ անձնաւորութիւններ:


