Երէկ` չորեքշաբթի, 19 նոյեմբերին, Նիոն քաղաքին մէջ (Զուիցերիա) տեղի ունեցաւ Եւրոպայի ֆութպոլի աղջկանց 17 տարեկանէն վար 2015-2016 տարեշրջանի աղջկանց ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին վիճակաձգութիւնը:
Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը յայտնեց, որ Հայաստանի 17 տարեկանէն վար ազգային հաւաքականը մաս կազմեց Գ. խմբակին` իր դէմ ունենալով Փորթուգալը, Յունաստանը եւ Սպանիան:
44 խումբերը բաժնուեցան 11 խմբակի: Մրցումները տեղի պիտի ունենան 1 օգոստոս – 31 հոկտեմբեր 2015-ի ժամանակամիջոցին:
Իւրաքանչիւր խմբակէ երկու խումբեր կ՛անցնին յաջորդ հանգրուան` միանալով Գերմանիոյ եւ Ֆրանսայի:
Իսկ այդ հանգրուանէն 24 խումբերէն 7-ը կ՛անցնին աւարտական հանգրուան` միանալով մրցաշարքը հիւրընկալող Պիելոռուսիոյ:
Աւարտական հանգրուանը, ըստ նախնական տուեալներու, տեղի պիտի ունենայ 4-16 մայիս 2016-ին:


