Երէկ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Պուլկարիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի մարզիչ Լուպոսլաւ Փենեւ կրնայ կորսնցնել իր պաշտօնը` խումբին արձանագրած ձախող արդիւնքներուն պատճառով:
Եուրօ-2016-ի ֆութպոլի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ, Պուլկարիա այժմ 4 կէտով կը գրաւէ Ը. խմբակին 4-րդ դիրքը` 5 կէտով ետ մնալով պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Նորվեկիայէն:
Նշենք, որ 48 տարեկան Փենեւ Պուլկարիոյ մարզիչ նշանակուեցաւ նոյեմբեր 2011-ին` փոխարինելով Լոթար Մաթէուսը:
2004-էն ի վեր Պուլկարիա չէ կրցած Եւրոպայի ախոյեանութեան աւարտական մրցումներուն տոմս մը ապահովել:


