
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի շաբաթավերջին Այն Թինէի մէջ ընդունեց վարչապետ Թամմամ Սալամը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:
Մէկ ժամ տեւած հանդիպումէն ետք Սալամ մեկնեցաւ մերժելով յայտարարութիւն կատարել:
Պըրրիի այցելեց նաեւ Մուսթաքպալ պլոքի նախագահ Ֆուատ Սինիորա, որուն ընկերակցեցաւ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի խորհրդական Նատեր Հարիրի:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան նախագահական ընտրութեան վերաբերող հարցեր, ինչպէս նաեւ Մուսթաքպալ հոսանքին եւ Հըզպալլայի միջեւ երկխօսութեան կարելիութիւնները:
«Նահար» օրաթերթին համաձայն, խորհրդարանի նախագահը ճիգ չի խնայեր նախագահական ընտրութեան թղթածրարը արագացնելու առումով:


