Կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբի վարչութեան, երէկ` կիրակի, 16 նոյեմբերին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին, «Լեւոն Շանթ» մշակութային կեդրոնի «Գ. եւ Հ. Արմէնեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում, թատերական վերամուտին առիթով: Օրուան հանդիսավար եւ վարչութեան անդամ Մարալ Մխսեան բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն նկատել տուաւ, որ «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբի վարչութիւնը ըստ աւանդութեան թատերական վերամուտին առիթով կը համախմբէ թատերասէրները մտերմիկ մթնոլորտի մը մէջ` հաճելի ժամանակ անցընելու նպատակով:
Վարչութեան ատենապետ Մարտիկ Տեմիրճեան ողջունեց բոլորին ներկայութիւնը` հաստատելով, որ վարչութիւնը իր երկամեայ գործունէութեան ընթացքին պիտի ջանայ իր առաւելագոյնը ընել, որ թատերական կեանքը վառ պահէ: Ան նաեւ նկատել տուաւ, որ յառաջիկայ օրերուն վարչութիւնը թատերասէր հանրութեան պիտի ներկայացնէ իր երկամեայ ծրագիրը, որ կ՛ընդգրկէ թատերական դպրոց, դասախօսութիւններ եւ այլն:
Այնուհետեւ դերասան Զաւէն Պաաքլինի ելոյթ ունեցաւ ասմունքով մը:
Օրուան հիւր դերասանն էր Նարեկ Դուրեան, որ Լիբանան կը գտնուէր Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան հրաւէրով` ներկայացնելու իր «Քոմա Նոստրա» մենաթատրոնը: Դուրեան իր կատարումներով հաճելի պահեր ստեղծեց ներկաներուն համար:


