Անգլիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի նախկին յառաջապահ Կերի Լինեքըր, որ այժմ անգլիական պատկերասփիւռի կայանէ մը ուղղակիօրէն պատկերասփռուող մրցումներու մեկնաբանութիւն կը կատարէ, խստիւ քննադատեց ՖԱՖԱ-ն:
Ան ըսաւ. «ՖԻՖԱ-ն ծաղրանքի առարկայ է, իսկ անոր նախագահը` Սեփ Պլեթըր, այդ քաոսին ղեկավարը: Սակայն յիշեցէք իմ խօսքերս, որ ան պիտի վերընտրուի ՖԻՖԱ-ի նախագահ: Եթէ ես ֆութպոլի երազանքի իրաւունք ունենայի, պիտի խնդրէի, որ ՖԻՖԱ-ն առանց այլեւայլի լուծարեն եւ անոր տեղ յայտնուի թափանցիկ կազմակերպութիւն մը, որուն առաջնահերթ նպատակը ըլլայ զբաղիլ ֆութպոլով»:


