Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արուեստի Աշխարհէն. Մանէ Մը Կը Կոտրէ 65 Միլիոն Տոլարի Մրցանիշ Մը

November 14, 2014
| Մշակութային եւ Այլազան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

Ֆրանսացի տպաւորապաշտ գեղանկարիչ Մանէի այս դիմանկարը գարնան այլաբանական մէկ պատկերումն է:
Ֆրանսացի տպաւորապաշտ գեղանկարիչ Մանէի այս դիմանկարը գարնան այլաբանական մէկ պատկերումն է:

ՖՐԱՆՍԱՑԻ ԴԵՐԱՍԱՆ ԺԱՆ ՏԸՄԱՐՍԻՆ ՊԱՏԿԵՐՈՂ ԳԵՂԱՆԿԱՐ ՄԸ ԴԱՐՁԱՒ ՏՊԱՒՈՐԱՊԱՇՏ ԳԵՂԱՆԿԱՐԻՉ ԷՏՈՒԱՐՏ ՄԱՆԷԻ ԱՄԷՆԷՆ ՍՈՒՂ ԳԻՆՈՎ ՎԱՃԱՐՈՒԱԾ ԳՈՐԾԸ: «ՊԻ. ՊԻ. ՍԻ.» ԿԸ ՆԵՐԿԱՅԱՑՆԷ ՔՐԻՍԹԻ՛ԶԻ ԱՇՆԱՆԱՅԻՆ ԱՃՈՒՐԴԻՆ «ԲԵՐՔԸ»:

Մանէի «Գարուն»-ը, որ 65 միլիոն տոլարի վաճառուեցաւ Քրիսթի՛զ վաճառատան կողմէ, գրեթէ կրկնապատկեց ցարդ այս գեղանկարիչին մէկ գործին համար վճարուած 33.2 միլիոն տոլարի բարձրագոյն գինը եւ մրցանիշ մը հաստատեց գեղանկարիչին համար: Կ՛ակնկալուէր, որ 1881-ին իրագործուած գլուխ գործոցը վաճառուէր մինչեւ 35 միլիոն տոլարի:

Աճուրդի դրուած իւղանկարը, որ աւելի քան 100 տարիէ ի վեր կը պատկանէր նոյն ընտանիքին, կը պատկերէ դերասան ժան Տըմարսին` ծաղկաւոր հագուստով եւ գլխարկով: Զայն գնած է Լոս Անճելըսի Փոլ Կեթի թանգարանը:

Այլաբանական գեղանկարը վերջին 20 տարիներուն փոխ տրուած էր Ուաշինկթընի Արուեստի ազգային պատկերասրահին: Անիկա Կեթի թանգարանին մէջ պիտի սկսի ցուցադրուիլ այս տարուան վերջաւորութեան:

Մանէ ծրագրած էր գծել տարուան եղանակներուն ներշնչումով 4 գեղանկարներ, սակայն միայն «Գարուն»-ը եւ «Աշուն»-ը աւարտած է 1883-ին իր մահէն առաջ, 51 տարեկանին:

Նոյեմբերի սկիզբը Քրիսթի՛զի արդի եւ տպաւորապաշտ արուեստի գործերու աճուրդին արձանագրուեցաւ միայն 165 միլիոն տոլարի վաճառք, բաղդատած` մրցակից Սոթպի՛զի արձանագրած 422 միլիոն տոլարի վաճառքին:

Քրիսթի՛զի տպաւորապաշտ եւ արդի արուեստի վաճառքի պատասխանատու Պրուք Լամփլիի համաձայն, Մանէի վաճառքը «լաւ գինով կատարուեցաւ եւ կը համապատասխանէ այսօրուան ճաշակներուն»:

Սակայն, Քրիսթի՛զ չէ յաջողած իրականացնել ամէնէն աւելի սուղ գինով գնահատուած յաջորդ գործին` ֆրանսացի խորանարդապաշտ գեղանկարիչ Ֆեռնան Լեկերի  «Լէ քոնսթրաքթոր աւեք արպր» գեղանկարին վաճառքը: 22 միլիոն տոլարով գնահատուած այս գործին նկատմամբ հետաքրքրութիւն չէ ստեղծուած աճուրդին ընթացքին:

Աճուրդի դրուած ուշագրաւ այլ գործերու շարքին էին Ալպերթօ Ճիաքոմեթիի «ՍթելԳ.» քանդակը, որ վաճառուեցաւ 9.9 միլիոն տոլարի, եւ` Խուան Միրոյի «Թուիլերի ա մոն-ռոչ» գեղանկարը, որ վաճառուեցաւ 8.7 միլիոն տոլարի:

Քրիսթի՛զ չէ յաջողած վաճառել խորանարդապաշտ գեղանկարիչ Ֆեռնան Լեկերի «Լէ քոնսթրաքթոր աւեք արպր» գեղանկարը:
Քրիսթի՛զ չէ յաջողած վաճառել խորանարդապաշտ գեղանկարիչ Ֆեռնան Լեկերի «Լէ քոնսթրաքթոր աւեք արպր» գեղանկարը:

Վճարուած մեծ գումարները կ՛ապացուցեն «լայնատարած հետաքրքրութիւնը տպաւորապաշտ եւ արդի արուեստի նկատմամբ», ինչպէս կ՛ըսէ Քրիսթիզ՛ի «Ամերիկեան ցամաքամասի» պատասխանատու Տաուկ Վուտհամ:

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (14 Նոյեմբեր 1964)

Յաջորդը

Արուեստի Աշխարհէն. Ինչո՞ւ Արուեստի Կարգ Մը Գործեր Արցունք Կը Խլեն

RelatedPosts

Ընդհանուր Պատերազմներ
Մշակութային եւ Այլազան

Ընդհանուր Պատերազմներ

November 20, 2026
Արհեստական Բանականութեան Առաւելութիւններն Ու Թերութիւնները Կրթութեան Մէջ
Մշակութային եւ Այլազան

Արհեստական Բանականութեան Առաւելութիւններն Ու Թերութիւնները Կրթութեան Մէջ

November 13, 2026
Սուրիոյ Քիւրտերը Կը Պայքարին Դպրոցին Մէջ Իրենց Լեզուն Կենդանի Պահելու Համար
Մշակութային եւ Այլազան

Սուրիոյ Քիւրտերը Կը Պայքարին Դպրոցին Մէջ Իրենց Լեզուն Կենդանի Պահելու Համար

November 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.