Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀԱՅՐԵՆԱՍԷՐ ՀԱՅՈՒՀԻՆ ՕՐԻՈՐԴ ԿԱՏԱՐԸ (ՄԱՀՈՒԱՆ ՔԱՌԱՍՈՒՆՔԻՆ ԱՌԻԹՈՎ)

July 23, 2011
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Բազմավաստակ ուսուցչուհի մը կորսնցնելու վիշտը զգացինք, երբ իմացանք մահը Կատարինէ Արթինեանի` պատահած 14 յունիս 2011-ին, Էջմիածին (Հայաստան), ուր բնակութիւն հաստատած էր վերջին տասնամեակին:

Բազմավաստակ ուսուցչուհին պաշտօնավարած է Ազգ. Սրբոց Քառասնից Մանկանց վարժարանին մէջ: Հոն ծառայած էր աւելի քան քառասուն տարի:

Ուսուցչական պաշտօնին առընթեր, Կատարինէ Արթինեան անձնդիր ծառայած է լիբանանահայ մշակութային կեանքին, մասնաւորաբար Համազգայինի մասնաճիւղերուն, ժամանակ մը «Սիմոն Վրացեան» մասնաճիւղին, ապա` Անթիլիասի շրջանի Համազգայինի «Նիկոլ Աղբալեան» մասնաճիւղին:

Խառնուածքով` ընկերասէր, գրասէր ու մշակութասէր: Իր մէջ շեշտուած էր ընթերցասիրութիւնը: Չկար գիրք մը, որ կարդացած չըլլար, ուրկէ` իր ընդհանուր զարգացման տէր ըլլալը: Կը կարդար անպայման օրուան մամուլը, բարի սովորութիւն մը, որ ներկայիս կը պակսի քիչ մը ամէն տեղ: Ան կը ստանձնէր պարտականութիւններ` միութենական ծրագրուած աշխատանքներու իրագործման համար: Ուսուցչական իր ասպարէզին ճամբով մասնակցած էր դէպի Հայաստան ուսուցիչներու վերաորակաւորման խումբին: Այնուհետեւ ան յաճախակի կ՛այցելէր հայրենիք, արձակուրդի ամիսներուն: Երբ մօտեցաւ հանգստեան կոչուելու ժամանակը, ան որոշեց հաստատուիլ Հայաստան, գնաց հայրենիք, բնակութիւն հաստատեց Էջմիածին քաղաքին մէջ, ուր իր կեանքը կը շարունակէր ամենայն հաճոյքով` աչք խփելով Հայաստանի մէջ առկայ աննպաստ երեւոյթներու, եւ միշտ կը մնար բարեացակամ ու հաւատարիմ քաղաքացի Հայաստանի:

Լիբանանէն Հայաստան ճամբորդած տարիներուն ան, իբրեւ հայրենասէր եւ դաշնակցական ոգիով կազմաւորուած հայուհի, կ՛երթար այցելելու մեր հերոսներուն գերեզմանները, ինչպէս` Արամ Մանուկեանի:

1980-ական թուականներուն էր, երբ օրիորդ Կատար կրկին այցելեց Հայաստան ամառնային դպրոցական արձակուրդին: Իրեն միացած էր իր շատ սիրելի բարեկամուհին եւ պաշտօնակիցը` Մարի Ճինպաշեան, որ նոյնպէս կը պաշտօնավարէր Ազգային Սրբոց Քառասնից Մանկանց վարժարանի նախակրթարանի մէջ: Անոնք միասնաբար կ՛ուզեն այցելել Արամ Մանուկեանի գերեզմանը, յարգանք մատուցանելու մոմավառութեամբ: Կը գտնեն գերեզմանատունը, կը հանդիպին պահակին եւ կը հարցնեն Արամ Մանուկեանին գերեզմանը: Պահակը կը զարմանայ եւ կարծես այդ անունը լսած չըլլար, կ՛ըսէ.

– Չեմ գիտեր…

Մեր երկու ուսուցչուհիները կը սկսին փնտռտուքի` խոտերով ծածկուած գերեզմանատան մէջ: Ուրկէ՞ եւ ինչպէ՞ս պիտի գտնեն: Ամառնային տօթին կը շարունակեն փնտռտուքը տեղ-տեղ խոտերը մաքրելով: Ի վերջոյ կը գտնեն Արամ Մանուկեանի խոտերու մէջ խեղդուած գերեզմանը: Երկուքով կը սկսին խոտերը մաքրելու գործողութեան, երբ երեւան կու գայ անշուք գերեզմանատան «կերպարը», մոմեր կը վառեն, խունկ կը ծխեն, աղօթք կը մրմնջեն, եւ կը մաղթեն, որ օր մը փառաւոր դամբարանի մը մէջ կամ Հայաստանի հերոսներու պանթէոնին մէջ կ՛ամփոփուի Հայաստանի առաջին հանրապետութեան կերտիչին մարմինը:

Այսպէս էին մեր աղջիկները. Հայաստան կ՛երթային առանց ապրանք տանելու ծախելու եւ փոխարէնը` «լուլու»ներ կամ գորգեր բերելու:

Կատարին այլ մէկ խիզախութիւնը եղաւ Նիկոլ Աղբալեանի երկերուն հատորները տանիլ Հայաստան եւ յանձնել Աղբալեանի դստեր` Շաղիկ-Տորային:

Կատար յաջողեցաւ այս առաքելութեան մէջ եւս, խորհրդային իշխանութեան տարիներուն, թէեւ` վախով-դողով, թէ մաքսատան մէջ ձեռքէն կ՛առնեն հատորը, բայց վստահելով Աստուծոյ արդար նայուածքին` կ՛անցնի սահմանը եւ հատորը կը յանձնէ Ն. Աղբալեանի արդէն հասուն տարիքի հասած դստեր, որ յուզումով կը ստանայ թանկագին գիրքը, միակ յիշատակ մը հօրմէն:

Բազմիցս Հայաստան այցելած մեր Կատարը  վերադարձին կը պատմէր այցելութիւնները դաշնակցական մեր հերոսական դէմքերուն մէկ զաւակին կամ թոռան հանդիպած ըլլալը ու կը պատմէր իրեն յատուկ մեղմ ու հանդարտ ոճով: Վերջին 7-8 տարիներուն Կատար դարձած էր Հայաստանի բնակիչ: Գնած էր փոքրիկ յարկաբաժին մը եւ հոն ալ փակեց իր աչքերը, թաղուեցաւ իր պաշտած հողին մէջ:

Հայ դպրոցին, հայ մշակոյթին, հայապահպանման նուիրեալ այս հայուհին քալեց օրինակելի ճամբով, որ զինք տարաւ ի վերջոյ իր երազած վայրը` հայրենիք:

Յիշատակդ մնայ անթառամ, սիրելի Կատար, հարիւրաւոր աշակերտներուդ եւ պաշտօնակիցներուդ սիրտերուն մէջ: Վստահ ենք` հայրենիքի հողը թեթեւ պիտի հանգչի յոգնատանջ մարմնիդ վրայ:

Ս. Պ.

Նախորդը

ԳՐՈՂԻ ԱՆԿԻՒՆԷՆ. ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅԵՐԷՆՆ ՈՒ ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅՈՒ ՄՏԱՀՈԳՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Յաջորդը

ՊՕՂՈՍ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԵԱՆԻ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.