Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Զմմառ. Անուանակոչութիւն` Ս. Միքայէլ Ընծայարանի

November 10, 2014
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

1108_zmaarՇաբաթ, 8 նոյեմբեր 2014-ի կէսօրուան ժամը 12:00-ին, Զմմառեան միաբանութեան մայրավանքի վերափոխման Ս. Կուսին եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Ս. պատարագ, որ մատուցեց Զմմառու միաբանութեան պատրիարքական փոխանորդ եւ Զմմառու վանքի մեծաւոր Գաբրիէլ Թ.Ծ. վրդ. Մուրատեան: Ան իր քարոզին մէջ հրեշտակապետերու կարեւորութեան շուրջ մեկնաբանութիւն մը ըրաւ, ապա շնորհաւորեց բոլոր անոնք, որոնք կը կրեն Գաբրիէլ, Միքայէլ եւ Ռաֆայէլ անունները եւ մաղթեց, որ ընծայարանը միեւնոյն թափով շարունակէ ծաղկիլ եւ բարգաւաճիլ սուրբ Միքայէլ հրեշտակապետին հովանիին ներքոյ: Գերապայծառը աւելցուց. «Բոլորեցինք 50 տարիները եւ Աստուծմով կանգուն պիտի մնանք ու դիմագրաւենք բոլոր փոթորիկները ու դիմաւորենք նորանոր ամեակներ, քանի դեռ հայու սիրտը հայօրէն եւ քրիստոնէավայել կը տրոփէ: Ուրեմն եկէ՛ք հաւատարիմ մնանք մեր Զմմառեան ուխտին եւ պատուանդանի վրայ պահենք մեր պապերէն մեզի կտակ մնացած սոյն միաբանութիւնը»:

Յաւարտ սուրբ եւ անմահ պատարագին ներկաները հիւրընկալուեցան ընծայարանի սեղանատունը: Հանդիսավար Լեւոն Ստեփան ողջունեց ներկաները: Բացման խօսքին մէջ Յովհաննէս Չագըրեան ակնարկութիւն մը կատարեց Ս. Գրիգոր Նարեկացիին «Տիեզերական եկեղեցւոյ վարդապետ» հռչակուելուն շուրջ հայ կաթողիկէ նուիրապետութեան ծաւալած աշխատանքին եւ աւելցուց, թէ «յայտագիրը խօսուն դարձնելու միտումով, իւրաքանչիւր ստեղծագործութեան պիտի զուգակցի տուեալ հեղինակի ստեղծագործութենէն` ձեռագիր մատեանի նմուշներ, որոնք մեծ խնամքով պահպանուած են միաբանութեանս մատենադարանին մէջ: Անոնցմով Զմմառու Արծիւեան միաբանութեան մատենադարանը հայրենի եւ սփիւռքի հայագէտներուն կողմէ դասուած է հայոց 5-րդ հայագիտական կեդրոնը: Մեր նպատակն է պեղել մատենադարանիս մէջ գտնուող միջնադարեան գանձերը եւ մատուցել այնտեղ անթեղուած գոհարները, որոնք մեր ազգի հոգեւոր հարստութիւններն ու հպարտանքն են»:

Տեղի ունեցաւ գեղարուեստական յայտագիր, որուն ընթացքին ցուցադրուեցան Զմմառու Արծիւեան միաբանութեան մատենադարանին մէջ խնամքով պահուած ձեռագիր նմուշներ:

Այնուհետեւ ընծայարանի տեսուչ Բարսեղ վրդ. Պաղտասարեան փոխանցեց տեսչութեան խօսքը: Ան յորդորեց սաներուն ըլլալ հաւատարիմ միաբաններ: Ապա, ան ընծայարանին անուանակոչութիւնը շնորհաւորելով եզրափակեց խօսքը:

 

 

Նախորդը

Պերլինի Պատը

Յաջորդը

118 Պատանիներ Տուին Դաշնակցական Պատանիի Իրենց Խոստումը. «Պատանիի Օր»-ուան Հանդիսութիւն, Նուիրուած` Սուլուխի Կռիւին

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.