Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Յեղաշրջող Գաղափարներ. Գիշերային Աշխատանքը Կը Բթացնէ Ուղեղը

November 10, 2014
| Մշակութային եւ Այլազան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

985SHIFT1ԳԻՏՆԱԿԱՆՆԵՐ ԿԸ ԶԳՈՒՇԱՑՆԵՆ, ԹԷ ՄԱՐԴԿԱՅԻՆ ԸՆԿԵՐՈՒԹԵԱՆ ՀԱՍՏԱՏԱԾ ԱՇԽԱՏԱՆՔԻ ԺԱՄԵՐԷՆ ԴՈՒՐՍ ԱՇԽԱՏԻԼԸ ԿՐՆԱՅ ԿԱՆԽԱՀԱՍՕՐԷՆ ԾԵՐԱՑՆԵԼ ՈՒՂԵՂԸ ԵՒ ԲԹԱՑՆԵԼ ՄՏԱՒՈՐԱԿԱՆ ՄԱԿԱՐԴԱԿԻ ՅԱՏՈՒԿ ԿԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ: «ՊԻ. ՊԻ. ՍԻ.» ԿԸ ՀԱՂՈՐԴԷ ՎԱՏ ԼՈՒՐԸ:

Ուսումնասիրութիւն մը, որ լոյս տեսած է «Օքիւփէյշընըլ էնտ Ինվայրընմենթըլ Մետըսին» թերթին մէջ, կ՛եզրակացնէ, թէ տասնամեակ մը շարունակ գիշերային եւ ցերեկային աշխատանքներու միջեւ տարուբերիլը աւելի քան 6 տարիով կը ծերացնէ ուղեղը:

Որոշ ապաքինում նկատուած է, երբ մարդիկ դադրած են մարդկային ընկերութեան հաստատած աշխատանքի ժամերը խախտելէ, սակայն հինգ տարի տեւած է, մինչեւ որ անոնք վերադարձած են բնականոն վիճակի:

Մասնագէտներու համաձայն, այս յայտնաբերումները յատկանշական դեր կրնան ունենալ մտային կարողութեան կորուստի ուսումնասիրութեան մէջ, որովհետեւ մտային կարողութեան կորուստէ տառապող անձեր նաեւ կը տառապին քունի խանգարումէ:

Մարմնին ներքին ժամացոյցը լարուած է այնպէս, որ աշխուժ ըլլանք ցերեկը եւ քնանանք գիշերը:

Մարմնին ժամացոյցին դէմ աշխատելու հետեւանքները բազմաթիւ են, ինչպէս` կուրծքի քաղցկեղ եւ սոնքութիւն:

Այժմ Սուանսիի եւ Թուլուզի համալսարաններէն գիտնականներ կ՛ապացուցեն նաեւ այս երեւոյթին ժխտական անդրադարձները ուղեղին վրայ:

Ֆրանսայի մէջ երեք հազար հոգի ենթարկուած է յիշողութեան, մտածելու արագութեան եւ իմացական աւելի լայն կարողութիւններ չափող քննութիւններու:

Ուղեղը բնականաբար կը սկսի տկար գործել տարիքի հետ: Սակայն ուսումնասիրողները կ՛ըսեն, թէ մարդկային ընկերութեան հաստատած աշխատանքի ժամերը խախտելը կ՛արագացնէ ուղեղին տկարանալու ընթացքը:

Անոնք, որոնք աւելի քան 10 տարի խախտած են աշխատանքի ընդունուած ժամերը, վերոնշեալ քննութիւններուն մէջ արձանագրած են իրենց տարիքէն 6.5 տարի աւելի մեծ անձերու հաւասար արդիւնքներ:

«Լաւը այն է, որ երբ ուսումնասիրութեան մասնակցած անձերը վերադարձած են աշխատանքի բնականոն ժամանակացոյցի, անոնց ուղեղը սկսած է վերադարմացնել ինքզինք, նոյնիսկ` հինգ տարիէն»:

Նկատառելի Տկարացում

Ֆիլիփ Թաքըր, որ մաս կը կազմէ Սուանսիի համալսարանին մէջ ուսումնասիրութիւնը գլխաւորած խումբին, կը բացատրէ, թէ աշխատանքային ժամերու խախտումը ինչպէ՛ս կը ջլատէ իմացական կարողութիւնը. «Ուղեղին գործունէութիւնը նկատառելի կերպով կը տկարանայ: Երբ մարդիկ կը ձեռնարկեն իմացական կարողութիւն պահանջող բարդ աշխատանքներու` շատ աւելի սխալներ կը գործեն եւ վրիպակներ կ՛արձանագրեն. հարիւրէն գէթ մէկը կը գործէ ծանր սխալ մը, որ կ՛ունենայ ծանր հետեւանքներ, սակայն դժուար է ըսել, թէ անդրադարձները որքա՛ն ուշագրաւ են առօրեայ կեանքի մէջ»:

Թաքըր կ՛ըսէ, թէ ինք կը խուսափի գիշերային աշխատանքէն, «երբ կարելի է», սակայն գիշերային աշխատանքը «անհրաժեշտ չարիք» մըն է, առանց որուն` չի կրնար ապրիլ մարդկային ընկերութիւնը:

Միջոցները կան մեղմացնելու գիշերային աշխատանքի ծանր հետեւանքները. հարկ է որդեգրել ընդունելի ժամանակացոյց, կանոնաւոր կերպով ենթարկուիլ բժշկական քննութեան, ինչպէս նաեւ իմացական կարողութիւնը չափող քննութիւններու` վտանգի կանխանշաններ փնտռելու համար:

985SHIFT2Բրիտանիոյ Բժշկագիտական ուսումնասիրութեան խորհուրդի մոլեքիւլային կենսաբանութեան գիտաշխատանոցէն Մայքըլ Հէյսթինկզ կ՛ըսէ. «Ետդարձի կարելիութիւնը իրապէ՛ս հետաքրքրական յայտնաբերում մըն է, որովհետեւ ցարդ ոչ ոք ապացուցած էր անոր գոյութիւնը: Կը նշանակէ, թէ որքան ալ ծանր ըլլայ անձի մը վիճակը, միշտ ալ ապաքինումի յոյս կայ»:

Հէյսթինկզի համաձայն, ուսումնասիրութեան անդրադարձները շատ աւելի յատկանշական են մտային կարողութեան կորուստի պարագային, որովհետեւ մտային կարողութեան կորուստը կը խանգարէ քունը, այնպէս` ինչպէս` գիշերային աշխատանքը:

«Եթէ յաջողինք արթննալու եւ քնանալու պարբերաշրջանը կարելի չափով անխախտ պահել, ապա հաւանական չէ, որ ենթարկուինք ջիղերու մաշումի, այլ կրնանք յաղթահարել ժամանակացոյցի խախտումի ժխտական անդրադարձներէն մէկը», կ՛ըսէ ան:

«Հիւանդապահներ պէտք է կիրարկեն ամէնօրեայ անխախտ ժամանակացոյց մը` 24 ժամուան վրայ բաժնուած աշխատանքային տրամաբանական ժամերով, մարմինը ցերեկը պարզելով լոյսին եւ հանգստանալով գիշերը, ինչպէս նաեւ` քնանալէ առաջ առնելով մելաթոնին պարունակող դեղ մը»:

Սըրիի քնանալու կեդրոնի մասնագէտներէն Տըրք-Եան Տայք կը զգուշացնէ նաեւ իրենց կեանքին ընթացքին գիշերը աշխատած եւ այժմ հանգստեան կոչուած անձերը. անոնք կը շարունակեն տառապիլ վատ քունէ` բաղդատած անոնց, որոնք երբեք չեն աշխատած գիշերը:

«Կարգ մը հետեւանքներ կարճ ժամանակամիջոցի մէջ չեն անհետանար», կը նշէ ան:

«Ցարդ ընդունուած էր, թէ գիշերային աշխատանքը լաւ չէ ֆիզիքական առողջութեան համար, սակայն այս ուսումնասիրութիւնը ցոյց կու տայ, թէ անիկա նաեւ վնաս կը պատճառէ ուղեղին գործունէութեան: Այս յայտնաբերումը զարմանք պիտի պատճառէ շատերուն»:

 

 

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (10 Նոյեմբեր 1964)

Յաջորդը

Յեղաշրջող Գաղափարներ. Աճապարելու Վնասները Եւ Ներկայութեան Հաճոյքը

RelatedPosts

Ընդհանուր Պատերազմներ
Մշակութային եւ Այլազան

Ընդհանուր Պատերազմներ

November 20, 2026
Արհեստական Բանականութեան Առաւելութիւններն Ու Թերութիւնները Կրթութեան Մէջ
Մշակութային եւ Այլազան

Արհեստական Բանականութեան Առաւելութիւններն Ու Թերութիւնները Կրթութեան Մէջ

November 13, 2026
Սուրիոյ Քիւրտերը Կը Պայքարին Դպրոցին Մէջ Իրենց Լեզուն Կենդանի Պահելու Համար
Մշակութային եւ Այլազան

Սուրիոյ Քիւրտերը Կը Պայքարին Դպրոցին Մէջ Իրենց Լեզուն Կենդանի Պահելու Համար

November 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.