
Շարունակելով Լիբանան կատարած իր այցելութիւնը, Ֆրանսայի ֆութպոլի ազգային խումբի նախկին յետսապահ Լիլիան Թիւրամ ընդլայնուած յատուկ հանդիպում մը ունեցաւ Անթունիէ համալսարանին ուսանողներուն հետ` Անթունիէ համալսարանին մէջ:
Թիւրամ ուսանողներուն հետ արծարծեց մասնաւորաբար ֆութպոլի հետ առնչուող հարցեր:
Այս հանդիպումին ներկայ էին, Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Փաթրիս Փաուլի, երեսփոխան Սիմոն Ապի Ռամիա, Լիբանանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնի նախագահ Ռոլան Սաատէ, յատուկ հրաւիրեալներ եւ մարզական լրագրողներ:
Աւարտին Անթունիէ համալսարանին ընդհանուր քարտուղար Հայր Ճօ Պու Ժաուտէ հարցումներու առիթ տուաւ ուսանողներուն:
Վերջին բաժինով համալսարանին նախագահը` Հայր Շըհուան Ժըրմանոս յատուկ յուշանուէրով մը պատուեց Թիւրամը:


