Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արուեստի Աշխարհէն. Փաստը, Թէ Արդի Արուեստը Աղբակոյտ Չէ

November 7, 2014
| Մշակութային եւ Այլազան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

ԾԱՆՕԹԱՆԱՆՔ ԱՅՆ ԱՐՈՒԵՍՏԱԳԷՏԻՆ, ՈՐ ՔԱՆԴԱԿՆԵՐ ԿԸ ՇԻՆԷ ՓՈՂՈՑԸ ԹԱՓՈՒԱԾ ԻՐԵՐԷ` ՔՆՆԱԴԱՏԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ ՄԱՐԴԿԱՅԻՆ ԸՆԿԵՐՈՒԹԵԱՆ ԿԱՏԱՐԵԼԱՊԱՇՏՈՒԹԵԱՆ ՄԱՐՄԱՋԸ: «ՏԻ ԻՆՏԻՓԵՆՏԸՆԹ» ԿԸ ՆԿԱՐԱԳՐԷ.

985trash3Սպանացի արուեստագէտ Ֆրանսիսքօ տը Փախարոյի գլխաւոր նպատակն է ցոյց տալ, թէ արդի արուեստը աղբակոյտ չէ:

Պարսելոնա ծնած արուեստագէտը կ՛օգտագործէ հին ներքնակներ, տուփեր, աղբի տոպրակներ` ստեղծելու համար իր պայծառ եւ կատակախառն գործերը Եւրոպայի փողոցներուն մէջ:

Խորովածի խաւաքարտէ պնակներէ մինչեւ թափուած սառնարաններ օգտագործելով` տը Փախարօ անցորդները կը տպաւորէ իր ինքնաբուխ քանդակներով, որոնց կը կցէ «Արուեստը աղբ է» պիտակը:

Փողոցը թափած մեր իրերէն արուեստ ստեղծելով` տը Փախարօ կը նպատակադրէ քննադատել մարդկային ժամանակակից ընկերութիւնը, որ տեւաբար կը փնտռէ կատարեալը: «Գեղեցկութիւնը ներկայ է, սակայն նաեւ գոյութիւն ունին տգեղ բաներ, որոնք մաս կը կազմեն մեր միջավայրին», կ՛ըսէ ան:

Թէեւ Փախարոյի գործերը լաւ ընդունելութիւն գտած են, սակայն անոր ընտրած հում նիւթը պատճառ կը դառնայ, որ անոր զետեղման արուեստի գործերը սովորաբար գոյատեւեն միայն քանի մը օր, մինչեւ որ աղբահաւաքները տանին զանոնք կամ մարդիկ փճացնեն:

985trash1Փախարօ սովորաբար կ՛աշխատի երեկոյեան, երբ վաճառատուները կը փակուին եւ իրենց աղբերը կը թափեն փողոց:

Սակայն այս արուեստագէտը չ՛ափսոսար իր ստեղծագործութիւններուն անհետացումը:

«Անշուշտ չեմ կրնար զանոնք հետս տուն տանիլ, թէեւ շատեր պիտի փորձէին գործերս տուն տանիլ, երբ ծանօթ անուն մը դարձած եմ», կ՛ըսէ ան:

Վերջերս Լոնտոն այցելելով` Փախարօ նախընտրած է աշխատիլ Պրիք Լէյնի վրայ, որուն փողոցի արուեստը այնքա՛ն հանրածանօթ դարձած է, որ զբօսաշրջիկներ դրամ կը վճարեն ուղեցոյցներու, որպէսզի զիրենք պտտցնեն` տեսնելու համար այս թաղամասին պատերուն գծագրութիւնները:

Փախարօ իր ստեղծագործութիւնները կը նկարագրէ իբրեւ «փոքրիկ նուէր մը` պայծառացնելու համար քաղաքը»:

Փախարոյի աղբէ քանդակները, որոնք #artistrash պիտակով կը յայտնուին համացանցի ընկերային հաղորդակցութեան կայքէջերու վրայ, լայն տարածում ունին. անոնք, որոնք բախտը կ՛ունենան հանդիպելու անոնց, անմիջապէս կը բաժնեն այլոց հետ: Փախարօ համացանցը կը նկարագրէ իբրեւ «հսկայական պատկերասրահ մը», որուն ճամբով արուեստը կրնայ յարատեւել, ինչ որ դժուար է իրական կեանքի մէջ:

Արուեստագէտը առաջին անգամ Լոնտոն այցելած է 2005-ին, երբ միայն պաստառի վրայ կը գծէր: Ան կը շարունակէ գեղանկարներ եւ գծանկարներ վաճառել, սակայն նիւթական ոչ մէկ շահ կ՛ապահովէ փողոցին մէջ ստեղծած իր գործերով:

Թէեւ Փախարօ նախընտրած է ստեղծագործել Լոնտոնի սրտին մէջ, սակայն ան նաեւ պատգամ մը կը փափաքի փոխանցել մօտակայ դրամատուներուն:

Ան իր տիպարները կը նկարագրէ իբրեւ «խոցուած, ստորնացուած եւ ընկերութեան կողմէ անտեսուած մարդիկ», որոնք «կը ձգտին արդարութեան եւ նուազ անձնասէր աշխարհի մը»:

«Աշխատաւոր խաւը կը ներկայացնեմ իբրեւ միացեալ ուժ մը` դրամատիրական վարչակարգի բռնատէրերուն դէմ պայքարին մէջ», կ՛ըսէ ան:

 

Նախորդը

Արուեստի Աշխարհէն. Ճարտարապետական Յղացք` Երկվայրկեանի Մէջ

Յաջորդը

Փափուկ Մէջքը Կամ «Ալխասիրա Ալրախուա»

RelatedPosts

Ընդհանուր Պատերազմներ
Մշակութային եւ Այլազան

Ընդհանուր Պատերազմներ

November 20, 2026
Արհեստական Բանականութեան Առաւելութիւններն Ու Թերութիւնները Կրթութեան Մէջ
Մշակութային եւ Այլազան

Արհեստական Բանականութեան Առաւելութիւններն Ու Թերութիւնները Կրթութեան Մէջ

November 13, 2026
Սուրիոյ Քիւրտերը Կը Պայքարին Դպրոցին Մէջ Իրենց Լեզուն Կենդանի Պահելու Համար
Մշակութային եւ Այլազան

Սուրիոյ Քիւրտերը Կը Պայքարին Դպրոցին Մէջ Իրենց Լեզուն Կենդանի Պահելու Համար

November 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.