Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը, ներկայութեամբ իր անդամներուն մեծամասնութեան, Վերտանի իր կեդրոնատեղիին մէջ գումարեց շաբաթական իր հերթական ժողովը, որուն ընթացքին տուաւ շարք մը որոշումներ եւ վաւերացուց նախորդ շաբաթավերջին արձանագրուած մրցումներուն արդիւնքները:
Ֆետերասիոնը, քննելէ ետք ՀՄԸՄ – Սաժես մրցումին ընթացքին տեղի ունեցած հարցերը, յայտարարեց, որ ՀՄԸՄ իր յաջորդ մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ կիրակի, 9 նոյեմբերին` Իժթիմահիի դէմ (բաժակի մրցաշարք), պիտի կատարէ առանց իր համակիրներուն` դռնփակ:
Ասկէ բացի, ՀՄԸՄ մէկ միլիոն լիբանանեան ոսկի տուգանքի ենթարկուեցաւ այդ հարցերուն պատճառով:
Տուգանք ստացաւ նաեւ Սաժես` նկատի ունենալով, որ անիկա Ահտի դէմ տեղի ունեցած մրցումին (երիտասարդներու ախոյեանութիւն, 11-րդ հանգրուան) դաշտ ներկայացուց իր կախակայուած երկու մարզիկները (Ապտել Հաֆիզ Թանիր եւ Քարիմ Քապպանի): Անիկա ստացաւ 2 միլիոն լիբանանեան ոսկիի տուգանք մը:
1 միլիոն լիբանանեան ոսկիի տուգանք մը ստացաւ նաեւ Սալամ Զղարթա:


