Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ժամանակը Չէ՞ Արդեօք Ճանչնալու Պոնտոսի Յոյներուն Եւ Ասորիներուն Ցեղասպանութիւնը

November 4, 2014
| Հայ Դատ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Pontian-Greeks-GenocideՅասմիկ Յարութիւնեան «Ազգ» օրաթերթին մէջ լոյս տեսած իր յօդուածին մէջ կը գրէ. «Վերջին երկու ամսուան ընթացքին Յունաստանի խորհրդարանը երկու շատ կարեւոր որոշում տուաւ: Նախ որդեգրեց Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծը` այսպիսով դառնալով Եւրոպայի մէջ նման օրէնք որդեգրող երրորդ պետութիւնը` Զուիցերիայէն եւ Սլովաքիայէն ետք: Երկրորդ կարեւոր որոշումը Յունաստանի խորհրդարանը որդեգրեց շուրջ երկու շաբաթ առաջ, որով կառավարութեան ներկայացուցած օրինագիծով յունահայոց թեմը իրաւական ճանաչում ստացաւ: Անշուշտ այս օրինագիծերը առաջին հերթին ուղղուած են իրականացնելու այն համաձայնագրերը, որոնք Յունաստանը ստանձնած է Եւրոպական Միութեան եւ միջազգային այլ կառոյցներէն, սակայն այդ որոշումները շատ մեծ նշանակութիւն ունին Հայաստանի համար, յատկապէս այսօր` Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի նախաշեմին: Յունաստանի կողմէ Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծին որդեգրումը կրնայ նաեւ օրինակ հանդիսանալ եւրոպական այլ պետութիւններու: Եթէ նոյնիսկ Եւրոպայի մէջ Յունաստանի օրինակին հետեւողներ չըլլան, ապա քննարկումները այդ թեմայի ուղղութեամբ արդէն իսկ նպաստաւոր են Հայաստանի համար: Անշուշտ այս առնչութեամբ Հայաստանն ալ պէտք է տեղեկատուական-քարոզչական լուրջ նախաձեռնութեամբ հանդէս գայ եւ հանդիպումներու ժամանակ Յունաստանի օրինակը մատնացոյց ընելով` շեշտէ Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնելու անհրաժեշտութիւնը ցեղասպանութիւններու կանխարգիլման գործին մէջ: Սակայն ատոր զուգահեռ, ժամանակն է, որ Հայաստանի խորհրդարանը նախաձեռնէ եւ ճանչնայ Պոնտոսի յոյներուն եւ ասորիներուն ցեղասպանութիւնները»:

Ասիկա ոչ թէ պատասխան պիտի ըլլայ Յունաստանին, այլ ճիշդ մարտավարութիւն` ընդդէմ Թուրքիոյ: Առաջին հերթին դատապարտելով ցեղասպանութիւնը այդպիսի արհաւիրք տեսած ազգը կը փորձէ կանխարգիլել ցեղասպանութիւններու կրկնութիւնը: Ասիկա շատ կարեւոր պիտի ըլլայ յատկապէս ներկայիս, երբ Իրաքի մէջ եւ Սուրիոյ հիւսիսը կը կատարուի այն, ինչ տեղի ունեցած էր 100 տարի առաջ Արեւմտեան Հայաստանի եւ Կիլիկիոյ մէջ: Անշուշտ Պոնտոսի յոյներուն եւ ասորիներուն ցեղասպանութիւնը ճանչնալով` դժուար թէ Հայաստանը կարողանայ սթափեցնել գերտէրութիւնները եւ կազմակերպութիւնները, որպէսզի անոնք իրական եւ սթափ գնահատեն Իրաքի մէջ կատարուելիքն ու կանգնեցնեն ոճրագործութիւնը, սակայն, միւս կողմէ, ասիկա պիտի ըլլայ ցեղասպանութեան դէմ պայքարի հերթական փուլ, միջոց եւ քայլ:

Հարցը բարոյական հարթութենէն զատ ունի նաեւ քաղաքական-դիւանագիտական կողմ: Այս գաղափարախօսութիւնը բազմիցս բարձրացուցած է թրքագէտ Արտակ Շաքարեանը:

«Ճանչնալով Պոնտոսի յոյներուն եւ ասորիներուն ցեղասպանութիւնը, Հայաստան միաժամանակ կը հերքէ թրքական այն թեզը, որ Համաշխարհային Ա. պատերազմի տարիներուն պատերազմած են հայերու դէմ, որովհետեւ անոնք կ՛աջակցէին ռուսական բանակին: Նոյն ժամանակահատուածին մէջ թուրքերը կոտորած են նաեւ յոյները եւ ասորիները, մինչդեռ այդ ազգերը որեւէ կապ չունէին ռուսերու եւ ռուսական բանակին հետ: Ասիկա ծրագրուած սպանդ եղած է քրիստոնեայ բնակչութեան դէմ, որմէ, անշուշտ, ամէնէն շատ հայերը տուժած են», կ՛ըսէ Շաքարեան:

Նոյն տեսակէտը արտայայտող ամերիկահայ ցեղասպանագէտ Արմէն Մասրուպեանի գնահատմամբ, Հայաստանի խորհրդարանը անյապաղ պէտք է ճանչնայ Պոնտոսի յոյներուն ցեղասպանութիւնը, այս ձեւով ոչ միայն պահանջելով աշխարհէն արդարութիւն, այլ նաեւ` ինք օրինակ ծառայելով եւ պայքարելով ցեղասպանութիւններու միջազգային ճանաչման համար:

Նախորդը

Թրքական Ոլրանետ` Պումըրանկ

Յաջորդը

Զմիւռնիայի Հայ Եւ Յոյն Բնակչութեան Բնաջնջման Սպառնալիքի Ժխտման Հետեւանքները (1922 Թ. Սեպտեմբեր) (Ա. Մաս)

RelatedPosts

Հայ Դատ

Համալսարանի Մէջ Ուսանողներուն Ապսպրուած Գիտական Աշխատանքի Քննութիւն. «Պատրաստեցէք Հայոց Ցեղասպանութեան Պնդումները Ջրող Աշխատասիրութիւն»

December 31, 2014
1231fatih
Հայ Դատ

Մէկ Ժապաւէնը Չի Կարող Ներողութիւն Խնդրել. Ֆաթիհ Աքըն

December 31, 2014
Հայ Դատ

«Զաման». «Թուրքիոյ Միակ Հայկական Գիւղը` Վաքըֆլը»

December 31, 2014
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.