Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քուրանը Հայերէնի Թարգմանուեր Է…

November 3, 2014
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ

LSH_Kurani-Kerim-3Քանի մը շաբաթ առաջ  թրքական մէկէ աւելի լրատու գործակալութիւններ ու կայքէջեր կը հաղորդէին լուր մը, որ առաջին ակնարկով թերեւս ունէր հետաքրքրութիւն ստեղծելու բոլոր տուեալները:

Լուրը հետեւեալն էր. Անգարայի համալսարանի լեզուի, պատմութեան ու աշխարհագրութեան ամպիոնի մագիստրոսութեան ուսանողներէն Եաւուզ  Այտըն (որ կը թուի, թէ քիչ մը հայերէն ալ գիտէ, քանի ուսաներ է վերոնշեալ ամպիոնին կից հայ լեզուի եւ մշակոյթի բաժանմունքին մէջ), ձեռնարկեր է իսլամական Քուրանի հայերէն թարգմանութեան եւ երկու տարուան մէջ գործին մէկ մասը աւարտելով` զայն հրատարակեր է առանձին գիրքի ձեւով, Անգարայի մէջ, թրքական հրատարակչատան մը հովանաւորութեամբ:

Թարգմանական աշխատանքին խմբագրումն ու վերահսկողութիւնը յանձն առեր է Պոլսոյ «Ակօս» թերթի հայերէն էջերու պատասխանատու խմբագիր ու սիւնակագիր Բագրատ Էսթուքեան:

Եաւուզ Այտըն իր այս յանդուգն ու անակնկալ նախաձեռնութեան մասին բացատրութիւններ տալով թուրք լրատուամիջոցներուն` յայտներ է, որ կը  փափաքի օժանդակել աշխարհացրիւ հայերուն, որպէսզի անոնք կարենան կարդալ Քուրանը իրենց մայրենի լեզուով, եւ այդ ճամբով` «ծանօթանան մահմետական կրօնի լայնախոհութեան, գրաւչութեան եւ տիեզերական պատգամներուն»: Դեռ աւելի՛ն, անոր նպատակը եղած է յօժար կամքով իսլամութիւնն ընդունող հայերուն ձեռքը պատրաստի սուրբ գիրք մը տալ, ինչպէս նաեւ` աջակցիլ այն թուրքերուն, որոնք հայերէն պիտի ուզէին սորվիլ այս գրքին միջոցով…:

Թարգմանական այս երկարաշունչ գործը պիտի շարունակուի եղեր յառաջիկային ալ ու պիտի ամբողջանայ ընդհանուր 2500 էջով ու 10 հատորներով:

* * *

Լուրը շահեկան է անշուշտ ու կարելի չէ անտարբեր անցնիլ անոր վրայէն:

Քուրանը թարգմանուեր է հայերէնի, ու թարգմանիչն ալ թուրք համալսարանական մըն է:

Եւ եթէ քիչ մը խորանանք լուրին մանրամասնութիւններուն մէջ, պիտի իմանանք, որ հայերէն այս թարգմանութիւնը կատարուեր է մեր լեզուին զոյգ ճիւղաւորումներով` արեւմտահայերէն եւ արեւելահայերէն:

Այլ խօսքով, կ՛երեւի թարգմանիչ պարոնը, թէ ուզեր է ցոյց տալ իր հմտութիւնը մեր երկու լեզուաճիւղերուն մէջ, կամ ալ, ո՜վ գիտէ, փափաքեր է Քուրանի շողարձակումները սփռել Հայաստանի Հանրապետութենէն մինչեւ հայկական սփիւռքի հեռաւոր անկիւնները…

Ինչո՞ւ չէ: Հայաստան կղզեակ մըն է, շրջապատուած` մահմետական դրացի բազմամիլիոն ժողովուրդներով: Քիչ չէ թիւը նաեւ արաբական երկիրներու մեր գաղութներուն:

Հետեւաբար Քուրանի ընթերցումը, մեր Աստուածաշունչին զուգահեռ, ակադեմական փորձառութիւն մը կրնայ շահեցնել բոլորիս:

* * *

Ու հիմա` քիչ մը պատմութիւն:

Քուրանի հայերէն թարգմանութիւններ առաջին անգամ կատարուեր են միջին դարերուն: Ասոնք մասնակի ու հատուածական թարգմանութիւններ եղեր են` արաբերէն լեզուին գիտակ հայ գրիչներու կողմէ: Աւելի ընդարձակ հայացում մը իրականացուցեր է Լվովի պանծալի դէմքերէն Ստեփանոս Լեհացի վարդապետը, ԺԷ. դարուն, լատիներէնի թարգմանուած Քուրանի մը վրայէն (ձեռագիրը պահ դրուած է Երեւանի Մատենադարանը):

Ըստ հանրագիտարանային տեղեկութիւններու, Քուրանի արաբերէնէ ու ֆրանսերէնէ կատարուած հայերէն թարգմանութիւններ հրատարակուեր են Պոլիս (1911) ու Վառնա (1909-ին ու 1912-ին), Աբրահամ Ամիրխանեանցի ու Յ. Գուրպէթեանի կողմէ:

Ամբողջական թարգմանութիւն մը իրականացուցած ըլլալու պատիւը, սակայն, կ՛երթայ իրանահայ թարգմանիչ Էդուարդ Հախվերդեանին: Ան, Երեւանի պարսկական դեսպանատան առաջարկով, ձեռնամուխ կ՛ըլլայ այս ի՛րապէս դժուար, բարդ ու պատասխանատու գործին, կ՛աւարտէ զայն յաջողութեամբ, ու ի վերջոյ հայերէն Քուրանը հրապարակ կը հանէ 2006-ին, Հայաստանի մէջ: Թարգմանութիւնը կը կատարուի պարսկերէնէ արեւելահայերէն:

Ի դէպ, Քուրանը «աստուածառաք» մատեան մը կը նկատուի մահմետական կրօնին կողմէ: Անիկա դասական արաբերէնի գոհար նմուշ մըն է: Կը բաղկանայ 114 «սուրա»-ներէ (գլուխ) եւ 6216 «այէ»-ներէ (պատգամ): Միայն իմաստասիրական միտքերու հաւաքածոյ մը չէ Քուրանը, այլ տեսակ մը օրէնսգիրք է, ուր թելադրութիւններ կամ հրահանգներ կան` աղօթքի, առօրեայ ընկերային-կենցաղային կեանքի, ամուսնութեան, ապահարզանի, ժառանգութեան վերաբերեալ, ինչպէս նաեւ պատգամներ` կրօնա-դաւանական, քաղաքական ու զինուորական բնոյթի… Անիկա հիմքն է իսլամ աստուածաբանութեան ու անո՛վ է, որ ձեւաւորուած է մահմետական հասարակութեան քաղաքացիական ու կրօնական իրաւունքը (շարիաա):

* * *

Վերադառնանք սակայն Եաւուզ Այտընին ու անոր նորատիպ «հայերէն» Քուրանին:

Գիրքը տեսնելու բախտը չենք ունեցած անշուշտ, բայց համացանցի վրայ կրցանք «ձերբակալել» նորատիպին էջերէն քանի մը լուսանկարներ, որոնք կատարելապէս բաւարար են գաղափար մը կազմելու համար հայագիտական այս մե՜ծ «նուաճում»-ին մասին…

Լուսանկարուած պատճէնները ցոյց կու տան, թէ նորատիպ Քուրանին հանդիպակաց էջերը բաժնուած են չորս համահաւասար շրջանակներու: Ձախակողմեան էջերուն վրայ տպագրուած են Քուրանի արաբերէն մայր բնագիրն ու անոր թրքերէն (լատինատառ) տարբերակը, իսկ աջակողմեան էջերուն վրայ տեղադրուեր են համապատասխան «այէ»-ներուն արեւմտահայերէն ու արեւելահայերէն «թարգմանութիւն»-ները:

Աժան հեգնանքի համար չէ՛, որ չակերտեցինք վերջին բառը:

«Թարգմանութիւն»-ը կատարեալ խայտառակութիւն մըն է, ամէն բանէ առաջ` իբրեւ ԼԵԶՈՒ եւ ՈՒՂՂԱԳՐՈՒԹԻՒՆ:

Ահաւոր ու ծիծաղաշարժ սխալներ աչք կը ծակեն առաջին ակնարկով իսկ…

Տանք քանի մը օրինակներ ՆՈՅՆՈՒԹԵԱՄԲ (առանց դոյզն սրբագրութեան)` մէջբերումները կատարելով համացանցի վրայ զետեղուած լուսանկարային պատճէններէն.

– Աղօթքներին ու միջին աղոթքին շարունակե՛ք ու Ալլահի համար խոնահրվելով ոտքի ելնելով աղոթքին կանքնե՛ք: (Ասիկա «արեւելահայերէն»-ն է…)

–  Աղոթքներին ու միջին աղոթքին շարունակէք՛ ու Ալլահի համար խոնահրվելով ոտքի ելնելով աղոթքին կանքնէք: (Այս մէկն ալ` վերինին «արեւմտահայերէն» տարբերակն է եղեր…):

Կամ`

– Եթէ մի վախի վիջակում եք գտնվում, հետիոտն կամ հեծանելիքի վրա գնալով արե՛ք: (Ասիկա «արեւելահայերէն»-ն է…)

– Եթէ վախի մը վիջակի մէջ կը գտնւէք, հետիոտն կամ հեծանելիքի վրա գնալով ըրէք՛: (Այս մէկն ալ` վերինին «արեւմտահայերէն» տարբերակն է եղեր…):

Ա՛լ պիտի չուզենք շարունակել:

Պիտի չուզենք աւելին իմանալ` մեր ոսկեղնիկին այս նորօրեայ մորթոտումին եւ առաթուր տրորումին մասին…

Եղածը եղած է: Թուրք համալսարանական մը Քուրանը հայերէնի «թարգմաներ» է, հայ խմբագիր մըն ալ զայն «վերահսկեր ու խմբագրեր» է…

Երանի՜ մեզի…

Հալէպ

 

 

Նախորդը

Էտկար Շահին (1874-1947). Գեղանկարչական Աշխարհի Մեծատաղանդ Հայ Վարպետը

Յաջորդը

Յուշեր Նիկոլ Աղբալեանի Գրաբարի Դասէն

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.