Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մանկապատանեկան Նոր Գիրք Մը. The Mission (Առաքելութիւնը)

November 3, 2014
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ

Tamar_The-MissionՄանկագրութիւնը ասպարէզի վերածած է Թամար Աբովեան-Խանճիհանեան: Այս օրերուն ան լոյս ընծայած է անգլերէն լեզուով նոր գիրք մը «Տը միշըն», այսինքն` առաքելութիւնը թեմայով: Գիրքը լոյս տեսած է Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան մէջ, 2014-ին եւ ձօնուած է Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակին եւ համայն հայութեան ճակատագրուած, ըսելու համար` «թէ այս սկիզբն է եւ ոչ աւարտը»:

Անգլերէն լեզուով գրուած հեքիաթ մըն է` նկարազարդուած տաղանդաւոր գեղանկարչուհի Մարալ Փանոսեանի վրձինով:

Հեքիաթ մըն է այս ստեղծագործութիւնը, ուր կ՛երեւին մանչուկ մը` Նարեկ անունով, իր մեծ հայրը, որուն հետ զրոյցի նստած է եւ հարցադրումներ կ՛ընէ, թէ ի՞նչ պատահած է հայոց ազգին: Մեծ հայրը չի պատասխաներ, ապա թոռնիկը կ՛առաջնորդէ դէպի գետեզերք` ձուկ որսալու: Այս միջոցին Նարեկ տեսիլք մը կ՛ունենայ, աչքերուն կ՛երեւայ մատիտի մը մեծութեամբ մարմին մը, որ յետոյ կը վերածուի պարիկի մը կերպարին, որուն անունը Նոյ է:

Իրականութիւնը կը վերածուի հեքիաթային աշխարհի մը: Նարեկ իր մեծ հօրը հետ չէ այլեւս: Նարեկ կը հետեւի Նոյ պարիկին հետքերուն: Առաջին հանգրուանը մեծ ծառի մը բունին խոռոչն է: Նարեկ-Նոյ զրոյցը կը շարունակուի հեքիաթին լեզուով: Պարիկը ինքզինք կը ծանօթացնէ, ապա կը յայտնէ, թէ խոռոչը աշխարհ մըն է ինքնին, ուր կ՛ապրին պարիկներ: Նոյ կը ծանօթացնէ Նարեկին իր գործակից պարիկին` «Գոռ»-ին, որ խումբ մը չար պարիկներով փախած էին իրենց աշխարհէն: Անոնք աւերներ կը գործէին` խանգարելով ելեկտրոնային խաղերը, համացանցի բոլոր տեսակները:

Նոյ կը թելադրէ Գոռին, որ համախմբէ իր գործակից պարիկները` առաքելութիւն մը կատարելու համար: Պարիկներու խումբը հագած էր հայկական եռագոյնի գոյներով տարազներ:

Հեքիաթը մանրամասնութիւններ ունի: Այս պարագային երեւան կու գայ հեղինակին մտայղացումը, դէպքերը զարգացնելու սրամտութիւնը, որ մանուկներու հետ մեծերն ալ կը փոխադրէ մինչեւ Հայաստան:

Նոյ իր պարիկները խումբերու կը բաժնէ, զանոնք կ՛ուղարկէ Թուրքիոյ զանազան քաղաքները` անոնց յանձնարարելով խանգարել համացանցի բոլոր տուեալները, քաոսի վերածելով շրջապատը: Այս խառնիճաղանճը կը տեւէ կարճ ժամանակամիջոց մը, որմէ ետք խանգարումը վերստին կը ստանայ իր բնական զօրութիւնը, այն իրողութեամբ, որ պաստառներուն վրայ կը գրուի` Հայոց ցեղասպանութիւն, արդարութիւն, ապրիլ 24, արթնցի՛ր Թուրքիա, հանդարտեցնելու համար խիղճդ` ընդունելով քու ըրած չարիքդ, ինչպէս նաեւ պէտք է գիտնաս, թէ ինչո՛ւ հայ ժողովուրդը ցրուած է աշխարհի չորս ծագերուն:

Իրականութիւն, երեւակայութիւն թեւանցուկ կը քալեն այս գիրքին մէջ: Թամար Խանճիհանեան օգտագործած է իր շնորհները, բացառիկ երեւկայութիւնը` հեքիաթը վերածելով ազգային պահանջատիրութեան, զայն դրոշմելով անգլիախօս մեր մանուկներուն, պայծառ մտածողութեան վրայ:

Յարմար չենք նկատեր հեքիաթին մանրամասնութիւնը վերծանել: Գրուած է մաքուր, պարզ, հասկնալի անգլերէնով: Կրնան կարդալ նոյնիսկ մեր հայկական վարժարաններու բոլոր աշակերտները: Ստանալու համար դիմել հեղինակին եւ Համազգայինի տպարանի գրատարածին:

 

29 հոկտ. 2014

Նախորդը

Բնութիւն Եւ Մարդ. Բնակչութեան Աճը Վհատեցուցիչ Է Ներկայի Նախատեսութիւններով

Յաջորդը

«Հայերը 2115-ին» Նիւթով Ռազմավարական Սեմինար

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.