
Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամներ Ուալիտ Սըքքարիէն եւ Քասեմ Հաշեմը, որոնց հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:
Վարչապետարանի այցելուներէն եղաւ նաեւ Ժողովրդավարական վերանորոգում շարժումի նախագահ, նախկին երեսփոխան Քամիլ Զիատէ:
Հանդիպումէն ետք Զիատէ շեշտեց, որ ողջունած է վարչապետ Սալամի վարած քաղաքականութիւնը` Լիբանանի դիմագրաւած այս ծանր հանգրուանին ընթացքին:
Նշենք, որ վարչապետ Սալամ երէկ շարունակեց հետեւիլ առեւանգուած բանակայինները ազատ արձակելու թղթածրարին:


