«Պի.Պի.Սի.» կը հաղորդէ, որ Ռուսիան եւ Ուքրանիան, Եւրոպական Միութեան միջնորդութեամբ, համաձայնագիր ստորագրած են` Ուքրանիոյ ռուսական կազի մատակարարումը վերսկսելու շուրջ:
Ռուսիոյ ուժանիւթի նախարար Ալեքսանտր Նովաք Պրիւքսէլի մէջ յայտարարած է, որ Քիեւ պիտի սկսի վառելանիւթ ստանալ «Կազփրոմ» ընկերութեան իր պարտքի առաջին մասին վճարումը կատարելէն ետք:
Ըստ անոր, մինչեւ տարուան վերջ Ուքրանիան պէտք է շուրջ երեք միլիառ տոլար վճարում կատարէ: Ուքրանիոյ ուժանիւթի նախարար Եուրի Փրոտան ըսած է, որ Քիեւ համապատասխան միջոցներ ունի:
Իր կարգին, Եւրոպական Միութեան ուժանիւթի հարցերով յանձնակատար Կունթեր Էթինկըր խոստացած է, որ Քիեւ ելեւմտական աջակցութիւն պիտի ստանայ Եւրոպական միութենէն եւ Դրամական միջազգային ֆոնտէն:


