Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գաղթականներու Թղթածրար

November 1, 2014
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Յ. ԼԱՏՈՅԵԱՆ

Լիբանանի կառավարութիւնը ՄԱԿ-էն մինչեւ Պերլինի մէջ գումարուած շաբաթասկիզբի ժողովը յստակ պատգամ մը ստացաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն եւ եւրոպական կարգ մը պետութիւններէ:

Թուրքիոյ եւ Յորդանանի մէջ սուրիացի գաղթականները կը տեղաւորուէին յատուկ գաղթակայաններու մէջ, ուր ապահովական, առողջապահական, ընկերային եւ կրթական բազմաթիւ հարցերը կարելի կ՛ըլլար առաւել հսկողութեան տակ պահել եւ թափանցիկ կերպով տեսնել: Լիբանանին առաջին օրէն արգիլուեցաւ նման քայլ մը առնել, եւ երկրի մէջ տիրող քաղաքական սուր երկփեղկումին պատճառով բոլոր շրջաններուն մէջ ցիր ու ցան տարածուեցան աւելի քան մէկուկէս միլիոն գաղթականները:

Լիբանանը փաստօրէն քաղաքական որոշումի հարց ունի: Գաղթականներու հարցը քաղաքականացած է: Երեք տարուան փորձառութիւնը ցոյց կու տայ, որ ոչ կառավարական բարեսիրական միութիւններն ու հաստատութիւնները աւելի վարկ եւ յարգանք կը վայելեն ՄԱԿ-ի եւ միջազգային օժանդակող հաստատութիւններուն մօտ, քան` պետութիւնը:

Այս բոլորէն անդին մեծ թիւով գաղթականներ ժամանակաւոր կեցութեամբ Լիբանան կը գտնուին եւ եւրոպական եւ ամերիկեան ցամաքամասերու իրենց գաղթականութեան դիմումներու պատասխանները կը սպասեն:

Քանատայի, Շուէտի, Հոլանտայի, Գերմանիոյ դռները բաց են: Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը վերոնշեալ ժողովին յայտարարեց, որ Գերմանիա արդէն 70,000գաղթական ընդունած է իր հողերուն վրայ:

Այսօր լիբանանեան պետութիւնը անզօր է դիմագրաւելու երրորդ ձմեռը: Տնտեսական եւ քաղաքական տագնապները մէկ անգամ եւս անորոշութեան կը մատնեն պետական յանձնառու նախարարութիւնները:

Գալով սուրիահայ գաղթականներու պարագային, մենք բարեսիրական բոլոր միութիւնները եւ երեսփոխանական գրասենեակը առաջին օրէն միացեալ յանձնախումբ մը յառաջացուցինք եւ կրթական, առողջապահական, ընկերային եւ աշխատանքի դասաւորումները կատարուեցան: Արձանագրուեցան եւ ընտանեկան տախտակ ունեցաւ իւրաքանչիւր ընտանիք: Ցուցմունք տրուեցաւ, որ ՄԱԿ-ի գրասենեակէն թիւ ստանան, որպէսզի ըստ այնմ բժշկական թէ այլ նպաստներէն օգտուին: Դժուարութիւններ կան անկասկած: Քաղցկեղի, սրտի բաց գործողութեան եւ այլ բարդ գործողութիւններու հիւանդանոցային ծախսերու տարբերութիւնները դժուարութեան կը մատնեն պարագաները: Հոս ալ հաւաքական ճիգով մը զեղչով , նպաստով եւ դրամահաւաքով օգտակար կ՛ըլլանք: Մեր դպրոցներուն մէջ, ըստ նախնական թիւերու, աւելի քան 800 հայ աշակերտ կը գտնուի: Բոլորն ալ յատուկ կարգավիճակի մէջ:

Նկատի ունենալով գաղութի դժուարութիւնները ընդհանրապէս եւ տնտեսական տագնապը մասնաւորապէս լիբանանահայութիւնը բնականօրէն իր օժանդկութիւնը կը բերէ սուրիահայ հայրենակիցներուն:

Այս իմաստով շնորհակալ աշխատանք կը տածեն յարանուանական թէ կուսակցական բոլոր բարեսիրական միութիւնները:

Լիբանանահայութիւնը ինքնին արդէն դժուար պայմաններու մէջ կը գտնուէր: Կրթական, ընկերային, առողջապահական թէ այլ բնագաւառներուն մէջ տնտեսական, մարդուժի եւ կազմակերպական լուրջ տագնապ ունինք, սակայն վստա՛հ ենք, որ հաւաքական ճիգով մը կարելի կ՛ըլլայ այս դժուարութիւնն ալ դիմագրաւել:

 

Նախորդը

Համազգայինի «Արեգ» Թատերախումբին Ամանորեայ Ներկայացման Փորձերը

Յաջորդը

Հարցազրոյց Պոլսոյ «Ակօս» Թերթի Խմբագիր Սարգիս Սերոբեանի Հետ

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.