Շաբաթասկիզբին Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնը իր կեդրոնատեղիին մէջ գումարուած ժողովին ընթացքին հրապարակեց շարք մը որոշումներ:
Ֆետերասիոնը յայտարարեց, որ 15 նոյեմբերին կը սկսի Լիբանանի պասքեթպոլի բաժակի մրցաշարքը:
Հաղորդուեցաւ, որ «Ժազիրա» մարզական ընկերութիւնը յատուկ հրաւէր մը ղրկած է Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի նախագահին, որպէսզի ան ներկայ գտնուի 26 նոյեմբերէն 3 դեկտեմբեր 2014-ին տեղի ունենալիք Ապու Տապիի միջազգային 2-րդ մրցաշարքին:
Ֆետերասիոնը բոլոր ակումբներուն ուշադրութեան յանձնեց այն կարեւոր կէտը, որ օտար բոլոր մարզիկներուն իպոլայի քննութիւնները կատարելէ եւ անոնց արդիւնքները ստանալէ ետք միայն պէտք է ֆետերասիոնին ներկայանալ` անոնց քարտերը ստանալու համար:
Վաւերացուեցան տղոց Դ. դասակարգի ախոյեանութեան (Լեռնալիբանանի նահանգ) մրցումներուն արդիւնքները, ինչպէս նաեւ յայտարարուեցաւ Աթլաս ակումբին (Պեքաա) յաջորդ հանգրուանի տոմսը ապահովելը:
Հրապարակուեցան ֆետերասիոնին տարբեր տեսակի յանձնախումբերը, որոնց կարգին են` մրցաշարքերու, ազգային խումբերու, բժշկական, տարիքային ախոյեանութիւններու, թեքնիք, բողոքի եւ որոշումներ տուող եւ այլ տեսակի յանձնախումբերը:


