Պայէրն Միւնիխի մարզիչ Եոսիփ Կուարտիոլա Գերմանիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին կողմէ կրնայ կախակայուիլ` նկատի ունենալով, որ նախորդ շաբաթավերջին Պորուսիա Մէօնշընկլատպախի դէմ տեղի ունեցած մրցումին («Պունտըսլիկա») ան միջադէպ մը ունեցած էր չորրորդ իրաւարարին` Պիպիանա Շթայնհաուսի հետ:
Մրցումին կորսուած վայրկեաններուն, Կուարտիոլա մօտենալով Շթայնհաուսի, խնդրած էր, որ կորսուած ժամանակը դարձեալ աւելցնէ, որովհետեւ մրցակից կազմին մարզիկի մը ստացած վնասուածքը պատճառ դարձած էր, որ մրցումը կարճ ատեն մը ընդհատուի:
Երբ անոր խնդրանքը մերժուած էր, ան հեգնական ոճով մը շնորհակալութիւն յայտնած էր իրաւարարին եւ սեղմած անոր ձեռքը:
Կարճ ատեն մը ետք ան փորձած էր ձեռքը դնել անոր ուսին, սակայն Շթայնհաուս շատ արագ հեռացած էր Կուարտիոլայէն:
«Պունտըսլիկա»-ն կրնայ պատժել Կուարտիոլան, որովհետեւ օրէնքը կ՛ըսէ, որ իրաւարարներուն դպչիլը բացարձակապէս արգիլուած է, կ՛եզրափակէ «Էլ Մունտօ Տեփորթիւօ»-ն:


