Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անդրադարձ. Անգարայի Սխալ Նպատակներով Կատարած Եւ Անբաւարար Երկրորդ Քայլը

October 30, 2014
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

1029_vahoԷրտողանի կողմէ 23 ապրիլ 2014-ին հայ ժողովուրդին ուղղուած ցաւակցական ուղերձէն ետք, թրքական ներկայ իշխանութիւնները ճիշդ ուղղութեամբ, սակայն անբաւարար քայլ մը եւս առին: Հայու մը Թուրքիոյ վարչապետի աւագ խորհրդական նշանակումը թրքական հանրապետութեան պատմութեան մէջ աննախադէպ է եւ կրնայ դրական զարգացում մը եւ անկեղծ քայլ մը ըլլալ, եթէ իր շարունակութիւնը ունենայ, այլ խօսքով` Թուրքիոյ հայ քաղաքացիներ սկսին, առանց իշխանութեանց կողմէ արհեստական ճիգի կամ շնորհատուութեան, բնականօրէն ստանձնել պետութեան ու բանակին մէջ բարձր պաշտօններ: Դժբախտաբար, թրքական իշխանութիւններուն այս քայլը իր նախորդին նման ոչ միայն անբաւարար է, այլ նաեւ բոլորովին այլ ու սխալ նպատակներով կատարուած:

Թէեւ հայ մը պաշտօնի կոչելու Տաւութօղլուի քայլը զայն կանխող Էրտողանի քայլին նման երկրին ժողովրդավարականացման իսկական հոլովոյթի մը առաջին քայլը ըլլալու կարողականութիւնը ունի, սակայն վերոնշեալ զուգահեռ քայլերը իրականութեան մէջ ուղղակի կերպով առնչուած են Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին: Թրքական կողմը կեղծ բարի կամեցողութեան այս խաղաքարտը խաղաց` նկատի ունենալով, որ այդպիսին եղող առաջին քարտը նախագահ Սերժ Սարգսեանի Թուրքիոյ նախագահին ուղղած 24 ապրիլ 2015-ին Երեւան այցելելու հրաւէրին ազդեցութեան տակ նկատառելի չափով վնասազերծուած էր:

Թուրքիոյ վարչապետի նոր նշանակուած խորհրդական Էթիեն Մահչուփեան «Ժազիրա»-ի հետ իր հարցազրոյցին ընթացքին նշած է, որ հայկական հարցին լուծման մէջ իր ներդրումը պիտի ունենայ: Ան խորքին մէջ արդէն իսկ այդ ներդրումը ունեցաւ, երբ Տաւութօղլուի հրաւէրին ընդառաջեց եւ այդպիսով ինքզինք վերածեց հայկական հարցով թրքական պետական քարոզչութեան մէջ «բարի կամեցողութեան» ցուցանիշ-խաղաքարտի մը, որուն պարտականութիւնը իրականութեան մէջ խորհրդատուութիւնը չէ, այլ` Թուրքիոյ վրայ 2015-ի ճնշումը մեղմացնելը: Կը մնայ տեսնել, թէ թրքական իշխանութիւններուն կողմէ հայ հրապարակախօսին վստահուած առաքելութիւնը նաեւ գործնական աշխատանքներ կը ներառէ՞, թէ՞ միայն քարոզչական-կրաւորական աշխարհով սահմանափակուած է:

 

Նախորդը

Հայր Անտոն Ծ. Վրդ. Ադամեան Այցելեց «Ազդակ»

Յաջորդը

Եւրոպական Միութիւնը Ուժի Մէջ Ձգած Է Ռուսիոյ Դէմ Պատժամիջոցները

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.