Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական Գանձասարի. Ահաբեկչութեան Դէմ Պայքարի Պատրուակով…

October 30, 2014
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ահաբեկչութեան դէմ պայքարի միջազգային ընտանիքին եւ յատկապէս Թուրքիոյ երկակի չափանիշները ակնյայտ կը դարձնեն, որ օսմանեան ծրագիրներով շարժող Թուրքիան անցնող երեք տարուան ընթացքին չյաջողելով տապալել Սուրիոյ իշխանութիւնները` երկիրը քայքայելու դաւադրական նոր ծրագիրներ կը մշակէ` վատագոյն պարագային նուազագոյն վնասներով դուրս գալու տարածաշրջանային իր արկածախնդրական քաղաքականութենէն:

Խորքին մէջ Թուրքիոյ ռազմաքաղաքական հեռանկարը ՏԱՀԵՇ-ին դէմ դնելու պատրուակով Սուրիա ներխուժելն ու երկրի հիւսիսային բաժինը իր հսկողութեան տակ առնելն է: Ծրագիր մը, որ կը նպատակադրէ ոչ միայն քայքայել Սուրիոյ տարածքային ամբողջականութիւնը, գրաւել Սուրիոյ հիւսիսային տարածքի մէկ բաժինը, այլեւ` Թուրքիոյ սահմաններէն հեռացնել քրտական գործօնին ազդեցութիւնը:

Ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող Արաբ Բունարի շուրջ զարգացող բախումները, վայրագ ահաբեկիչներու օգտագործումով շրջանի բնակչութիւնը կոտորելու ոճրային ծրագիրները փաստօրէն քրտական գործօնի տկարացման միտող վկայութիւններ են: Ներխուժելու փորձ կատարելով Սուրիա, Թուրքիան նպատակ ունի նաեւ փորձ մը եւս կատարել` տապալելու երկրի վարչակարգը. ձգտում մը, որ երեք տարուան ընթացքին, հակառակ նախածրագրեալ իր բոլոր միջամտութիւններուն, չյաջողեցաւ իրականացնել` շնորհիւ Սուրիոյ ժողովուրդի մեծամասնութեան հաւասարակշռուած պահուածքին ու սուրիական բանակի ամրակուռ կառոյցին:

Միջազգային թէ թրքական ընդդիմադիր աղբիւրներ կը շեշտեն, որ Սուրիոյ ճգնաժամի առաջին իսկ օրերէն Թուրքիան, ուղղակի թէ անուղղակի բոլոր միջոցներով, կը զինէր ահաբեկչական խմբաւորումներն ու անոնց Սուրիա մուտքին նպաստող զանազան հնարաւորութիւններ կը ստեղծէր: Անոնք կը հաստատեն նաեւ յիշեալ խմբաւորումներու շարքերուն մէջ նկատառելի թիւով թրքական ծագում ունեցող կռուողներու մասին, եւ տակաւին, կ՛աւելցնեն, թէ Սուրիայէն եւ Իրաքէն ահաբեկչական խմբաւորումներուն ապօրինի կերպով դուրս բերած եւ վաճառած քարիւղը այլ ելք չունի, միայն Թուրքիոյ ճամբով կ՛անցնի` անոր փոխադարձ շահեր ապահովելու խոստումով:

Թրքական ընդդիմադիր կարգ մը շրջանակներ խստիւ կը դատապարտեն Թուրքիոյ արկածախնդրական այս քաղաքականութիւնը` դիտել տալով, որ ան կրնայ առաջնորդել երկրի մասնատման եւ ներքին խլրտումներու յառաջացման: Անցնող օրերուն Թուրքիոյ յատկապէս հարաւարեւելեան շրջանին մէջ օր ըստ օրէ ծաւալող բողոքի ցոյցերը հաստատեցին այս հիմնաւորումը:

Այս բոլորին դիմաց Սուրիան կը շարունակէ վարել հաւասարակշռուած քաղաքականութիւն` միշտ շեշտելով երկու հիմնական հաստատումներ. առաջին` ահաբեկչութեան դէմ պայքարին արդիւնաւէտ մասնակցութիւն չեն կրնար ունենալ եւ իրաւունք չունին ունենալու այն երկիրները, որոնք կը սնուցանեն զայն եւ ուղղակի թէ անուղղակի կերպով կը գործակցին անոր հետ: Երկրորդ` սուրիական տարածքներէն ներս ահաբեկչութեան դէմ պայքարի ծիրին մէջ առնուած միջազգային, յատկապէս ամերիկեան քայլերը անհրաժեշտ են, որ համադրուին սուրիական պետութեան հետ:

Այս շեշտադրումներով, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ մէջ ապրող տարբեր փոքրամասնութիւններու եւ համայնքներու սուրիական հայրենիքի տարածքային ամբողջականութիւնը, անոր ընկերային բազմերանգ ու ներդաշնակ հիւսուածքը չվտանգելու դիրքորոշումով եւ

յատկապէս սուրիական բանակին գետնի վրայ արձանագրած յառաջխաղացքով պարզ կը դառնայ, որ սուրիական կողմը, իր թիկունքին ունենալով տարածաշրջանին մէջ նկատառելի ազդեցութիւն ունեցող դաշնակիցներ, կը շարունակէ լրջօրէն հետեւիլ ստեղծուած

կացութեան եւ բաժանարար բազմապիսի ծրագիրներուն դիմաց պահպանել երկիրը:

Զ. Պ.

Նախորդը

Սուրիական Օրագրութիւն – 64

Յաջորդը

Գաղութէ – Գաղութ

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.