ՖԻՖԱ-ին կողմէ հրապարակուած պաշտօնական հաղորդագրութեան մը մէջ նշուեցաւ, որ երբ 2018-ի Մոնտիալի մրցումներուն վիճակաձգութիւնը տեղի ունենայ, Ռուսիա եւ Ուքրանիա նոյն խմբակին մաս պիտի չկազմեն:
ՖԻՖԱ-ն նման որոշում մը տուաւ` նկատի ունենալով, որ երկու երկիրներուն քաղաքական յարաբերութիւնները լարուած են:
Նոյն խմբակին մաս չեն կրնար կազմել նաեւ Ռուսիա եւ Վրաստան, Հայաստան եւ Ազրպէյճան:
Ռուսիա իբրեւ հիւրընկալ երկիր ապահոված է աւարտական հանգրուանի մրցումներուն իր տոմսը, մինչ Ուքրանիա պիտի մասնակցի զտումի մրցաշարքին:
ArmSport.am, որ հրապարակեց այս լուրը, մէջբերելով «Ար-Սփորթ» գործակալութեան յղած տեղեկութիւնը նշեց, որ Ա. հանգրուանէն ետք ոչինչ կարելի է կատարել այս գծով:


