Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Արտակ Եդիգարեանի խումբը` Զալկիրիս Վիլնիուս, Լիթուանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան աւարտէն 4 հանգրուան առաջ հանդիսացաւ ախոյեան, երբ 5-1 արդիւնքով յաղթեց Էքրանասի:
Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, Զալկիրիս ապահովելով 74 կէտ իր պատմութեան մէջ 8-րդ անգամ ըլլալով հանդիսացաւ ախոյեան:
Նշենք, որ այս տարուան յունուարին Եդիգարեան Բանանցէն տեղափոխուեցաւ Զալկիրիս, որ արդէն իսկ երկրին գործող ախոյեանն էր:


