Ռուսիոյ ֆութպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 16-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին մաս կազմող Արթուր Սարգիսովի կազմը` Վոլկա Նիժնիյ, որ իր դաշտին վրայ հիւրընկալեց Թոսնոն, 3-1 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց:
Իր կազմին կոլերէն մէկուն փոխանցումը կատարելէ բացի, Սարգիսով նշանակեց Վոլկայի 3-րդ կոլը` 71-րդ վայրկեանին:
16-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք, այժմ Վոլկա 24 կէտով կը գրաւէ 5-րդ դիրքը` 8 կէտով ետ մնալով պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Քրիլիա Սովեթով Սամարայէն:


