Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տարբեր Դիտանկիւնէ. Ինչպէ՞ս Կարելի Է Դրական Մտածել

October 27, 2014
| Մշակութային եւ Այլազան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

985walkՓՈԽԵԼՈՎ ՔԱԼԵԼՈՒ ՄԵՐ ՁԵՒԸ` ԿՐՆԱՆՔ ԲԱՐԵԼԱՒԵԼ ՄԵՐ ՄՏԱՅԻՆ ՎԻՃԱԿԸ, ԿԸ ՅԱՆՁՆԱՐԱՐԷ «ՏԻ ԻՆՏԻՓԵՆՏԸՆԹ»:

Հանրութեան տրուած խորհուրդներ, որոնք կը միտին շրջել մտային քայքայումի առաջնորդող վիճակներ, ընդհանրապէս կեդրոնացած են ինքնին մտածումներու բնոյթին վրայ: Անոնք կը քաջալերեն, որ մարդիկ խորհրդածեն իրենց կեցուածքներուն մասին եւ զանոնք փոխարինեն աւելի շինիչ կեցուածքներով: Այսուհանդերձ, նոր ուսումնասիրութիւն մը, որ լոյս տեսած է «Ճըռնըլ աֆ Պիհէյվիըր Թերըփի էնտ Էքսփերիմենթըլ Սայընս» թերթին մէջ, ցոյց կու տայ, թէ յաւելեալ այլ ձեւ մը կրնայ օգնել մեզի` մեր հակակշիռին տակ պահելու մեր ուղեղը: Գաղտնի՞քը. քալել ուրախ անձի մը պէս:

«Զարմանալի չէ, որ մեր տրամադրութիւնը եւ հոգեկան վիճակը իրենց ներգործութիւնը կ՛ունենան քալելու մեր ձեւին վրայ: Սակայն նաեւ կ՛ուզենք գիտնալ, թէ արդեօք մեր շարժումները իրենց ներգործութիւնը ունի՞ն մեր զգացումներուն վրայ», կը բացատրէ ուսումնասիրութեան հեղինակներէն` Քանատայի Քուինզ համալսարանի դասախօս Նիքոլաուս Թրոյէ:

Այս հարցումին պատասխանելու համար Թրոյէ իր պաշտօնակիցներուն հետ ձեռնարկած է ի յայտ բերելու, թէ արդեօք մարդոց ուրախ կամ տխուր քալելու մղելը որեւէ ներգործութիւն պիտի ունենա՞յ զգացական բուռն ապրումներ պարունակող բառերու յիշողութեան վրայ: Զգացական վիճակներ մտաբերելու մեր ձեւը կախեալ է մեր տրամադրութենէն: Անոնք, որոնք կը տառապին հոգեկան ընկճուածութենէ, շատ աւելի հակուած են յիշելու ժխտական վիճակներ, քան` դրական, մանաւանդ երբ տուեալ վիճակը կը վերաբերի իրենց:

Ուսումնասիրողները մարզանքի յատուկ քալելու գործիքով եւ աչքերու շարժումը նկարահանող 17 գործիքներով քննած են 47 կամաւորներու քալելու կշռոյթը: Մասնակցողներուն կէսը ստացած է ընկճուած քալելու թելադրանք, իսկ միւս կէսը` ուրախ-զուարթ քալելու: Քալելու արագութիւնը նոյնը պահուած է երկու խումբերուն համար:

Ուսումնասիրողները նախընտրած են մասնակցողներուն ոչինչ յայտնել իրենց նպատակին մասին, հետեւաբար խուսափած են բառացի նկարագրելէ իրենց ակնկալած քալելու ձեւը: Փոխարէնը` անոնք օգտագործած են չափելու տեսողական միջոց մը, որ կը հակազդէր քալելու կշռոյթին: Կամաւորներուն պարտականութիւնն էր քալել, մինչեւ որ մարզանքի գործիքին սլաքը հասնէր վերջին աստիճանին, որ ցոյց պիտի տար, թէ անոնք ուրախ կամ տխուր քալուածք մը ունէին:

Մինչ կամաւորները կը քալէին մարզանքի գործիքին վրայ, փորձարկողը բարձրաձայն կը կարդար դրական եւ ժխտական բառերու ցանկ մը եւ կը հարցնէր, թէ ո՞ր բառերը լաւագոյն կերպով կը նկարագրէին իրենց տրամադրութիւնը: Աւելի ուշ կամաւորներուն թելադրուած էր բարձրաձայն վերյիշել իրենց լսած բառերը:

Ինչպէս նախատեսած էին ուսումնասիրողները, անոնք, որոնք ընկճուած քալուածք մը որդեգրած էին, զգալիօրէն աւելի մեծ թիւով ժխտական բառեր վերյիշած էին, բաղդատած անոնց, որոնք ուրախ-զուարթ քալած էին:

Ասիկա ցոյց կու տայ, թէ մեր քալուածքը իր ներգործութիւնը կ՛ունենայ վիճակներ ընկալելու մեր մօտեցումին վրայ: Ուսումնասիրողներ կը հաւատան, թէ քալելու ձեւը շրջելը կրնայ մաս կազմել ընկճուածութիւնը դարմանելու միջոցներու: Ժխտական վիճակներ յիշելու նախընտրութիւնը պատճառ կը դառնայ, որ ընկճուածութենէ տառապող անձեր աւելի վատ զգան, ինչ որ կը ստեղծէ ոլորապտոյտ մը, ուրկէ դուրս գալը կը դժուարանայ:

«Եթէ յաջողինք կասեցնել ինքզինք յաւերժացնող այս ոլորապտոյտը, ապա կրնանք ունենալ հզօր դարման մը` ընկճուածութենէ տառապող հիւանդներու համար», կ՛ըսէ Թրոյէ:

 

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (27 Հոկտեմբեր 1964)

Յաջորդը

Տարբեր Դիտանկիւնէ. Ներկելով Կարելի Է Յաղթահարել Հոգեկան Լարուածութիւնը

RelatedPosts

Ընդհանուր Պատերազմներ
Մշակութային եւ Այլազան

Ընդհանուր Պատերազմներ

November 20, 2026
Արհեստական Բանականութեան Առաւելութիւններն Ու Թերութիւնները Կրթութեան Մէջ
Մշակութային եւ Այլազան

Արհեստական Բանականութեան Առաւելութիւններն Ու Թերութիւնները Կրթութեան Մէջ

November 13, 2026
Սուրիոյ Քիւրտերը Կը Պայքարին Դպրոցին Մէջ Իրենց Լեզուն Կենդանի Պահելու Համար
Մշակութային եւ Այլազան

Սուրիոյ Քիւրտերը Կը Պայքարին Դպրոցին Մէջ Իրենց Լեզուն Կենդանի Պահելու Համար

November 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.