Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Յարութ Սարգիսեանի Քառասունքին Առիթով. Վերջին Զրոյց

October 25, 2014
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

40-Harout-SarkissianՍիրելի՛ Յարութ,

Թոյլ տուր վերջին անգամ ըլլալու խօսելու հետդ` քաջ գիտնալով, որ երբեմն կրնամ խօսիլ բաներ, զորս քու կենդանութեանդ չես ուզած լսել, որովհետեւ փորձած ես դուն քեզ շուքի մէջ պահել եւ չարտօնել, որ  մէկը քու մասիդ խօսի կամ գրէ:

10 սեպտեմբեր 2014:

Թուական մը, որ ո՛չ ես, ո՛չ ալ քեզ սիրողներն ու յարգողները պիտի կարենան մոռնալ: Հիմա նստած կը վերյիշեմ այդ օրը եւ այդ վերջին ժամերը եւ սկսայ մտածել, որ այդ ի՛նչ բան էր պատահածը: Դուն կ՛աճապարէիր ամիսէ մը ի վեր, շարունակ կը հոլովէիր Հայաստան երթալու ծրագիրը: Կ՛ըսէիր. «Երբ որ  պիտի երթաս, միասին երթանք, անգամ մը եւս ապրելու հայրենիքիս քաղցրութիւնը եւ այս անգամ եղբօրս եւ քեզի հետ վայելելու Հայաստանը»: 10 տարի առաջ Հայաստանի մէջ լաւ օրեր ապրած էինք միասին:

Օրը եկած էր, բոլորս ուրախ էինք, որ շաբաթ մը միասնաբար պիտի անցընէինք: Մինչեւ օդակայան կապի մէջ էինք հեռաձայնով: Օդակայան հասնելէս ետք արդէն մուտքին էին եւ վայրկեան մը առաջ ներս մտնելու պատրաստ: Անցանք ներս, սկսանք մշակել ծրագիրը: Սակայն ափսոս, որ օդակայանի հիւրանոցէն չկրցանք օդանաւ հասնիլ, հոն արդէն ամէն ինչ փուլ եկաւ: Քեզի չվայելող աւարտ մը տուիր կեանքիդ, առանց իսկ բառ մը արտասանելու եւ մեզ ձգեցիր անճրկած ու անմխիթար:

Այդ սեւ օրէն անցան 40 օրեր, բայց դուն ամէն օր մեզի հետ էիր եւ մեր շուրջը, տակաւին չենք կրցած ընդունիլ այդ ահաւոր պատահարը: Հակառակ այս բոլորին, պէտք է ըսեմ որ քեզ սիրող շրջապատը իր յարգանքը մատուցեց ազգային, եկեղեցական, կուսակցական, պետական իմաստով, բոլորը եկած էին իրենց վերջին յարգանքը տալու քեզի, քու անցեալի բոլոր կատարածներուդ համար:

Գիտեմ, որ պիտի չուզէիր այս բոլորին մասին գրուի կամ խօսուի, տակաւին քանի մը տարի առաջ, երբ քեզի եւ ընտանիքիդ այդչափ սիրելի հայրդ` պարոն Լութֆիկը մահացած, ուզեցիր շատ համեստ թաղում ընել եւ սուգ պահել` ըսելով, որ այս աշխարհին վրայ ամէն մարդ գործ մը ունի կատարելիք: Պիտի ընէ ու անցնի: Հայրս ալ անոնցմէ մէկն է: Բայց ես չեմ կրնար մոռնալ այն գործերը, զորս դուն կատարեցիր հօրդ կենդանութեան եւ անկէ ետք ալ: «Սարդարապատ» կոմիտէն ու իր անմիջական ընկերները չեն մոռնար Լիբանանի քաղաքացիական կռիւի օրերուն, երբ մեր շրջապատը կրակներու մէջ էր, մենք բազում կարիքներ ունէինք, պէտք է հասնէինք մեր ժողովուրդին, զայն լաւ վիճակի մէջ պահելու` ապահովական եւ կենցաղային առումով: Հայրդ, դուն եւ երեք եղբայրներդ հայու գլուխը բարձր բռնած կու գայիք ակումբ, կ՛ընէիք ձեր իշխանական նուիրատուութիւնը, առանց ոչ մէկ բան ակնկալելու: Եւ շարունակեցիք այս ոճը մինչեւ այսօր:

Ս. Քառասնից Մանկանց վարժարանի տնօրէնութիւնն ու ուսուցչական կազմը, աշակերտները, համանուն եկեղեցւոյ թաղականութիւնը եւս չեն մոռնար ձեր կատարած նուիրատուութիւնները, որոնց համար առիթի չէիք սպասեր, այլ ազգին եւ հայ դպրոցին նկատմամբ ձեր ունեցած յարգանքին ու սիրոյն դրսեւորումով նեցուկ կը կանգնէիք բոլորին: Անոր համար ալ դարձած էիք մնայուն բարերար, կոչում մը, որ չէ տրուած ամէն մարդու:

Չեմ ուզեր տակաւին յիշել անունները այն բոլոր մարդոց կամ մարմիններուն, որոնք պիտի չմոռնան քեզ եւ առանց շշուկի իսկ նուիրելու քու ոճդ` միշտ կրկնելով, որ «մեր քիչը շատ համարեցէք, մենք ալ այսպէս կրնանք ծառայել մեր ժողովուրդին»:

Այս բոլորէն ետք չեմ կրնար մոռնալ ես, ոչ թէ նուիրատու մը, բարեկամ մը, այլ չեմ կրնար մոռնալ քեզ որպէս մարդ, ՀԱՅ ՄԱՐԴ, գլխագիր մարդ: Իսկ ինծի համար որպէս հարազատ մեծ եղբայր, ինչպէս կոչած էր մեզ պարոն Լութֆիկը, որ կ՛ըսէր, թէ ինք մինչեւ զիս ճանչնալը ունէր չորս որդի, իսկ անկէ ետք թիւը վերածուած էր հինգի:

Իսկապէս, սիրելի՛ Յարութ, այդ օրուընէ մեր կեանքը այդպէս ընթացաւ, եւ մենք դարձանք եղբայրներ ու միշտ եղանք իրարու կողքին մեր լաւ ուրախ եւ վատ օրերուն: Հիմա, որ ձգեցիր մեզ անակնկալ ձեւով, եւ այդ սիրտդ առիթ մը եւս չտուաւ քեզի այս կեանքը շարունակելու, վստահ եղիր բոլորին` տիկնոջդ, զաւակներուդ, թոռներուդ, եղբայրներուդ եւ քեզ սիրող բարեկամներուդ ձգեցիր այնպիսի յիշատակներ, որոնք անմոռանալի են եւ պիտի մնան յաւիտեան:

Հանգիստ մեկնիր այս անցաւոր աշխարհէն, սիրելի՛ Յարութ: Քեզ յանձնեցինք Լիբանանի հողին, զոր այդչափ կը սիրէիր եւ անոր համար ալ մնացիր հոս, չկրցար վերջին փափաքդ իրականացնել, երթալ նաեւ առաջին հայրենիքդ` Հայաստան, որուն վերանկախացումով եւ հոնկէ հասած լաւ լուրերով մեծապէս կ՛ուրախանայիր: Ես կը հաւատամ յաւիտենականութեան: Հիմա մարմինդ մնաց Լիբանանի ցուրտ հողին տակ, բայց հոգիդ կը սաւառնի Արագածի լեռներուն վրայ եւ օր մը, երբ հանդիպինք իրարու դարձեալ այս աշխարհէն հեռու, պիտի երթանք Հայաստան` միասին վայելելու մեր կէս մնացած այնքան սպասուած պտոյտը: Խունկ եւ մոմ շիրիմիդ:

Քեզ միշտ յիշող փոքր եղբայրդ`
ԳԱՌՆԻԿ

Նախորդը

Մեր Կարիքը Միշտ Է Զգացւում Եւ Զգացուելու Է. Հարցազրոյց ՀՅԴ Պատգամաւորական Խումբի Քարտուղար Աղուան Վարդանեանի Հետ

Յաջորդը

Կրակոտ Սիրտ Մը Հանգեցաւ

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.