Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Երկփեղկում

October 25, 2014
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ

HM_yerevanԻններորդ յարկի երեւանեան պատուհանէս կը դիտեմ Ամիրեան փողոցը, մինչեւ Հանրապետութեան հրապարակ ու զայն հատող Մաշտոցի պողոտան: Երեւան  քաղաքի հիմնադրութեան տարեդարձն է. ամէն կողմ դրօշակներ, գոյնզգոյն փուչիկներ, ոստիկանական մեքենաներու աղմկոտ եռուզեռ ու բարձրաձայն երգ ու երաժշտութիւն:

Կը դիտեմ ու կը զգամ, որ լիարժէք չէ ուրախութիւնս, խանգարող բան մը կայ: Կարծես մէկ աչքս կը խնդայ, իսկ միւսը տամկացած է եւ ո՛ւր որ է` հիմա պիտի արցունքոտի: Եւ կայծակնային արագութեամբ մը կը յիշեմ Թէքէեանը` «Ու մերթ խնդաց ու մերթ լացաւ իմ հոգին…»:

HM_halebԵրկփեղկուած եմ: Հալէպն է պատճառը: Երեւանի մէջ նստած` Հալէպով կ՛ապրիմ, ինչպէս Հալէպի մէջ ալ Երեւանով կ՛ապրէինք: Հալէպը չունի տարեդարձ: Ինչպէ՞ս ունենայ, երբ մարդ չի գիտեր, թէ ե՛րբ հիմնուած է. ինչպէ՞ս պիտի գիտնան, երբ անոր ծնունդը թաղուած է պատմութեան անտակ խորերը: Չէ՞ որ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ն յայտարարեց, որ ան աշխարհի ամենահին քաղաքն է, որ դեռ կ՛ապրի… Կ՛ապրի՞…

Առասպելը կ՛ըսէ, որ  Ս. Գրային հայր Աբրահամը ապրած է անոր միջնաբերդին մէջ եւ քանի որ ան սպիտակ կով մը ունէր, անունը` Շահպա, զոր կը կթէր ամէն օր, ու մարդիկ կ՛ըսէին «Հալապ ըշշահպա՛», այսինքն հայր Աբրահամը կթեց իր Շահպա կովը, ատոր համար ալ մինչեւ այսօր Հալէպի անունը  «Հալապ ըշշահպա» մնացեր է, «Սպիտակ Հալէպ». սպիտակ Հալէպ, սեւ ճակատագրով…

Հիմա, ակամայ մէկ տարեդարձ կը յիշուի, 2011,  մարտ 15, այսինքն` Սուրիոյ փլուզման սկիզբը… որուն յաջորդեց Հալէպինը: Տարեդարձ, ուր փլատակները եղան կարկանդակ, հրասանդերը` անոր մոմերը:

Դեռ կը դիտեմ պատուհանէս, բայց շաղուած են աչքերս ու բան չեմ տեսներ:  Իջնեմ փողոց, խառնուիմ ամբոխին ու մոռնամ Հալէպը:  Մոռնա՞մ Հալէպը… Այսինքն մոռնամ կեանք մը ամբողջ, գիծ քաշեմ մանկութեանս վրայէն, գիծ քաշեմ պատանեկութեանս, երիտասարդութեանս, հասուն տարիքիս վրայէն… Ինքզինքի՞ս դաւաճանեմ, թէ՞ Հալէպիս:

Կը խայտայ Երեւանը: Կը խայտայ երեւանցին իր մանուկով, իր պարման-պարմանուհիներով, իր մամիկ-պապիկներով, իր պայծառ երկինքով ու մեր նախնեաց արեւ աստուածով:

Տէ՛ր Աստուած, չար աչքերէն պահէ ու պահպանէ Երեւանս եւ թող գայ այն օրը, երբ ծննդեան վկայագիր չունեցող Հալէպը ունենայ վերածննդեան վկայագիր:

Նախորդը

Գասպար Իփէկեան Թեհրանի Առաջին Հայ Քաղաքապետը

Յաջորդը

Պուրճհամուտեան Ինքնութիւնը Եւ Սոֆիա Յակոբեան Քոլեճի Աւանդը

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.