Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԺԻՊԷՅԼ ՔԱՂԱՔ ԿԱՏԱՐԱԾ ԻՐ ԱՅՑԵԼՈՒԹԵԱՆ ԱՌԻԹՈՎ` ՌԱՅԻ ՊԱՏՐԻԱՐՔ Կ՛ՈՂՋՈՒՆԷ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՆ ՈՒ «ԹՌՉՆՈՑ ԲՈՅՆ»Ի ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

July 21, 2011
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երեքշաբթի, 19 յուլիս 2011-ին, կէսօրուան ժամը 2:00-ին, մարոնիներու Պշարա Ռայի պատրիարքը ժամանեց Ժիպէյլ քաղաքը, որ մինչեւ իր ընտրութիւնը իբրեւ պատրիարք Անտիոքի ու Համայն Արեւելքի, եղած էր իր առաջնորդական պաշտօնավարութեան շրջանը:

Ժողովրդային խանդավառ դիմաւորութեան ներկայ գտնուեցան շրջանի հոգեւոր առաջնորդները, շրջանը ներկայացնող երեսփոխաններն ու նախարարները, ժիպէյլցի ականաւոր լիբանանցիներ, տեղական քաղաքական կազմակերպութեանց ու միութենական շարժումներու ներկայացուցիչներ, բոլոր եկեղեցիներու հոգաբարձական մարմինները եւ մեծ թիւով հրաւիրեալներ:

Ժիպէյլի մարոնի համայնքին հրաւէրով ու կազմակերպութեամբ տեղի ունեցող սոյն այցելութիւնը առաջինն էր պատրիարքին համար իր գահակալութենէն ետք, որուն առիթով ընդունելութիւն տեղի ունեցաւ «Էտտեսենտ»ի ծովափնեայ շքեղ հսկայ ճաշասրահին մէջ: Աւելի քան 1000 հրաւիրեալներ ներկայ գտնուեցան ի պատիւ Ռայի պատրիարքին սարքուած պաշտօնական ճաշկերոյթին:

Յանուն Արամ Ա. կաթողիկոսին, սոյն ճաշկերոյթին մասնակցեցաւ «Թռչնոց բոյն»ի հոգեւոր տեսուչ` Գրիգոր Ծ. վրդ. Չիֆթճեան` ընկերակցութեամբ հաստատութեան տնօրէն Սամուէլ Պոյաճեանի: Հայր սուրբը պատրիարքին փոխանցեց վեհափառին եղբայրական ողջոյններն ու բարեմաղթութիւնները: Պատրիարքը, իր կարգին փոխադարձելով` իր եղբայրական սէրը յայտնեց վեհափառին ու իր հիացումը` հանդէպ տեղւոյն հայ համայնքին: Ռայի պատրիարք գնահատելով «Թռչնոց բոյն»ի աւելի քան 80 տարիներու մարդասիրական ու որբախնամ առաքելութիւնը, նաեւ իր պատրաստակամութիւնը յայտնեց, ի պահանջել հարկին, օժանդակելու հաստատութեան կարիքներուն:

Նախորդը

«ՓԻՒՆԻԿ» ՀԻՄՆԱԴՐԱՄԸ ՀԱԶՈՒԱԳԻՒՏ ՆՄՈՒՇՆԵՐ ԿԸ ՆՈՒԻՐԷ ՄԱՏԵՆԱԴԱՐԱՆԻՆ

Յաջորդը

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՌԱՖԱՅԷԼ ԵՒ ՆՈՒՐՀԱՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍՆԵՐԸ

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.