Ղազախստանի ֆութպոլի ախոյեանութեան 29-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, Աքթոպէ 3-1 արդիւնքով յաղթեց Շախտիոր Քարանքայի:
Ա. կիսախաղին տուպլի հեղինակ դարձաւ յառաջապահ Ալեքսէյ Անթոնով, որ իր երկու փոխանցումները ստացաւ Մարքոս Փիցելլիէն:
Իսկ Բ. կիսախաղին Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին ֆութպոլիստը դարձաւ կոլի հեղինակ:
Armsport.am կը յայտնէ նաեւ, որ այս մրցումին ամբողջ 90 վայրկեան դաշտ ներկայացաւ նաեւ Ռոպերթ Արզումանեան:


