Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թուրքիան Կը Տկարանայ

October 20, 2014
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԳԷՈՐԳ ՅԱԿՈԲՃԵԱՆ

37 քաղաքացիներ ու 4 բանակայիններ սպաննուած, աւելի քան 360 վիրաւորներ, 1000-է աւելի արգելափակեալներ, 58 ձերբակալեալեր, հրկիզուած հաստատութիւններ, վառ առնուած արձաններ, կրակ ու բոց, ցոյցեր ու պայթումներ: Այս թիւերն ու տեղեկութիւնները 2011-ի մարտին սկսած սուրիական տագնապին առնչուած տուեալներ չեն, այլ Թուրքիոյ տարածքին վերջին օրերուն տեղի ունեցող քաղաքացի-ոստիկանութիւն բախումներուն արդիւնքներն են` Թուրքիոյ աւելի քան 35 քաղաքներու մէջ, որովհետեւ թրքական կառավարութիւնը մերժեց օգնութեան փութալ ՏԱՀԵՇ-ին դէմ կենաց մահու պայքար մղող Սուրիոյ սահմանային Արաբունար քաղաքի քիւրտ զինեալներուն:

Այս գծով նոյնինքն Թուրքիոյ իշխող կուսակցութեան` Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան (ԱԲԿ)-ի հիմնադիրներէն Տէնկիր Միր Մեհմէթ կ՛ըսէ. «Այս ապստամբութիւնը մէկ անգամէն չծագեցաւ: Խնդիրները երկար ժամանակ իրարու վրայ գումարուեցան: Վերջին անգամ նախագահ Էրտողանին Այնթապի մէջ կատարած «Արաբունարը (Քոպանի-Այն Արապ) ինկաւ, իյնալու վրայ է, ՔԱԿ-ին եւ ՏԱՀԵՇ-ին միջեւ տարբերութիւն չկայ-ի նման յայտարարութիւնը, գաւաթը յորդեցնող վերջին կաթիլը եղաւ»: Ան կ՛աւելցնէ. «Պատահած ցոյցերը քննելու ժամանակ, կարելի է նկատել, թէ առաջին անգամ ըլլալով նմանատիպ հաւաքական շարժում կը պատահի: Այլապէս, ՔԱԿ-ն ու Ժողովուրդին Ժողովրդավար կուսակցութիւնը (ԺԺԿ) շատ անգամներ ժողովուրդը փողոց հանած են, բայց ոչ մէկ ժամանակ նմանատիպ ապաստամբութիւն եղած է: Հետեւաբար, պատահածը պարզապէս ԺԺԿ-ի վրայ բեռցնելու կամ քաղաքական միտքի մը կամ կազմակերպութեան մը ծրագիրին վերագրելը սխալ կը կարծեմ»: Այս կը նշանակէ, թէ թուրք քաղաքական միտքը սկսած է հասկնալ, որ Էրտողանի որդեգրած քաղաքականութիւնը աւերներ պիտի գործէ Թուրքիոյ մէջ:

Միւս կողմէ թուրք յայտնի լրագրող Հասան Քեմալ, վերջերս լոյս տեսած իր յօդուածներէն մէկուն մէջ կը գրէ. «Նոյնիսկ ես շփոթած եմ ա՛յս Արաբունարի հարցով: Կը կարծէի, թէ վերջաւորութեան Թուրքիան պիտի օգնէր քիւրտերուն, բայց սխալած էի, ան չօգնեց: ՏԱՀԵՇ-ի ձեռքով ՔԱԿ-ն ու Ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութիւնը (ԺՄԿ) մաքրագործելու ու լաւ դաս մը տալու Անգարայի որդեգրած քաղաքականութիւնը քանդեց ամէ՛ն ինչ: Քիւրտերը կը տեսնեն, թէ ինչպէ՛ս պետութիւնը  աչք կը խփէ  ՏԱՀԵՇ-ին»: Փաստօրէն, քրտաբնակ Արաբունարին ՏԱՀԵՇ-եան բռնագրաւումը կասեցնելու չնպաստող Էրտողանի կառավարութիւնը անգամ մը եւս կը բացայայտէ, որ ինք կը զօրակցի ՄԱԿ-ի կողմէ ահաբեկչական կազմակերպութիւն հռչակուած ՏԱՀԵՇ-ին, իսկ տարածաշրջանին մէջ ապրող քիւրտերը անգամ մը եւս կը հաստատեն, որ Էրտողանին առաջարկած հաշտութեան կոչերը սուտ էին եւ Թուրքիան նոյն վերաբերմունքը կրնայ ցուցաբերել, երբ Արաբունարէն բացի այլ քրտաբնակ շրջաններ եւս վտանգուին:

Արտաքին գետնի վրայ, Թուրքիան օրէ օր աւելի կը մեկուսանայ, որովհետեւ ո՛չ միայն մասնակից չի դառնար Ամերիկայի գլխաւորութեամբ միջազգային դաշնակից ուժերու ձեռնարկած զինուորական գործողութիւններուն, այլ նաեւ կը փորձէ դաշնակից ուժերուն հարուածները ՏԱՀԵՇ-էն դէպի սուրիական վարչակարգ փոխադրել, ինչ որ ե՛ւ արեւմուտքին ե՛ւ Ռուսիա-Իրանին յստա՛կ մերժումին կ՛արժանանայ: Այս ծիրին մէջ վերջերս իրականացած ամերիկեան-թրքական համաձայնութիւնը` Թուրքիոյ մէջ Սուրիոյ չափաւորական ընդդիմութիւնը մարզելու վերաբերեալ, դարձեալ լարեցին ռուս-թրքական, Իրան-Թուրքիա յարաբերութիւնները: Մեկուսացման օրինակներէն կարելի է նկատել նաեւ անցնող օրերուն ՄԱԿ-ի Ապահովական խորհուրդի անդամակցելու Թուրքիոյ ձախողութիւնը:

Արագօրէն արձանագրուող այս զարգացումները, ըստ վերլուծաբաններու, Թուրքիոյ մէջ քաղաքացիական կամ ներհամայնքային պատերազմի մը հաւանականութիւնը կը բարձրացնեն: Նման զարգացումի մը դերակատարները քիւրտերու կողքին, նաեւ Թուրքիոյ ալեւիներն ու թուրք ազգայնականները կրնան ըլլալ: Ուրիշներ, նման զարգացումներու շարունակականութեան պարագային թրքական բանակի միջամտութեան ու զինուորական յեղաշրջումի հաւանականութեան մասին կը խօսին, որ իր կարգին աշխարհիկ ու իսլամական-Էրտողանամէտ թուրքերու բախումներու դուռ կրնայ բանալ:

Բոլոր այս իրադարձութիւնները, բնականաբար Թուրքիոյ դիրքերը կը տկարացնեն: Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակը նշելու պատրաստուող հայութիւնը պիտի կարենա՞յ Թուրքիոյ դիմագրաւուած դժուարութիւններն ու տկար դիրքերը ի նպաստ Հայ դատին ու պահանջատիրութեան օգտագործել: Աւելի դիւրին է տկարացած ու մեկուսացած Թուրքիոյ դէմ պայքարիլը: Այս պատճառով, դէպի նոր սահմանագծումներ գացող տարածաշրջանին մէջ,  հայութիւնը կոչուած է անսասանօրէն ու կուռ հաստատկամութեամբ իր արդար ու պատմական պահանջատիրութեան կառչած մնալու: Էականը սակայն, պահանջատիրութեան բովանդակութեան գծով, համազգային մէ՛կ կեցուածքի դրսեւորումն ու որդեգրումն է` ե՛ւ պետական ե՛ւ համաժողովրդական մակարդակներու վրայ:

Նախորդը

Հայաստանին Նոր Սահմանադրութիւն Է Պէտք, Բայց…

Յաջորդը

Արեւմուտքը Պէտք Է Յատուկ Արտօնութիւններ Շնորհէ Հայաստանին` Ռուսիոյ Հետ Անոր Կապերը Դատապարտելու Փոխարէն

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.