Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Բանակին Մէջ

October 20, 2014
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՊՕՂՈՍ ՇԱՀՄԵԼԻՔԵԱՆ

BSH_Beit-Eddine-2Նախքան Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը, երկրորդական վարժարաններու վերջին երկու տարիներուն, տղաքը կը հետեւէին լիբանանեան բանակի դասընթացքներուն, իսկ աւարտական տարին երեք շաբաթով կը ծառայէին` Պէյթ Էտտինի մէջ: Երեք հայկական երկրորդական վարժարանի աշակերտներ` Ճեմարանի, Մխիթարեանի եւ Հայ Աւետարանական քոլեճի, երկու տարուան շաբաթական վարժութիւնները միասին կը կատարէինք, եւ մեր մարզիչն էր հայ բանակային մը պարոն Օգնայեան, ՀՄՄ-ական նախկին մարզիկ մը: Ամէն շաբաթ օրերը բոլորս կը հաւաքուէինք Ճեմարան, եւ հոնկէ զինուորական կառքով մեզ կը տանէին «Շամունի մարզաւան»-ը, ուր կը կատարէինք մեր վարժութիւնները: Երկու տարուան մեր հաւաքներու ընթացքին արդէն բոլորս մտերիմներ դարձած էինք:

Մեր աւարտական տարին մեզ երեք բաժինով տարին Պէյթ Էտտին, ուր մնացինք երեքական շաբաթ: Պարոն Օգնայեանի միջնորդութեամբ, մեր վրանին մէջի 6 տղաքս ալ հայեր էինք եւ զարմանալի զուգադիպութեամբ մը, տարբեր պատկանելիութեան եւ կուսակցութեան համակիր տղաք: Մեր 6 հոգինոց վրանին մէջ կը գտնուէին դաշնակցական, հնչակեան, ռամկավար, առաքելական, կաթողիկէ եւ աւետարանական համայնքին պատկանելիութեամբ տղաք, եւ անկարելի էր բացատրել իրարու հանդէպ մեր ունեցած սէրը, յարգանքն ու համերաշխութիւնը: Հետագային մեր ընկերութիւնը երկար տարիներ շարունակուեցաւ` մինչեւ այն օրը, երբ մէկ քանին մեկնեցան ուրիշ երկիրներ բարձրագոյն ուսումը շարունակելու, ապա` վերջնականապէս իրար կորսնցուցինք Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին պատճառով:

Պէյթ Էտտին հասնելնուս առաջին օրը, երբ որոշուեցաւ իւրաքանչիւրին «բնակավայրը», մեզի բաժնեցին զինուորական համազգեստները: Տարիներ անցած են, սակայն անկարելի է, որ մոռնամ ինծի բաժին ինկածը: Վստահաբար ամենամեծ չափն էր, որով ես «բախտաւորուեցայ»: Երբ տաբատս հագուեցայ, այնքան երկար էր, որ հասաւ  մինչեւ ճակատս: Տղաքը խնդալով` «Ո՞ւր կորսուեցար»: Աւելի փոքր չափով հատ մը ունենալու առաջարկներս ապարդիւն անցան. ստիպուած էի «կորսուելու» այդ խոշոր տաբատին եւ բաճկոնին մէջ: Պարան մը գտայ ու գործածեցի իբրեւ գօտի տաբատին համար, իսկ բաճկոնին թեւերը չեմ գիտեր քանի՞ անգամ ծալլեցի,  մատներս կարենալ գործածելու համար: Բարեբախտաբար կօշիկիս չափը յարմար էր, ապա թէ ոչ, կրնաք երեւակայել, ինչպէ՞ս պիտի կարենայի քալել, աւելի ճիշդը վազել, եթէ կօշիկներս ալ նոյնպէս ոտքիս չափէն բաւական մեծ ըլլային:

Առաւօտեան ժամը չորսին մեզի կ՛արթնցնէին ու կը տանէին քալելու: Մօտաւորապէս չորս ժամ ետք կը վերադառնայինք նախաճաշելու: Մեր արթննալէն չորս ժամ անցած` այդ տպաւորութիւնը կ՛ունենայինք, թէ արդէն կէսօր եղած է, սակայն ժամացոյցին սլաքը միայն ութը ցոյց կու տար: Սպասէ որ կէսօր ըլլայ: Նախընտրելի է չգիտնալ կերակուրներուն որակը: Քանակը` տանելի էր, հակառակ անոր որ ես բնաւ հետաքրքրուած չեմ եղած քանակով, քանի որ մանկութենէս ախորժակի հետ միշտ պայքարած եմ ու «ճակատամարտ»-ը կորսնցուցած, սակայն որակը, որուն միշտ կարեւորութիւն տուած եմ… անհանդուրժելի էր: Գաղտնօրէն բաժնեկից կը դարձնէի աղբամանները:

BSH_Beit-Eddine-3Շաբաթ մը ետք մեզի հաղորդեցին ուրախ լուր մը: Արուեստագէտներուն հրաման  պիտի տրուէր  օրական չորս ժամ զերծ մնալու զինուորական մարզանքներէ եւ այդ ժամերը տրամադրելու վերջին օրուան կատարուելիք հանդէսի փորձերուն: Երգ, երաժշտութիւն եւ պար: Հայերը ընդհանրապէս արուեստագէտ եղած են: Մեր վրանի մէջի տղոցմէ մէկ քանին, որ իրենց կեանքին մէջ արուեստի մասին չէին մտածած, օրական չորս ժամ մարզանքներէն զերծ մնալու սիրոյն, անմիջապէս դարձան մէկական «արուեստագէտներ»: Երաժշտութենէ գաղափար ունեցողներ քանի մը ընկերներ միանալով` կազմեցինք նուագախումբ մը, եւ կատակով նուագախումբին անունը մկրտեցինք` «Լոս Բէրուշանոս»: Անշուշտ երաժշտական որեւէ գործիք չկար մեզի հետ: «Էրմէն ֆէննէն»: Հայերը միշտ արուեստագէտ եղած են: Յատուկ հրամանով մը զինուորական ինքնաշարժով իջանք քաղաք հարկաւոր երաժշտական գործիքները ապահովելու: Առիթէն օգտուելով` հանդիպեցանք մեր տուները, մէկ շաբթուան բացակայութենէն ետք տնեցիք արդէն սկսած էինք կարօտնալ. վերցուցինք մեր երաժշտական գործիքները, հասանք որոշուած վայրը եւ դարձեալ զինուորական ինքնաշարժով վերադարձանք բանակատեղի: Յաջորդ օրը սկսանք մեր փորձերուն: Օրական երկու ժամը կը տրամադրէինք նուագախումբի փորձերուն, իսկ մնացած երկու ժամը` հայկական պարերու, անհամբեր սպասելով վերջին օրուան տեղի ունենալիք հանդէսին:

Երրորդ շաբթուան սկիզբն էր: Մեզի տարին զինավարժութեան: Իւրաքանչիւրս հինգական կապար պէտք էր կրակէինք հինգական կապար նշանակէտին, որ կը գտնուէր ձորին մէջ` բաւական հեռու: Աշխարհը լեցուեցաւ կրակոցներու ձայնով: Լիբանանեան քաղաքացիական պատերազմը տակաւին չէր սկսած, եւ մինչ այդ զէնքի կրակոցները կը լսէինք միայն իբրեւ ուրախութեան նշան: Այդ օր կարծես տօն էր եւ աշխարհը կը ցնծար: Այդ ժամանակ հաճելի էր, լսել կրակոցի ձայները : Տակաւին գաղափար չունէինք, թէ այդ զէնքերը որքան աւեր պիտի գործէին Լիբանանի մէջ:

Կրակոցները դադրեցան: Աշխարհը խաղաղեցաւ, սակայն աղմուկին արձագանգը տակաւին մեր ականջներուն մէջ էր: Հրաման տրուեցաւ յանձնելու զէնքերը եւ սպասելու արդիւնքին: Հակառակ անոր որ կեանքիս մէջ բնաւ որսի կամ այլ տեսակի զէնք չէի գործածած` արդիւնքս գէշ չէր: Քննութեան յաջողած էի: Մէկ քանին «բացառիկ» գնահատանքի արժանացան, իսկ մեր հայ տղոցմէ մէկուն արդիւնքը… իր նշանակէտին մէջ ոչ մէկ կապար,  փոխարէնը` քովի նշանակէտին մէջ… տասը: Իր կապարները «շնորհած» էր իր կողքին գտնուողին  նշանակէտին: Հաւանաբար երկու աչքերը բաց կամ երկուքը գոց կրակած էր:

BSH_Beit-Eddine-1Վերջապէս հասաւ այնքան սպասուած հանդէսի օրը: Նուագախումբով մասնակցեցանք քանի մը եւրոպական երգերով եւ հատ մըն ալ հայերէն` «Ճէյրանի պէս սարերով» երգով, որ մեծ խանդավառութիւն ստեղծեց բանակի տղոց մօտ: Խանդավառութիւնը հասաւ գագաթնակէտին, երբ մեր «պարախումբը» ներկայացուց  քանի մը հայկական պարեր: «Էրմէն»-ները գրաւած էին առաջնութիւնը:

Յաջորդ օրը վերադարձանք տուն: Մեր պարտականութիւնը` իբրեւ լիբանանցի քաղաքացիներ, լիուլի կատարած էինք: Լիբանանեան բանակին ծառայած էինք երգով ու պարով…

Լիբանանեան բանակին ծառայելը պարտականութենէ աւելի հաճոյք էր. կարծես ընկերներով բանակումի ելած ըլլայինք:

Ներկայիս լիբանանեան բանակին ծառայողները մեզի նման երգով ու պարով չեն անցըներ իրենց ժամանակը: Կը ծառայեն պաշտպանելու սիրելի Լիբանանը, կը ղրկուին ճակատ եւ հազուագիւտ չեն դէպքերը, երբ կը նահատակուին հայրենիքի պաշտպանութեան ճամբուն վրայ: Կը ծառայեն դժուար պայմաններու մէջ. ամէն վայրկեան մահուան վտանգը կը սպառնայ անոնց: Կը սպաննուին, կ՛առեւանգուին, մինչեւ իսկ … կը գլխատուին:

Կը նահատակուին մեր սիրելի ծննդավայր Լիբանանի գոյատեւման սիրոյն:

Ծննդավայր մը, որ մեզի համար դարձած է երկրորդ հայրենիք:

Երկրորդ հայրենիք մը, որ կը կոչուի ԼԻԲԱՆԱՆ:

Յարգա՛նք, Լիբանանի պաշտպան բանակայիններուն:

 

Լոս Անճելըս, 2014

Նախորդը

ԻԼԻՊ-ը Բռնագրաւել Է Մուսուլից Գաղթած Հայերի Անձնագրերը. Նրանք Չեն Կարողանում Տեղաշարժուել

Յաջորդը

Հայաստանին Նոր Սահմանադրութիւն Է Պէտք, Բայց…

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.