Վերջին քանի մը օրերուն միջազգային մամուլը հրապարակեց բազմաթիւ կարծիքներ, թէ ի՞նչ պիտի ըլլայ «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ին սահմանելիք պատիժը Եուրօ-2016-ի ֆութպոլի մրցաշարքին գծով` նկատի ունենալով, որ Սերպիա – Ալպանիա մրցումը դադրած էր ի տես թռչող սարքի մը միջոցով մարզադաշտին վերեւ պտտող ալպանական դրօշակին, որմէ ետք սկսած էր մարզիկներուն միջեւ ծեծկռտուքը, որուն յաջորդած էր համակիրներուն դաշտ խուժումը:
Այդ որոշումը պիտի տրուի 23 հոկտեմբերին:
Թէեւ ներկայիս տարբեր տեսակի կարծիքներ կը տրուին, սակայն պէտք է սպասել միայն «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ին տալիք որոշումին:


