
ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը, յղում կատարելով Ղազախստանի նախագահի մամլոյ ծառայութեան, կը հաղորդէ, որ Ղազախստանի նախագահ Նուրսուլթան Նազարպայեւ ստորագրած է Եւրասիական տնտեսական միութեան մասին համաձայնագիրի վաւերացման վերաբերող օրէնքը:
«Պետութեան ղեկավարը ստորագրած է «Եւրասիական տնտեսական միութեան մասին համաձայնագիրի վաւերացման մասին» Ղազախստանի Հանրապետութեան օրէնքը», կ՛ըսուի մամլոյ հաղորդագրութեան մէջ:
Հաղորդագրութիւնը կը նշէ, որ օրէնքի բնագիրը պիտի հրապարակուի տեղական մամուլին մէջ:
Վերջերս Պիելոռուսիոյ մայրաքաղաք Մինսքի մէջ ստորագրուած էր Հայաստանի` Եւրասիական տնտեսական միութեան մասին համաձայնագիրին անդամակցութեան մասին համաձայնագիրը:


