ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Լիբանան 1976 ապրիլ ամիսը փակեց եւ մայիսը դիմաւորեց մտահոգիչ, ծանր սարսափի եւ ահ ու դողի օրերով: Ապրիլ ամսուան վերջին օրերը այնքան ծանր եղան, որ կռուողներն իսկ սարսափեցան:
Պէյրութի առեւտրական շուկաներուն մէջ տարուող կռիւները հինգշաբթի, ապրիլ 29-էն ուրբաթ ապրիլ 30 լուսցող գիշերուան ընթացքին սաստկացան:
Մուրապիթուն եւ յառաջդիմական միլիսներ եւ պաղեստինցի ֆետայիներ, որոնք օր մը առաջ բազմաթիւ յարձակումներ փորձած ու ձախողած էին, ծրագրած էին նաւահանգիստը գրաւել, սկսելով Ֆաթթալ շէնքէն: Գիշերուան ընթացքին, բազմաթիւ յարձակումներու փորձառութիւնը ունենալով, անոնք կռիւները տարածեցին եւ Օթոմաթիք-Ռեժանթ պանդոկ ու Ամփիր-Ազարիէ ճակատներն ալ բռնկեցուցին` հասնելու համար իրենց նպատակին:
Ծանր բախումները սաստկացան կէս գիշերին. հրետանին գործի անցաւ, թնդանօթները սկսան աշխատիլ, հրթիռարձակումը սաստկացաւ եւ պայթումները ցնցեցին շուկաներէն երեք-վեց քիլոմեթր հեռու շրջաններու բնակիչները եւ ծովեզերեայ թաղամասերը:
Ապրիլ 30-ի առտուան դէմ հրթիռները դադրեցան, բայց կռիւները շարունակուեցան թաղէ թաղ, շուկայէ շուկայ, նոյնիսկ` շէնքէ շէնք:
Ֆաթթալ շէնքը ռմբակոծուեցաւ եւ մուրապիթուններ բազմաթիւ նոր դիրքեր գրաւեցին, բայց հեռացան Ալենպիէն եւ տախտակներու շուկայէն:
Փաղանգաւորները կը մնային Ֆաթթալ շէնքին մէջ, Ալենպի պողոտային արեւելեան կողմը գտնուող հին ու նոր շէնքերու առջեւ, որոնցմէ մէկուն մէջ հրդեհ մը ծագած էր:
***
Յարաբերական հանդարտութենէն օգտուելով, չորեքշաբթի, 5 մայիսին «Ազդակ»-ի թղթակիցներ այցելեցին կռիւներու թատերաբեմ դարձած պանդոկներու շրջանը եւ առեւտրական շուկաները: 6 մայիս 1976-ի թիւով եւ «Անհաւատալի տեսարան Ալենպի փողոցին վրայ» խորագիրով լրատուութեամբ «Ազդակ» կը գրէր.
«Չորեքշաբթի, 5 մայիս 1976, կէսօրին կը գտնուէինք Համրա, Կեդրոնական Դրամատան մօտ, ուր հաւաքուած են մօտ 20 թղթակիցներ եւ նոյնքան նկարիչներ, լիբանանցի եւ օտար:
Սպասման վայրկեանները երկար կը թուին բոլորիս: Մուրապիթունները մեզ բոլորս պիտի առաջնորդեն դէպի առեւտրական շուկաները, ուր կռիւները դադրած են 24 ժամէ ի վեր:
Ժամը 12:30-ին, առաջնորդողները հասած են եւ թղթակիցներու կարաւանը ճամբայ կ՛ելլէ դէպի պանդոկներու շրջանը:
Տասը վայրկեան ետք կը հասնինք Նորմանտի եւ կ՛ուղղուինք դէպի Թրիփոլի պողոտան: Ամայութիւն: Աւերակներ ամէն կողմ: Արագ ընթացքով կ՛անցնինք եւ Խան Անթուն Պէյի մուտքին կանգ կ՛առնենք:
Մեզ առաջնորդողները կը յայտնեն, թէ կարելի չէ ինքնաշարժներով շարունակել, որովհետեւ ճամբաները փակ են:
Առաջին հերթին, աչքի կը զարնէ Հաժ Տաուտի հին սրճարանը, որ նարտի վարպետներուն նախկին ժամադրավայրը եղած է: Հին շէնքը կէսով փլած է: Դէպի տախտակներու շուկան երբ կ՛իջնենք, կարելի չէ նկարագրութիւնը մատիտով տալ, որքան ալ հայերէն լեզուն հարուստ ըլլայ: Մէկ խօսքով ամէն կողմ աւերակ ու քարուքանդ:
«Իսկական Սթալինկրատ մըն է», կ՛ըսէ իտալացի նկարիչ մը:
Պետական օթոպիւսներ, որոնք պատնէշ ծառայած են փաղանգաւոր միլիսներուն, նետուած են ամէն կողմ:
Տախտակներու շուկայէն վեր կ՛ելլենք դէպի Աժամի ճաշարանը, ուր նոյն տեսարանները կը պարզուին մեր աչքերուն առջեւ:
Կտաւներու շուկան կը մտնենք եւ հոս է որ մեզ առաջնորդողները կը յայտնեն թէ փաղանգաւորները Ալենպի պողոտային վրայ կը գտնուին եւ իրենք չեն կրնար աւելի առաջ երթալ: Թղթակիցները կը տատամսին, բայց մեզ առաջնորդողները կը մնան անշարժ եւ կը կրկնեն, թէ կարելի է միայն Պաղեստինեան Ազատագրութեան բանակայիններուն դիմել, որպէսզի աւելի առաջ երթանք:

Նկարիչներէն մէկը, հանրածանօթ Ժորժ Սեմերճեան կ՛ուղղուի դէպի Ալենպի տանող ճամբայէն, կը հասնի Ֆարաժալլա հաստատութեան առջեւ եւ ձեռքի շարժումներով կը խօսի դիմացը գտնուող փաղանգաւորներուն հետ:
Երկու վայրկեան ետք, Սեմերճեանը հայերէնով կը պոռայ թէ մենք ալ կրնանք յառաջանալ: Անշուշտ վախը մեր սրտին մէջ կը յառաջանանք: Երկու հայեր ենք: Կը հասնինք Սարատար դրամատան առջեւ, անցնելով դիակներու մէջէն:
Նոյն վայրկեանին կը հասնին պաղեստինեան բանակայիններ, որոնք կու գային Ֆաթթալ շէնքէն: 15 բանակայիններու հետ առաջին խօսողը կ՛ըլլայ Սեմերճեանը եւ Ալենպի պողոտան կը մտնէ:
Հինգ վայրկեան ետք, չենք գիտեր, թէ ի՞նչ պիտի ընենք: Սեմերճեան, օրուան հերոսը, փաղանգաւորներուն ուղղելով իր խօսքը, կ՛ըսէ. «Ուալաու, շեպապ, բոլորս լիբանանցիներ ենք: Պէտք է հաշտուինք»:
Խօսքերը ապարդիւն չեն անցնիր: Փաղանգաւորները կը յառաջանան եւ Սեմերճեան ձեռքով նշան կ՛ընէ Ֆախրի պէյ ճամբուն վրայ գտնուող նկարիչներուն, թղթակիցներուն… եւ զինեալներուն, որպէսզի յառաջանան: Երեք վայրկեան ետք, նասըրական միլիսները, «Մերժումի ճակատ»-ի զինեալները եւ ղովմիները կը հասնին Ալենպի պողոտան: Շիրինեաններուն վաճառատան առջեւ: Անհաւատալի տեսարան. երկու կողմերու զինեալներ կ՛ողջագուրուին: Մօտ 50 անձեր են, բոլորն ալ զինուած:
Տեսարանը յուզիչ է եւ ուրախալի: Փաղանգաւոր միլիս մը կուրծքէն կախած մեծ խաչը կը նուիրէ իր «նախկին թշնամիին»: Այս վերջինը անմիջապէս գլխարկը կը հանէ եւ կը նուիրէ փաղանգաւորին:
Հաշտութիւնը ափ ի բերան կը ձգէ բոլորս, նոյնիսկ պաղեստինցի սպաները: Քիչ ետք, երկու կողմերէն կը հասնին, ջուր, զովացուցիչ եւ հաշտութեան կենացը կը պարպուի:
Սեմերճեան կը հաւաքէ երկու կողմերու զինեալները եւ պաղեստինցի զինուորները ու յիշատակի պատկեր մը առնելէ ետք, փաղանգաւոր մը կարճ ճառ մը կը խօսի:
«Մենք բոլորս եղբայրներ ենք եւ նոյն սերունդի զաւակներ: Մեզ իրարու դէմ հանողները օտարականներ են, ամերիկացիներ, արաբներ, եւրոպացիներ եւ դաւաճաններ: Մեր երկիրը քանդողները պէտք է կախաղան հանուին: Պաղեստինցիները մեր եղբայրներն են…» եւ այլն, եւ այլն:
Ծափահարութիւն մը կը ցնցէ թաղին ամայութիւնը…
Մուրապիթուններէն մէկը կը պատասխանէ եւ գրեթէ նոյն բառերով փափաք կը յայտնէ, որ կռիւները դադրին, ո՛չ միայն Ալենպի փողոցին վրայ, այլ ամէն կողմ:
Կէս ժամ ետք, զինեալները կը բաժնուին իրարմէ եւ թղթակիցներէն շատեր կ՛ուղղուին դէպի Ֆաթթալ շէնք:
Ճորճ Սեմերճեանի հետ կը վերադառնանք նոյն ճամբէն»:
***


Պաալպէքի շրջանը իր կարգին ծանր օրեր կ՛անցընէր: Միատարր քրիստոնեայ մարոնի բնակչութեամբ Տէյր Ահմար աւանը, որուն հիւսիս-արեւմտեան կողմը կը նայի Պշարրէ-Արզ քրիստոնէաբնակ շրջանին, ապրիլի կիսուն շրջապատուած էր ձախակողմեան, յառաջդիմական եւ ղովմի ուժերու կողմէ: Պաշարումը օրըստօրէ դարձած էր մտահոգիչ:
Տէյրահմարցիք, որոնք լաւ զինուած էին, երկու շաբաթ շարունակ յաջողեցան դէմ դնել ամէն ձեւի յարձակումներուն եւ մէկ կողմով քակեցին պաշարումը: Տէյրահմարցիներուն օգնութեան փութացին զղարթացի կռուողներ:
Այնաթա-Մշաթիէ-Եամմունէ-Գատտամ-Նապհա-Հարպաթա-Մախնէ ճակատներուն վրայ զետեղուած ծանր թնդանօթները յաճախ ծանր կացութեան մատնեցին Տէյր Ահմարի կռուողները:
Հինգշաբթի, ապրիլ 19-ի կէսօրին տէյրահմարցիք կայծակնային հակայարձակողական մը շղթայազերծելով մտան Մշաթիէի վանքը, որ Տէյր Ահմարէն վեց քիլոմեթր հեռու կը գտնուի: Հրասայլերով տարուած այս յարձակումը վերջ գտաւ ութ ժամ ետք եւ տէյրահմարցիք ձեռք ձգեցին Մշաթիէի ռազմագիտական դիրքը:
Ապրիլ 30-ին ձախակողմեան ուժեր փորձեցին վերստին ձեռք ձգել ինչ որ կորսնցուցած էին, բայց չյաջողեցան եւ ետ քաշուեցան:
Ժապալ Մնէյթրայէն եկած ուժեր միացան տէյրահմարցիներուն եւ անոնց կողքին կռուող զղարթացիներուն, որոնք հազար զինեալներով կը կռուէին մօտ երեք հազար հակառակորդներու դէմ:
***
Շաբաթ, 8 մայիս 1976-ին Լիբանան ընտրեց հանրապետութեան իր վեցերորդ նախագահը: Արդարեւ, 98-ի վրայ 69 երեսփոխաններ, արհամարհելով ռումբերու տարափը եւ գնդակներու անձրեւը, առժամեայ խորհրդարան ծառայող Մանսուրի վիլլային մէջ, երկու երրորդի մեծամասնութեամբ նախագահ ընտրեցին Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Իլիաս Սարգիսը: Սակայն յառաջդիմական կուսակցութիւնները իրենց ենթակայ երեսփոխաններուն միջոցով պոյքոթի ենթարկեցին նիստը:
***
Չորեքշաբթի, 12 մայիս 1976-ի առաւօտուն նաւահանգիստի շրջանին մէջ յառաջդիմական ուժեր իրենց դիրքերը յանձնեցին Ահմէտ Ժիպրիլի եւ Ահմէտ Խաթիպի զինեալներուն: Անոնք, Սէյֆին, Ռիվոլին, նաւահանգիստը եւ Ժըմմէյզէն ռմբակոծելէ ետք, յարձակման անցան եւ բաւական յառաջացան դէպի արեւելեան շրջաններ:
Սակայն մէկ ժամ ետք փաղանգաւորները հակայարձակումի անցան եւ յաջողեցան վերստին ձեռք ձգել իրենց նախկին դիրքերը եւ մտան Ֆաթթալ շէնքը, ուրկէ կրակ բացին դէպի Մաարատ եւ Թրիփոլի պողոտայ:
Նոյն ժամերուն Ռեժանթ պանդոկին վրայ գործուեցաւ յարձակում մը, որ մեծ թիւով զոհեր խլեց:
***

Փաղանգաւոր զինուորական հրամանատարութիւնը որոշած էր լեռնային պաշտպանողական գիծը հասցնել Թարշիշի բարձունքներուն: Մայիս 10-ին, չորս հազար փաղանգաւոր միլիսներ, հրասայլերու եւ հրետանիի օժանդակութեամբ քալեցին Թարշիշի վրայ:
Մեծամասնութեամբ քրիստոնեայ բնակչութեամբ Զահլէ քաղաքը կռիւներու թատերաբեմ էր: Քաղաքի մէջ կեդրոնացած էին փաղանգաւոր միլիսներ, որոնք սակայն գրեթէ շրջապատուած էին ձախակողմեան եւ յառաջդիմական ուժերուն կողմէ: Թարշիշի գրաւումով, փաղանգաւորներ կ՛առաջադրէին Զահլէի շուրջ օղակը քակել:
Մայիս 12-ի առտուան ժամը 2:00-ին յառաջդիմականներ անակնկալ յարձակում մը շղթայազերծելով, ահ ու դողի մատնեցին Զահլէն եւ անոր մօտակայ քրիստոնեայ գիւղերը:
Զահլէ սաստկօրէն ռմբակոծուեցաւ եւ բախումները սաստկացան: Փաղանգաւորները հակայարձակումի անցնելով մտան Քաա Ռիմ գիւղը, մինչ ձախակողմեաններ գրաւեցին Հազրթան:
Միաժամանակ, բարձունքներուն վրայ ձախակողմեան եւ յառաջդիմական ուժեր յարձակում մը շղթայազերծեցին Այուն Սիմանի վրայ, բայց մեծ կորուստներ տալէ ետք քաշուեցան:
Պաալպէքէն եւ Զահլէի մօտակայ շրջաններէ յառաջդիմականներ մեծ ուժեր սկսան կեդրոնացնել դէպի Ֆարայա գացող ճամբաներուն վրայ: Իր կարգին փաղանգաւոր զինուորական հրամանատարութիւնը ստիպուեցաւ մեծ թիւով միլիսներ տեղաւորել Նապաա Ասալ եւ Հայար կամուրջին վրայ:

Հինգշաբթի, մայիս 13-ին պաղեստինեան եւ յառաջդիմական ուժեր յարձակում մը շղթայազերծեցին դէպի Այուն Սիման եւ Շալէյաթի մօտ հասնելով ռմբակոծեցին Ֆարայայի բարձր լեռները, մինչ գիւղի բնակիչները սկսան հեռանալ Ֆարայայէն դէպի Քեսրուանի շրջակայ գիւղերը:
Կացութիւնը ծանրացած ըլլալով, գնդապետ Անթուան Պարաքաթ նոր ուժեր ղրկեց Մէյրուպա եւ Ֆարայա:
Մայիս 14-ին փաղանգաւոր միլիսներ եւ Պարաքաթի 700 հոգի հաշուող զինուորները կասեցուցին պաղեստինեան եւ յառաջդիմական ուժերուն յառաջխաղացքը դէպի Ֆարայայի ձմեռնային զբօսաշրջիկային կեդրոնը` շալէներու շրջանը:
Շրջանը մասամբ ձիւնի տակ կը գտնուէր, սակայն յառաջդիմական ուժերը կրցան օգտուիլ ձիւնհալէն եւ յառաջացան դէպի Ֆարայա, օգտագործելով լեռնային ճամբաները:
Կռիւները կեդրոնացան գլխաւորաբար Այուն Սիմանի շուրջ: Փաղանգաւորներ շարժեցան դէպի Պաալպէք տանող ճամբաները, անշարժութեան մատնելու համար հոն գտնուող յառաջդիմականները:


