«Ֆորմիւլա-1»-ի ախոյեանութեան նախկին մեկնաբան Ժան-Լուի Մոնսէ «Europe-1»-ի հետ իր ունեցած զրոյցին ընթացքին պատմած է Միքայէլ Շումախըրի առողջական վիճակին մասին:
«Ես նորութիւններ ունիմ Միքայէլ Շումախըրի մասին, որովհետեւ վերջերս տեսայ անոր զաւակը: Ան հետզհետէ ուշքի կու գայ: Ան մահաքունէն շատ դանդաղ դուրս կու գայ: Յոյսով ենք, որ ան վերադառնայ նախկինին նման», ըսաւ Մոնսէ:


