Կազմակերպութեամբ Լիբանանի թենիսի ֆետերասիոնին, այս ամսուան ընթացքին տեղի պիտի ունենան արեւմտեան ասիական թենիսի երկու տարբեր տեսակի միջազգային մրցաշարքեր` «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ի թենիսի դաշտերուն վրայ:
Առաջինը, որ տեղի պիտի ունենայ 15-18 հոկտեմբերին, յատկացուած է 13 տարեկան եւ վար դասակարգերուն` տղաք եւ աղջիկներ (անհատական եւ զոյգի):
Իսկ երկրորդը տեղի պիտի ունենայ 20-24 հոկտեմբերին` մասնակցութեամբ Յորդանանէն, Իրանէն, Իրաքէն, Քուէյթէն, Օմանէն, Սուրիայէն եւ Եմէնէն ժամանած մարզիկներու, անշուշտ հիւրընկալ երկրին` Լիբանանի մարզիկներուն կողքին:
Ֆետերասիոնը նշեց, որ այս մրցաշարքին մրցանակակիրները, պիտի ստանան համապատասխան կէտեր:
Հետեւաբար, ասկէ մեկնելով, ֆետերասիոնը կոչ ուղղեց թենիսի մարզասէրներուն` ուղղուելու դաշտ եւ քաջալերելու լիբանանցի մարզիկները:


