«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը երէկ հաղորդեց որ անգլիական Ուաթֆորտ ֆութպոլի ակումբը վեց շաբթուան մէջ 4-րդ անգամ ըլլալով փոխեց իր մարզիչը, երբ սերպ Սլաւիսա Եոքանովիչ փոխարինեց Պիլի Մաքքինլէյը, որ իր պաշտօնին վրայ մնաց ութ օր միայն:
Մաքքինլէյ փոխարինած էր իր հրաժարականը ներկայացուցած Ճիուզեփփէ Սաննինոն (հինգ մրցում կատարելէ ետք), մինչ անոր նախորդը` Օսքար Կարսիա, նախորդ սեպտեմբերին առողջական պատճառով դադրած էր խումբին մարզիչը ըլլալէ:
Նշենք, որ 46 տարեկան նոր նշանակուած մարզիչը` Եոքանովիչ, 2000-2002 տարեշրջանին եղած է Չելսիի մարզիչ:


