Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ագուլիսի Քարէ Երազները

October 9, 2014
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՌՈՊԵՐԹ ԱՌԱՔԵԼԵԱՆ

IMG_5791[1]Նախիջեւանի Ագուլիս պատմական գիւղը ազերիները կը կոչեն Այլիս:

Ազերի գրող Աքրամ Նայիպով իր ծննդավայրին անունը դարձնելով գրչանուն` կը կոչուի Այլիսլի:

Անուանի գրողին վերջերես հրատարակուած «Քարէ երազները» հեղինակը կոչած է` վէպ- ռեքուիեմ (մահերգ), ուր ցաւով կը նկարագրէ իր ցեղակիցներուն վայրագութիւնները հայերու նկատմամբ` 1919-ի Նախիջեւանի ցեղասպանութենէն մինչեւ Սումկայիթ ու Պաքու, անուանելով այդ ամբոխը «Որսի դուրս եկած նախամարդիկ»:

Հեղինակը ագուլեցի հայերու տուներն ու ինչքերը բռնագրաւած հրոսակները կը համարէ անիծեալներ. «Հայու տուն զաւթած այլիսեան ամէն ընտանիքի մէջ հոգեկան հիւանդ մը կայ: Աղջիկները ոչխարի տեսք ունին, ոչ ոքի կը բարեւեն եւ ոչ ոքի հետ կը խօսին: Հիւանդութիւն չէ այդ, այլ` պատիժ: Բոլոր անոնք, որոնք իրենց սեփական կեանքը բարելաւած են հայերու նկատմամբ բռնութեան միջոցով, մինչ այժմ հանգիստ չունին եւ պատրաստ են իրարու կոկորդ կրծել: Ահա, այսպէս, որդիները կը կրեն ծնողներու գործած մեղքերուն պատիժը: Մեզի հանգիստ չեն տար այն մարդոց հոգիները, որոնց տառապանք պատճառած ենք…»:

Երեւանի Մուրացան փողոցին վրայ ճերմակ մանրաքարերով երեսպատուած, հնաոճ, կամարաձեւ պատուհաններով ու պատշգամներով, կառոյցին ներդաշնակ պարիսպներով տուն մը կայ, որ իր ոճով միակն է մայրաքաղաքին մէջ: Այդ խորհրդաւոր տան տիրուհին հանրայայտ գեղանկարչուհի Լուսիկ Ագուլեցին է, Աքրամ Այլիսլիի «Քարէ երազներ»-ու, հերոսուհին:

Լուսիկը 1946-ին ծնած է Նախիջեւանի Ագուլիս գիւղը: Փանոս Թերլեմեզեանի անուան ուսումնարանը աւարտած եւ հանճարեղ գեղանկարիչ Մինաս Աւետիսեանին աշակերտած Լուսիկ Ագուլեցին արժանացած է միջազգային եւ հանրապետական շարք մը մրցանակներու, ցուցահանդէսներ ունեցած է` Մոսկուա, Փարիզ, Միացեալ Նահանգներ, Գերմանիա, Իրաք, Ճափոն, Յունաստան, Պելճիքա եւ այլուր: Հարիւրաւոր կտաւներու մշտական ցուցահանդէսը, սակայն, իր տան մէջ է: Ամբողջ տունը ինքնին կենդանի թանգարան մըն է, որուն բակի ցուցանմուշներուն իւրայատուկ երանգ կը հաղորդեն պտղառատ փշատենին, կոճասալորն ու համեղ սերկեւիլը, ազնուացեղ գամփռը, իսկ տարբեր անկիւններէ մեզ դիտող քանդակները կարծէք պատմական Ագուլիսի հարազատ վերարտադրութիւնն են:

Տան բոլոր յարկերուն վրայ բազմաթիւ սենեակներ կան` ննջարաններ, միջանցքներ, մանուկներու ծափ ու ծիծաղ: Բոլոր պատերուն Լուսիկին կտաւներն են, իսկ յատակին` ձեռային աշխատանքները, որպէս հին հայկական ծիսական կերպարներ: Ցուցափեղկերու եւ դարակներու մէջ անսահման քանակութեամբ արծաթէ գօտիներ են, տարազներ, ճակատակալներ, զարդեր…

Հիւրասենեակին մէջ նստած է գեղադէմ Լուսիկ Ագուլեցին` իր աւանդական տարազով:

Երբ փորձեցի ներկայանալ, Լուսիկը ընդմիջեց զիս. «Սխա՛լ ըրիր, որ հեռացար Հայաստանէն: Եթէ ես ալ հեռանամ Հայաստանէն, ինչպէս բոլորս հեռացանք Ագուլիսէն, տունս աւերակ կը դառնայ: Սկիզբէն կը ներխուժեն ցեցերը, ապա մուկերը, այնուհետեւ երկոտանի հրոսակները… Չկրցանք պահպանել Նախիջեւանը, պէտք է ամէն կերպ պահպանենք մեզի մնացած հռչակաւորը»:

Յիրաւի, ամէն օր թանգարան կ՛այցելեն ազգագրագէտներ, բանահաւաքներ, գիտնականներ, տարազագէտներ, արուեստաբաններ… Գեղանկարչուհին մեծ սիրով կ՛ընդառաջէ բոլորին` փոխանցելով այդ մեծ հաստատութեան խորհուրդները: Այդ խորհուրդներուն հիմնական առանցքը կը կազմեն Ագուլիսի մասին տանտիրուհիին իրական պատմութիւնները:

1954-ին 8-ամեայ աղջնակը ծնողքին հետ Ագուլիսէն կը փոխադրուի Երեւան, սակայն ամառնային արձակուրդները մինչեւ 1966 թ., կ՛անցընէ Ագուլիսի մէջ, մեծ մօր` Հայկանուշին մօտ: Լուսիկին շատ հարազատ էին Ագուլիսի արեւն ու համեղ պտուղները, բնութիւնն ու հրաշակերտ եկեղեցիները. «Այն ժամանակ մեր տասներկու եկեղեցիներէն միայն ութ հատը կային, իսկ ներկայիս միայն մէկ հատին ետնապատին հետքը մնացած է…»:

714826Ազերի գրողը իր «Քարէ երազներ»-ուն մէջ, հմայուած հայ ժողովուրդի աստուածային հանճարի լոյսով կը փորձէ արթնցնել տգիտութեան մէջ մրափող իր ցեղակիցները. «Այլիսի մահմետական բնակչութիւնը, բնականաբար, չէր տեսած, թէ ինչպէ՛ս կառուցուած են այդ եկեղեցիները: Պայման չէ հայ ըլլալ, կամ պատմութեան այբուբենը իմանալ` տեսնելու համար այն ներդաշնակ միասնութիւնը, զոր կը կազմեն այդ եկեղեցիները իրենց ետին երկարող լեռներուն հետ: Իւրաքանչիւր եկեղեցի իր թիկունքի լերան գոյնը ունէր եւ կը կարծուէր, թէ լերան մէկ մասը ամբողջութեամբ հատուած եւ տեղադրուած է այնպէս, որ Աստուծոյ յարմար ըլլայ դիտելն ու անով զմայլիլը: Կը թուի նաեւ, թէ եկեղեցիներէն իւրաքանչիւրը հարազատ զաւակն է այն լերան, որուն ստորոտը կառուցուած է»:

Աքրամ Այլիսլին կարօտով կը յիշէ հայերը` համարելով զանոնք Ագուլիսի ձեռակերտ ու անձեռակերտ հրաշալիքներուն իսկական տէրերը.

«Տէ՛ր Աստուած, ահա վանքի թաղի եկեղեցին: Պարմանուհի Լուսիկը` Հայկանուշի թոռնուհին, առաջին անգամ ամառնային արձակուրդներուն եկած էր Այլիս եւ առաջին իսկ օրէն, չհեռանալով եկեղեցւոյ բակէն, շարունակ կը նկարէր նոյն պատկերը: Թերեւս Լուսի՞կն ալ արեւածագին ու մայրամուտին գմբեթին ինկող լոյսին մէջ տեսած էր Աստուծոյ ժպիտը եւ կը փորձէր կտաւին յանձնել զայն»:

Գեղանկարչուհին մէկ առ մէկ կը յիշէ ազերի գրողի «Քարէ երազներ»-ուն կերպարները.

«Տասնչորս տարեկան էի, երբ օր մը մեծ մօրս` Հայկանուշին հետ գացած էի եկեղեցիին բակը` հերթական կտաւս ամբողջացնելու: Երկու բարեկիրթ երիտասարդներ մօտեցան: Մէկը Աքրամն էր, միւսը` մեր գիւղին բժիշկը, որ յատուկ յարգանք կը տածէր մեծ մօրս հանդէպ եւ իր հայամէտ հայեացքներուն համար շարունակ կ՛ենթարկուէր հալածանքներու»:

1986-ին, երբ Նախիջեւանի մէջ հայաթափութեան վերջին աշխատանքները կը կատարուէին, երբ հրոսակները Պաքուէն զանգուածաբար կը խուժէին Նախիջեւան` հայերու ինչքերը գրաւելու, անուանի գեղանկարչուհին` ծանօթ ծննդավայրի կիրճերուն, կածաններուն ու գիւղերուն, իր քանդակագործ ամուսինին հետ կ՛այցելէ Նախիջեւան: Գիւղ առ գիւղ պտտելով` ան կը գնէ ազերիներուն կողմէ ժամանակին կողոպտուած հայկական մասունքները` կարպետներ, գորգեր, տարազներ, արծաթէ զարդեր ու գօտիներ… եւ նոյն ազերիներուն վճարելով` ազգային այդ արժէքները կը հասցնէ Հայաստան: Չորս տարի անց, 1990-ին, Աքրամ Այլիսլիի վէպին հերոսը ամբոխին կողմէ մահացու ծեծի կ՛ենթարկուի եւ անկատար կը մնայ անոր Էջմիածին

երթալու ցանկութիւնը, որպէսզի անձամբ կաթողիկոսին օրհնութեամբ քրիստոնէութիւն ընդունի, մինչեւ կեանքին վերջը այնտեղ վանական մնայ ու աղօթելով Աստուծմէ խնդրէ ներել մահմետականներուն` հայերու հանդէպ գործած չարիքներուն համար:

Հեղինակը իր վէպը մակագրած է հետեւեալ կերպ` «Իրենցմէ ետք անամոք ցաւ թողած համերկրացիներուս յիշատակին»:

Արդեօք քանի՞ հազար տարի պէտք է, որպէսզի մեր դրացի Ազրպէյճանը հասկնայ, թէ Աքրամ Այլիսլին իր ազգին դաւաճանը չէ: Անոր փափաքն է իր ժողովուրդը ազատագրել մեծ մեղքէն, բացայայտել ճշմարտութիւնը, ցոյց տալ դէպի քաղաքակրթութիւն տանող լուսաւոր ուղին, սակայն… 2012-ին «Քարէ երազներ»-ու մոսկովեան հրատարակութենէն ետք, 75-ամեայ անուանի գրողը Ազրպէյճանի նախագահին յատուկ հրամանագիրով կը զրկուի իր բոլոր տիտղոսներէն ու կոչումներէն` հռչակուելով` «Ազգային թշնամի», իսկ ժամանակակից Մուսաւաթ կուսակցութեան առաջնորդը տասը հազար մանաթ կը խոստանայ Աքրամ Այլիսլիի ականջը կտրողին:

 

 

Նախորդը

«Վանայ Ձայն»-ի «Ձեռք Երկարենք»-ը Օգտաշատ Ձեռնարկ Մը

Յաջորդը

Իրաքի Հայկական Համայնքը Նեղ Կացութեան Մէջ Է. Հարցազրոյց Պարոյր Յակոբեանի Հետ

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.