Իտալիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի մարզիչ Անթոնիօ Քոնթէ, որ շաբաթասկիզբին հրապարակեց իր կազմը` Եուրօ-2016-ի զտումի մրցաշարքին գծով, թէեւ նկատի չառաւ յառաջապահ Մարիօ Պալոթելլին, սակայն նշեց, որ ան դուրս չէ դրուած Իտալիոյ կազմէն:
Քոնթէ ըսաւ, որ Պալոթելլի, որ իր խաղարկութեան պատճառով քննադատուեցաւ 2014-ի Մոնտիալին եւ նախորդ երկու մրցումներուն նկատի չառնուեցաւ, յաւելեալ ժամանակի կը կարօտի ինքզինք լաւապէս գտնելու համար, մանաւանդ Ա. Սէ. Միլանէն Լիվըրփուլ իր փոխանցումէն ետք:
«Մարզիկներու ընտրութիւն կատարեցի եւ ոչ մէկը դուրս դրի իմ կազմէս: Ան տարբեր երկրի մը ախոյեանութեան սկսաւ մասնակցիլ, եւ կը կարծեմ, որ կարճ ատեն ետք լաւ վիճակի մէջ կ՛ըլլայ: Պիտի հետեւիմ անոր խաղարկութեան, ինչպէս նոյնը կը կատարեմ բոլորին պարագային», ըսաւ Քոնթէ:
Նշենք, որ ուրբաթ, 10 հոկտեմբերին, Ը. խմբակին մաս կազմող Իտալիա պիտի հիւրընկալէ Ազրպէյճանը, իսկ երկուշաբթի, 13 հոկտեմբերին հիւրը պիտի ըլլայ Մալթայի:


