Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ Երիտասարդական Միութիւնը Կը Հակազդէ Աթէնքի Մէջ Ազերիական Ձեռնարկին

October 8, 2014
| Հայ Դատ
0
Share on FacebookShare on Twitter

tjougha_3-10-14Երկրորդ անգամն ըլլալով, Ջուղայի հայկական գերեզմանատան դէմ ազերիներու բարբարոսութիւնը ցոյց տուող բացատրողական պրակը բաժնուեցաւ Աթէնքի փառատօնի ծիրէն ներս, շաբաթ, 27 հոկտեմբերին, Իրոտիօ բացօթեայ թատրոնի մուտքին, նաւատէր Վարտինոյեանի հաստատութեան համագործակցութեամբ կազմակերպուած ազերիական ձեռնարկին առիթով:

Ըստ հրապարակուած մամլոյ յայտարարութիւններուն, այս ձեռնարկին նպատակն էր հասոյթ ապահովել յունական դպրոցներուն համար:

Վերջերս, Ազրպէյճանի քարոզչութիւնը յոյն հասարակութեան մէջ յաջողցնելու համար, շարք մը մշակութային բնոյթի ձեռնարկներու իրագործումը կը կատարուի Յունաստանի մէջ Ազրպէյճանի դեսպանութեան, կամ անոր կից գործող միութիւններու կազմակերպումով:

Յոյն հասարակութեան մէջ ազերիական յարձակողապաշտ քաղաքականութիւնը եւ բարբարոսական արարքները բացայայտելու նպատակով ՀՅԴ Երիտասարդական միութեան անդամներ ներկայ գտնուեցան Իրոտիօ թատրոնի մուտքին` ձեռնարկին ներկայ եղող յոյն հասարակութեան բաժնելով յատկապէս պատրաստուած գեղատիպ պրակը, որ կը ներկայացնէր Ջուղայի հայկական գերեզմանատան բնաջնջման բարբարոսութիւնը եւ լոյս կը սփռէր ազերիական գռեհիկ արարքներուն վրայ:

ՀՅԴ Երիտասարդական միութեան անդամները ձեռնարկէն առաջ դիրք գրաւեցին Իրոտիօ թատրոնի մուտքին` շուրջ 1000 պրակ բաժնելով ներկաներուն:

Ոստիկանական ուժերը պահանջեցին, որ երիտասարդները հեռանան Իրոտիոյին առջեւէն` արտօնելով սակայն, որ պրակը բաժնուի Արէոփաղիթու փողոցին վրայ, թատրոնի վայրէն աւելի վար:

Ոստիկանական  յատուկ ջոկատները ստիպեցին երիտասարդներուն, որ հեռանան մուտքէն: Երիտասարդները բացատրեցին, թէ խաղաղ նախաձեռնութիւն մը կ՛իրագործեն ժողովուրդին տեղեակ պահելու համար, թէ որո՛ւ ձեռնարկը եկած են դիտելու:

Հակառակ ասոր, երիտասարդութիւնը յաջողութեամբ բաժնեց պրակները` բացայայտօրէն ու աշխուժութեամբ ներկայացնելով Ազրպէյճանի իսկական երեսը, երբ ան ինքզինք կը ներկայացնէ որպէս մշակութասէր պետութիւն, բայց նոյն պահուն կատաղութեամբ կ՛ոչնչացնէ աշխարհի մշակութային ժառանգութեան մաս կազմող հայկական թանկագին կոթողներ:

Նախորդը

Հայամէտ Թուրք Մտաւորականները Մահուան Սպառնալիք Կը Ստանան

Յաջորդը

Խմբագրական Հայրենիքի. Ալիեւեան Մեծամոլութիւն

RelatedPosts

Հայ Դատ

Համալսարանի Մէջ Ուսանողներուն Ապսպրուած Գիտական Աշխատանքի Քննութիւն. «Պատրաստեցէք Հայոց Ցեղասպանութեան Պնդումները Ջրող Աշխատասիրութիւն»

December 31, 2014
1231fatih
Հայ Դատ

Մէկ Ժապաւէնը Չի Կարող Ներողութիւն Խնդրել. Ֆաթիհ Աքըն

December 31, 2014
Հայ Դատ

«Զաման». «Թուրքիոյ Միակ Հայկական Գիւղը` Վաքըֆլը»

December 31, 2014
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.