
Վազգէն Սարգսեանի անուան հանրապետական մարզադաշտը նորոգուած տեսքով պիտի ընդունի Հայաստան – Սերպիա Եուրօ-2016-ի ֆութպոլի ախոյեանութեան զտումի մրցումը, ամփոփ յօդուածով մը այդ գծով կ՛անդրադառնայ ArmSport.am հայկական լրատուական կայքը` միեւնոյն ժամանակ հրապարակելով լուսանկարներու շարք մը:
Այս օրերուն տեղի կ՛ունենայ շինարարական աշխատանքներուն վերջին հանգրուանը:
Կը վերանորոգուին խումբերուն հանդերձարանները, իրաւարարներուն եւ պատուիրակութիւններուն սենեակները, մամլոյ ասուլիսներու, լրագրողներու սենեակները, հանրապետական մարզադաշտի` Վարդանանց եւ Չարենց փողոցներուն գլխաւոր մուտքերը եւ թրիպիւններուն մուտքերը:
Մէկ խօսքով, կը ստեղծուին միջազգայնօրէն ընդունուած բոլոր յարմարութիւնները` բոլորին համար:


